Յարութիւն Պէրպէրեանի «Առաձգական» Բանաստեղծական Հատորին Շնորհահանդէսը Քեպէգի Մէջ

Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ գանատահայ հանրայայտ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեանի «Առաձգական» հատորին շնորհահանդէսը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Նանոր Սնապեան եւ յայտնեց, թէ կամքէ անկախ պատճառներով բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թէքեան պիտի չկարենայ հեռակայ կարգով մասնակցիլ ձեռնարկին, ապա ընթերցեց անոր խօսքը, որուն մէջ բանաստեղծուհին կ’ըսէր. «Կէս դարու նկարագրուած պատկառելի վաստակ, որ կը ցոլացնէ իմաստը, ներհակ ալիքները հայ ըլլալու, ընտանիքի, համայնքի ֆիզիքական ու հոգեկան տեղահանութեան: Խաղաղ տարիներ, որ յանձնուեցան փոթորկոտ տասնամեակներու, պատերազմի արհաւիրքի,  իսկ հիմա օրէ օր աւելցող ցնցումի ու կսկիծի. սակայն մայրենի գեղահունչ լեզուն Պէրպէրեանի այնքան նկարագեղ նկարագրած բառը կը գծէ իրականութեան մութ եւ լուսեղէն պաստառները»:

Անկէ ետք Նանոր ընթերցեց հատորը ներկայացնող Ռաֆֆի Աճէմեանի եւ հեղինակին հակիրճ կենսագրականները, ապա Աճէմեան արագ ակնարկով մը անդրադարձաւ յետեղեռնեան եւ սփիւռքեան գրականութեան ստեղծման եւ մեր լեզուին, գիր ու աւանդին պահպանման ի խնդիր դրուած անհաւատալի ճիգերուն եւ ըսաւ. «Հարիւր տարի ետք, եթէ հաւաքուած ենք հոս, այսօր, Յարութիւն Պէրպէրեանի բանաստեղծական նոր հատորին շնորհահանդէսը ընելու, անոր մասին խօսելու, անկէ ընթերցումներ վայելելու, ասիկա զիւտ արդիւնքն է հարիւր տարի առաջուան հայախօսութիւն երազողներուն ու սերունդները զիրար օղակելու համար մղուած անհաւատալի այն ջանքին, որ ի գործ դրուեցաւ օրին ու մեզ հոս հասցուց»:

Horizon Weekly Newspaper

Անդրադառնալով հատորին մէջ տեղ գտած բանաստեղծական կտորներուն՝ Աճէմեան յայտնեց. «Հեղինակը մէկ կողքի տակ հաւաքել ուզած է կարծես բանաստեղծական խօսքի բովէն անցած զանազան թեմաներ, մասամբ բերելով զանոնք նախորդ հատորներէն, ստեղծելով նորեր, ճոխացնելով նաեւ գոյութիւն ունեցող խորագիրներու տակ հաւաքուած բաժիններ։ Հատորին ընթերցումը այսպէս մէկ շունչով զգալի կը դարձնէ թեմաներու ու  նախասիրութիւններու ընդմէջէն բանաստեղծական փորձառութիւն մը, ընթերցողին հետ կիսելու փափաք մը, ինչպէս նաեւ, նկատի առնելով որ գիրքը Երեւան կը տպուի եւ հոն ալ գրախանութներուն մէջ գտանելի է, առաջին անգամ ընթերցողին առջեւ դնելով բանաստեղծական քառասնամեայ արգասիքին մէկ խտացումը»: Ապա ան ներկայացուց Պէրպէրեանի բանաստեղծութիւնները ըստ բաժիններուն եւ կատարեց հետաքրքրական մէջբերումներ:

«Հոս կ՚աւարտեմ այս ընթերցում-ներկայացումը։ Իմ կարգիս ես ալ ծաղկաքաղ մը ըրի գիրքէն, փորձելով ներկայացնել հին եւ նոր կտորներ, նախաճաշակ մը տալու բանաստեղծին արտադրութենէն։ Մնացեալը ընթերցելու ու բանաստեղծին շունչն ու տողը լիութեամբ ըմբոշխնելու հաճոյքը կը ձգեմ ձեզի» ըսելով Աճէմեան աւարտեց իր ներկայացումը:

Հեղինակին բանաստեղծութիւններէն երկու կտոր ընթերցեց Արիանէ Թասլաքեան, որմէ ետք խօսք առաւ հեղինակը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին՝ սոյն երեկոն կազմակերպելուն համար եւ կարճ անդրադարձ մը կատարեց բոլոր այն փորձառութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն, որոնց արգասիքը եղած էր սոյն հատորը:

Ձեռնարկին աւարտին հեղինակը մակագրեց ներկաներուն վաճառուած օրինակները:

Սոնա Թիթիզեան

«Հորիզոն»