Թշնամին Կրակած է Հայկական Մարտական Դիրքերու Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 3-ին, ժամը 21:30-ի սահմաններուն, Ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները, ականանետերու եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրառմամբ կրակած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱՊԱՌԱԺ»-էն։

ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումներու պատասխան գործողութիւններով թշնամիին կրակը լռեցուած է: Հայկական կողմէն կորուստներ չկան: