Մարմնակրթութեան Ախոյեան Հուրի Կէպեշեանի Այցելութիւնը Այնճար

Հայաստան, Սփիւռք

Զաւէն Գ․ Ղարիպեան

Յակոբ Կէպեշեանի եւ Քրիստինէ Աբրահամեանի զաւակ, մարմնամարզուհի Հուրի Կէպեշեան ծնողներու ծննդավայր Այնճար այցելեց Սեպտեմբեր 2022-ին, Մուսա Լերան քառասուն օրերու հերոսամարտի 107-րդ տարեդարձին առիթով:

Ո՞վ է Հուրի Կէպեշեան:

Յակոբ եւ Քրիստինէ եօթանասունական թուականներուն ձգելով Այնճարը` կը գաղթեն Միացեալ Նահանգներ, հոն կ՛ամուսնանան եւ կ՛ունենան զաւակներ, որոնց երկրորդը` Հուրին, կը ծնի 27 Յուլիս 1989 թուականին, Մասաչուսեց, Քեմպրիճ:

Ան 2007-ին կ՛աւարտէ Հիւսթընի Հիւսիսային աւագ դպրոցը: Ապա 2011-ին կ՛աւարտէ Այովայի համալսարանը եւ կը ստանայ մարմնակրթութեան վերապատրաստման պաքալորէայի վկայական:

Հուրի Կէպեշեան այդ շրջանին կ՛ունենայ կրկնակի քաղաքացիութիւն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի:


Հոկտեմբեր 2011-ին ան Հայաստանը կը ներկայացնէ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ` մասնակցելով աշխարհի մարմնակրթութեան ախոյեանական մրցումներուն, կը ստանայ 45.899 թիւ` դառնալով 128-րդ մարզիկուհին:

2012 թուականին մարմնի վնասուածք ստանալով` չի կրնար մասնակցիլ Ողիմպիական մրցումներուն: Ապա բժիշկ դառնալու մտադրութեամբ կ՛ընդունուի Ուէյք բժշկական դպրոց ու զայն կ՛աւարտէ 2014 թուին` ստանալով գիտութիւններու պսակաւորի աստիճան:

Հուրի Կէպեշեան չորս տարի մարմնակրթական մրցումներէ բացակայելէ ետք, 2015-ի Ապրիլին կը մասնակցի Եւրոպայի մարմնակրթական ախոյեանութեան մրցումներուն, Ֆրանսա Մոնփելիէ քաղաքին մէջ` հասնելով աւարտական մրցումին, դառնալով 19-րդ, ունենալով 51.198 թիւ:

Սկովտիոյ Կլասքօ քաղաքին մէջ 2015-ին ան կը մասնակցի մարմնակրթութեան ախոյեանութեան մրցումներուն եւ իր շահած կէտերով ան իրաւունք կ՛ունենայ մասնակցելու Պրազիլի Ռիօ տէ Ժաներօ քաղաքին մէջ 7 Օգոստոս 2016-ին տեղի ունեցող Ողիմպիական մարմնակրթական մրցումներուն, ներկայացնելով Հայաստանը: Հուրին իր ելոյթները գագաթնակէտի կը հասցնէ մարմնակրթութեան մէջ նոր շարժում մը կատարելով: Մրցումի աւարտին շարժումը կը ստանայ «Gebeshian Skills» անունը:

Հուրի Կէպեշեան ներկայիս կ՛աշխատի Օհայոյի Քլիվընտի հիւանդանոցին մէջ: