Սուրբ Էջմիածինը Նպատակայարմար Չի Նկատեր Մասնակցութիւնը Գագաթնաժողովի Աշխատանքներուն. Տէր Եսայի

Uncategorized

«Կը հաստատենք, որ ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բանաւոր հրաւէր ուղղուած էր Հոկտեմբեր 28-31 գումարուելիք Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին մասնակցելու համար: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ քննարկուած է Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին Եկեղեցւոյ մասնակցութեան հարցը:

Հոկտեմբեր 28-31-ի գագաթնաժողովը տարակուսանքներ կ՝առաջացնէ մասնակիցներու ընտրութեան հարցով, մասնաւորաբար, համահայկական աւանդական կազմակերպութիւններու եւ ազգային կեանքի մէջ նշանակալի աւանդ ունեցող անձանց ներկայացուածութեան առումով: Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու ծիրէն ներս անընկալելի են նաեւ քննարկման համար ընդգրկուած նիւթերը: Կազմակերպական այս մօտեցումներով նման միջոցառումը կրնայ նոր զգայունութիւններ եւ լարուածութիւններ յառաջացնել ազգային մեր կեանքին մէջ եւ արդիւնաւէտ չըլլալ:

Եկեղեցին հնարաւորութիւն չէ ունեցած իր յիշեալ եւ այլ դիտարկումները ներկայացնելու գագաթնաժողովի կազմակերպիչներուն՝ ներգրաւուած չըլլալով կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, թէեւ Եկեղեցին միշտ ալ կարեւոր համարած է համահայկական համախմբման ուղղուած նման համաժողովներու եւ միջոցառումներու իրականացումը։ Վերոյիշեալ նկատառումներէն մեկնելով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նպատակայարմար չի նկատեր Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը գագաթնաժողովի աշխատանքներուն»,- Aravot.am-ին փոխանցած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Եսայի քահանայ Արթենեանը։

Նշենք, որ Aravot.am-ը հարցում ուղարկած է Մայր Աթոռ՝ պարզելու համար, եթէ Եկեղեցին պիտի մասնակցի Հոկտեմբեր 28-31 կայանալիք Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին: