Մտորումներ՝ «Հայկական Սփիւռքը, Հանրապետութիւնը, Հայաստանը․ Ազգային-Քաղաքական Դեր Եւ․․․ Պարտք (Յ․ Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Չյուսալ որ ուրիշներ մեզի համար շագանակ պիտի հանեն կրակէն…

            Քաղաքական միտքի եւ սկզբունքներու յստակութիւն եւ յստակացում պէտք են ճիշդ ուղիով ընթանալու եւ անխարդախ իրաւունք հետապնդելու համար:

            «Հայկական Սփիւռք»ը անորոշ յղացք մըն է: Լրագրողներ, Հանրապետութեան եւ աշխարհատարած համայնքացած հայերու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքական գործիչներ, նոյն գնահատումը եւ ըմբռնումը չունին ինչ կը վերաբերի «հայկական» համարուած մարդկային խմբաւորումներու մասին, զորս կը կոչենք Սփիւռք, որ յոգնակի է եւ տեւաբար կը մանրուի, կը գերաճի, կը յոգնակիանայ եւ կը հալի, պիտի հալի:

            Այդ սփիւռք եզրով սահմանուած խմբաւորումները մէկութեան ըմբռնում ունի՞ն եւ ինչպէ՞ս կ’արտայայտուի այդ մէկութիւնը, անոնք կ’ապրի՞ն որպէս ազգի գիտակից    հատուածներ, թէ՞ որպէս շարունակուող եւ մնայուն դարձած գաղթականութիւն, համայնք, կամ անորոշացած դիմագիծով հայկական ծագում ունեցող մարդոց սահմանում չունեցող ընկերային երեւոյթ  են: Հարցը կը վերաբերի միլիոնաւոր մարդոց, առանց թիւի ճշգրտութեան: Հետեւաբար անխուսափելիօրէն կը մնանք ենթակայական գնահատումներու եւ դատումներու շրջագիծին մէջ:

 «Մէկութիւն»ը ասդին-անդին յայտնուող-յայտնուած մտածողներու լուսանցքային  հեղուկ խօսքին մէջ է, ըստ կամս եւ, ըստ պահու ենթակայական-գգացական արժեւորումներէ բխող արտայայտութիւններու յուզող միգամած մը: Ամբոխավարական խօսքերէ  եւ սրահներու պատերէն դուրս՝ ո՞ւր կը գտնենք երազ մէկութիւնը, որ վերացական կացութիւն մը կը բնորոշէ: Անոր մասին միշտ կարելի է խօսիլ, բայց չտեսնել, չչափել:

            Ազգը ունի  ՀԱՅՐԵՆԻՔի հարց: Առաւել՝ սփիւռքն(եր)ի մէկութեան եւ հայ ժողովուրդի մէկութեան հարցեր, որոնք չեն լուծուած եւ չեն լուծուիր ըստ երազ-ցանկութիւններու տպաւորիչ աղմկարարութիւններով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ տարածքը ի՞նչ կը ներկայացնէ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔին յարաբերաբար: Հանրապետութեան տարածքը Հայոց        ազգի իրաւունք-ըմբռնումով ընդունուած Հայրենի՞քն է, թէ՞ այդ ՀԱՅՐԵՆԻՔի սոսկ մէկ բեկորը, որ ՊԷՏՔ Է ԱՄԲՈՂՋԱՆԱՅ:

            Կամ զայն պէտք է ամբողջացնել, որպէսզի ազգը ապրի, ամբողջանայ եւ տեւէ:

                        Այդ ամբողջացումը Սփիւռքի համար քաղաքական հետապնդման օրակա՞րգ հասկնալ՝ սփիւռքի որպէս քաղաքական ուժ գործող բազում եւ բազմացող կազմակերպութիններուն համար, որոնց թափահարումները եթերին մէջ կը ստեղծեն քանի մը տասնեակ անհող Հայաստաններ: Նաեւ ամբողջացումը՝ մոլորակային տարածում ունեցող հայերուն համար:

            Այդ ամբողջացումը քաղաքական օրակարգ է՞ Հանրապետութեան եւ հոն որպէս քաղաքական ուժ գործող կուսակցութիւններուն համար, անոնց հունով՝ Հանրապետութեան տարածքի ժողովուրդին:

Այդ ամբողջացումը կարգ մը քաղաքական գործիչներու եւ մտաւորականներու միտքի մարզա՞նքն է, թէ՞ գիտակցուած իրաւունքի մը հետապնդում, սկսած եւ շարունակուող աշխատանք:

            Ազգը, որպէս ընդհանրութիւն,         Հայրենիքը եւ Հանրապետութիւնը վերջնականապէս նոյնացա՞ծ կը համարէ, վերջնական կացութի՞ւն, թէ՞ ժամանակաւոր եւ մասնակի երեւո՞յթ:

Աւելի պարզ. հայ ազգը հրաժարա՞ծ է իր Հայրենիքէն, գոհանալով անոր մէկ մասին վրայ հաստատուած հանրապետութեամբ, որ ճանչցուած է:

            Միթէ՞ Սեւրի միջազգային դաշնագրով ճանչցուած  եւ Ուիլսընի գծած սահմաններով ամրագրուած տարածքը չէ՞ Հայրենիք-Հայաստանը, որ ժողովուրդի իրաւունք է, եւ կրնայ խմբել ազգը եւ ապահովել, անոր գոյութիւնը եւ բնական զարգացումը, ազգերու ընտանիքին մէջ, որպէս լիիրաւ ինքնուրոյնութիւն՝ իր մէկութեամբ, թէ՞ Հայաստանը ներկայ Հանրապետութեան տարածքն է եւ վերջ:

            Աւելի պարզ խօսելով, պիտի կարենա՞նք նախ մենք մեզի համար յստակացնել, թէ ի՞նչ է հայրենիքը համայն ազգին համար, ո՞ւր է ան քարտէսին վրայ, յանձնառութեամբ մտածելով եւ գործելով՝ յաճախ կրկնուող մէկ հայրենիքը եւ մէկ ազգը ունենալով որպէս միացման ազգային-քաղաքական հասարակ յայտարար: Հայ ժողովուրդի հայրենիքը այն տարածքները չե՞ն, ուր ան ապրած է, զանոնք դրոշմած անուններով, պատմութեամբ, մարդկութեան, ուրիշներու եւ ազգի յիշողութեան մէջ:

            Ի՞նչ հեռանկար ունինք հայրենատիրութեան հարցով, այսինքն քաղաքական հեռանկարային տեսութիւն ունի՞նք Հայրենիքի եւ ներկայի Հանրապետութեան մասին:          Հանրապետութիւնը եզրակացութիւնն է Հայաստան-հայրենիքի, թէ՞ զայն դասած ենք մոռացման դատապարտուած յիշողութեան ժամանակին մէջ տեղ մը, այժմէականութենէ հեռու, դատապարտուած՝ առասպել ըլլալու:

            Հաշտուած ե՞նք այն անձնատուութեան հետ, զոր ոմանք կոչեցին ռէալ փոլիթիք,որ բռնագրաւուած հայրենիքին տէր չենք:

            Սփիւռք եզրով բնորոշուող հաւաքականութիւնները, ինչ ալ եղած ըլլայ անոնց հոլովոյթը, որուն համար կը գործածուին զանազան եզրեր, ինչպէս՝ համարկուած, մերուած, ձուլուած, համայնքացուած, կացութիւններու պատաշաճած եւ տեւաբար ու քիչ մը աւելի պատշաճող եւ անհատական ինքնահաստատումներ փնտռող գաղթականութիւն, ազգային կոճղին յարաբերաբար միայն ժամանակաւոր ըլլալու դատապարտուած կացութիւն մը: Հիմա արդէն բազմաբնոյթ հեռացումներով:  Հարց պէտք է տալ, թէ Սփիւռքը ինչպէ՞ս Ազգին կը վերադառնայ, կը մնայ ազգին մէջ, կ’ըլլայ ազգի լիիրաւ մաս, պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով: Այսօր ազգը, որպէս ընդհանուր ըմբռնում, անորոշութիւններու մշուշ մըն է, չզօդուած տարբերներու ենթակայական եւ տեսական գումար, որուն կ’ուզենք իմաստ տալ ամբոխ յուզող խօսքերով: Կը բացակային պարտքի, իրաւունքի, արմատներու գիտակցութեան եւ յանձնառութեան, հեռանկարի նոյնութեան ըմբռնումները: Այսինքն ցարդ չենք յաջողած ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ ստեղծել, ներսը եւ դուրսը տեւաբար կոտորակուելու ընթացքի մէջ ենք, հոն կը մնանք ինքնաբաւութեամբ, չունեցանք եւ չունինք հաւաքականի իրաւ ըմբռնում, որ նախապայմանն է ամէն կարգի վերականգնումներու:

            Երբ կ’ըսենք ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, կրնա՞նք իրապէս ըսել, թէ ի՞նչ կայ այդ եզրի ետին, բացի անորոշ համրանքով եւ շրջագիծով հաաւաքականութենէ մը, կամ հաւաքականութիւններէ: Այդ հաւաքականութիւնները նո՞յն են, թէ՞ տարբեր: Կրնա՞նք ցուցակագրել նոյնութիւնները, ինչպէս՝ լեզուի կրօն-եկեղեցիի, բնակութեան վայրի: Ինչպէ՞ս նոյն եւ մէկ ըլլալ ապրելով իրարմէ հեռու, տարբեր միջօրէականներու եւ հորիզոնականներու տակ, տեւաբար ենթակայ ըլլալով տարբեր եւ բազմերանգ մշակութային հոգեբարոյական ճնշումներու, որոնք հայը կը հեռացնեն ինքն իրմէ, կը դարձնեն ռուսահայ, թրքահայ, լիբանանահայ, ֆրանսահայ, ամերիկահայ, միշտ հայկական ինքնութեան արագ, դանդաղ կամ ամբողջական նահանջով: Ո՞ւր կանգ կ’առնէ նահանջը, ի՞նչ կորսուած կ’ըլլայ նահանջի ընթացքին եւ պիտի ըլլայ աւարտին:

            Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս:

            Անհատաբար եւ հաւաքաբար պէտք է համոզուինք, որ «գործն է միայն կենդանի», ինչպէս դար մը առաջ ըսած էր հայ մեծ յեղափոխական մը, գործ՝յաւելեալ պարտքի գիտակցութեամբ եւ ոչ յաւելեալ իրաւունքի, գործն է որ կենդանութիւն կու տայ հաւաքականութեան, կը ստեղծէ տոկալու, տեւելու եւ չկորսուելու պայմաններ:

Յանդգնութիւն եւ գործ, որոնց համար նահանջածներ եւ թերահաւատներ, իրենց ջոջական բուրգերու գագաթէն կ’ըսեն, ծակ-պտուկ իմաստութեամբ, որ «սուրի հարուած են տրուած ջուրի մակերեսին», այսինքն՝ «անելիք» չկայ, ինչպէս ըսող եղած է:

            Այդ գործը պիտի ըլլայ հեռանկար, հաւատարմութիւն այդ հեռանկարին, ներսի եւ դուրսի հայ ժողովուրդին համար, մանաւանդ՝ իրա՛ւ առաջնորդին: Ինչո՞ւ չերազել, խորհելով որ մեծ գործերը նախ մեծ երազներ եղած են:

            Միացնել սփիւռք(ներ)ը, նաեւ պատմութեան ահեղ չարիքին հետեւանքով այսօր «թաքնուած հայերը, որոնք ազգի մաս են, այլատեսակ սփիւռք մը: Սասուն մնացած հայ մը ըսած էր, ինք մնացած էր եւ տէր եղած պապենական տան եւ հողին: Ոմանք հիմա Հանրապետութիւն կ’երթան եւ կը վերադառնան: Գացէ՛ք Մուշ, հոն կայ Տարօն-Տուրուբերան անունով կեդրոն:

            Հեռանկարը միացումն է կոտորակուած ազգին, նաեւ ներազգային նոր եւ հին կոտորակումներու, որոնց պատասխանատուն մենք ենք:

Միացում՝ կոտորակուած, օտարուած եւ այսօր ալ օտարուող հայրենիքի: Ուստի պէտք է նայիլ Հանրապետութիւն-հայրենիքէն անդին: Այդ ընելու համար մեր ժողովուրդին պարտադրուած բաժանումները մենք պէտք է մերժենք, վերացնենք, այլապէս կը մնանք կոտորակուած եւ վատուժ: Հետեւա՞նքը…

          Քանի որ կը մտածենք սփիւռքով եւ սփիւռքի մասին, ներսի եւ դուրսի մտաւորականութիւնը իր առաջնորդի դերը պէտք է շարունակէ, պայքարի ե՛ւ ներտի ե՛ւ դուրսի մէկութիւն ստեղծելու համար, ներսը եւ դուրսը մէկութիւն ստեղծելու համար, այլապէս կը մնանք անհայրենիք, այսինքն մենք չենք մնար, կ’ըլլանք անհետանալու դատապարտուած գաղթականութիւն, կ’օտարանանք, միշտ ե՛ւ ներսը եւ դուրսը:

            Այս վերականգնումին համար, ընթացիկ քաղաքական մրցակցութիւններէն անդին նայող ազգային իրաւ առաջնորդութիւն մը կեանքի պէտք է կոչել, եթէ դեռ ունինք, եթէ պահած ենք այդ առաքինութիւնը, հրաժարելով ներսի եւ դուրսի անիմաստութեան եւ իրաւունքի սոփեստութիւններէ, քաջութեամբ իրատեսութեամբ գործել՝ նայելով ճահիճէն եւ ճահճացումներէն անդին:

Հեռանկար ունենալով ազգը, անոր իրաւունքը եւ նախահայրերու հայրենիքը, որպէսզի, ինչպէս յոյն գրողը ըսած  էր, ձեռք բերենք անոնց կողքին թաղուելու իրաւունքը:

            Ի հարկէ պէտք է սկսիլ այսօր, միշտ կրկնելով, որ վաղը մեզի կը պատկանի:

            Եւ երբեք չյուսալ որ ուրիշներ մեզի համար շագանակ պիտի հանեն կրակէն: