«Շուշիի Հռչակագիրը» Ցոյց Կու Տայ Թուրքիոյ Յարձակողական Նպատակները Ընդդէմ Հայաստանի (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի ելոյթը՝ Հոկտեմբեր 12-ին ԵԽԽՎ-ի մէջ Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութիւններուն վերաբերեալ թեմայի քննարկման ժամանակ.

Յարգելի՛ գործընկերներ,

Մենք ակնյայտօրէն ականատեսն ենք գոյութիւն ունեցող աշխարհակարգի փլուզման, որ հիմնուած է ընդհանուր սկզբունքներու եւ արժէքներու նկատմամբ յարգանքի վրայ, յատկապէս, երբ խօսքը կը վերաբերի ուժի սպառնալիք չկիրառելուն եւ վէճերու ու հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման պարտաւորութեան:

Փոխանակ աշխատինք միասին այս աղետաբեր գործընթացները կասեցնելու ուղիներ գտնելուն շուրջ, որոշ երկիրներ կը փորձեն շահարկել զայն, օգուտ քաղել անկէ՝ հրահրելով նոր հակամարտութիւններ՝ իրենց շահերէն բխող նպատակները իրագործելու համար, եւ այդ շահերուն մէջ կը մտնէ նաեւ քարիւղի գնաճը:

Թուրքիան, համագործակցելով Ազրպէյճանի հետ, որոշած է, որ հիմա ճիշդ ժամանակն է ստիպելու Հայաստանին դիմելու զիջումներու, որոնք թոյլ պիտի տան իրենց հասնելու իրենց վաղեմի նպատակին, որ Հայաստանէն ազատուիլն է:

Այս դաշինքը հիմնուած է ցեղական-ազգային ինքնութեան վրայ: Անոնք յայտարարած են, որ երկու պետութիւններու մէջ ապրող միասնական մէկ ժողովուրդ են, եւ վերջերս Արցախի մէջ, վերջին հակամարտութիւններէն ետք, ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ գրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ` ստորագրուած է հակահայկական պայմանագիր: Այս հռչակագիրը, որ հարցականի տակ կը դնէ համընդհանուր միջազգային բոլոր չափանիշները, ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ այն յարձակողական նպատակները, որ ստորագրողները կը հետապնդեն եւ ի ցոյց կը դրուի անոնց ունեցած աշխարհաքաղաքական նպատակները: Հաշուի առնելով այս լայնածաւալ նպատակները` Թուրքիան կը շարունակէ կեղծաւոր կերպով պնդել, որ կ՝ուզէ խաղաղ եւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ` առանց որեւէ նախապայմանի, բայց մենք կը յիշենք, ինչպէս Թուրքիան, երբ կ՝ուզէր անդամակցիլ Եւրոմիութեան` նշեց , որ, որեւէ խնդիր պէտք չէ ունենայ իր որեւէ հարեւան պետութեան հետ, բայց մենք գիտենք արդիւնքը: Իրականութեան մէջ Թուրքիան չունի որեւէ հարեւան, որուն հետ խնդիր չունի: Հայաստանը կը փորձէ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, բայց որպէսզի ասիկա հնարաւոր ըլլայ, այս յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան առանց նախապայմաններու:

Բայց յիշեցնեմ նաեւ, որ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը բաւական վերջերս, կոչ ըրած էր իր հայրենակիցներուն` Սթրազպուրկի մէջ, յարձակում գործելու Եւրոպայում ապրող Հայկական համայնքին վրայ: