Ազրպէյճանի Կազմէն Ներս Արցախին Միայն Մէկ Ճակատագիր Կը Սպասուի՝ Կործանում. Դաւիթ Բաբայեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 3-ին, Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող «Հայկական ժամանակ»-ի կայքը հրապարակած էր Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանին ներկայացուած հինգ պահանջները։

Թէեւ հրապարակման հեղինակը կայքին մէջ նշած էր «Հաւաստի աղբիւր», այդուհանդերձ բոլոր վերլուծաբանները, փորձագէտները վստահ են՝ «Հաւաստի աղբիւր»-ը Նիկոլ Փաշինեանն է։

Այսպիսով՝ ըստ Փաշինեանի, Ազրպէյճանը Հայաստանէն կը պահանջէ՝

1. ԼՂ պաշտպանութեան բանակի լուծարում։

2. ԼՂ ճանաչում Ազրպէյճանի կազմէն ներս՝ առանց որեւէ ինքնավար կարգավիճակի: Այսինքն՝ 0 կարգավիճակով:

3. Միջանցք Հայաստանի տարածքով:

4. Սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթաց 1919, 1920 թուականի քարտէզներով (առայժմ յայտնի չէ, թէ յստակ ո՞ր քարտէզներուն մասին է խօսքը):

5. Անհետ կորսուած ազրպէյճանցիներու ճակատագրի պարզաբանում, հնարաւոր է յետագային Հայաստանը պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ մեղադրելու միտումով:

168.amի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան՝ խօսելով այդ հինգ պահանջներուն մասին, նախ կը նշէ, որ ՀՀ ներքաղաքական գործընթացներուն մէջ չմտնելով, կրնան միայն փաստել, որ Արցախը, արցախցիները եւ ողջ հայութիւնը ունին յստակ դիրքորոշում՝ Արցախը երբեք չի մտներ Ազրպէյճանի կազմէն ներս, որովհետեւ հակառակ պարագային՝ Արցախ առհասարակ չ՝ըլլար։

«Ազրպէյճանի կազմէն ներս Արցախին միայն մէկ ճակատագիր կը սպասուի՝ կործանում։ Տեսանք, թէ ինչպէս Ազրպէյճանը կը վերաբերի հայ գերիներուն։ Եթէ Արցախը մտնէ Ազրպէյճանի կազմէն ներս, այդ ճակատագիրը պիտի սպասուի ամբողջ ազգին։ Հետեւաբար՝ անկախ ամէն ինչէ, պէտք չէ անսկզբունքային ըլլանք։ Այո՛, ծանր վիճակի մէջ ենք, մարտահրաւէրները շատ լուրջ են եւ այլն, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ մենք մեր սկզբունքայնութիւնը պէտք է կորսնցնենք եւ համաձայնինք Ազրպէյճանի կազմէն ներս ըլլալուն։ Այդ պարագային մենք պիտի համաձայնինք դիմելու անձնասպանութեան, այսինքն՝ ոչ թէ անձնասպանութեան, այլ խոշտանգումներու, անմարդկային վերաբերմունքի, այսինքն՝ կենդանացման։

Չեմ կարծեր, որ մեր այս հազարաւոր զոհերը, Հայոց Ցեղասպանութենէն սկսեալ՝ ցայսօր, թոյլ կու տան մեզի գոնէ մէկ բարոյական հիմք, որ մենք անոնց տառապանքները մոռնանք։ Մենք կանգնած ենք ինքնորոշման, ազատագրական ճանապարհի վրայ, ուրեմն՝ պէտք է շարունակենք, բարոյական իրաւունք չունինք անոնցմէ հրաժարելու համար, եւ ոչ միայն՝ բարոյական, այլեւ՝ քաղաքական ու անվտանգային»,- կը նշէ Դաւիթ Բաբայեան։

Ան կ՝ընդգծէ, եթէ չըլլայ Արցախը, պիտի չըլլայ նաեւ Հայաստանը, ասիկա յստակ է, այդ պատճառով Արցախի դիրքորոշումը յստակ ու անփոփոխ է՝ երբեք չըլլար Ազրպէյճանի կազմէն ներս։

Ինչ կը վերաբերի Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, որ Արցախի հարցին հասցէատէրը արցախցին է, եւ Արցախը պէտք է բանակցի Պաքուի հետ, Դաւիթ Բաբայեան կը նկատէ՝ գոյութիւն ունի հաստատուած ձեւաչափ, որ Մինսկի խումբի ձեւաչափն է։

«Ազրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութիւնը ունի երեք կողմ՝ Ազրպէյճան-Արցախ-Հայաստան, եւ կայ երեք համանախագահ։ Այո, Ազրպէյճանի հետ մենք պատրաստ ենք քննարկելու, բայց որպէսզի լիարժէք բանակցային գործընթաց սկսի եւ համապարփակ կարգաւորում տեղի ունենայ, պէտք է գործէ Մինսկի խումբին ձեւաչափը։ Մենք միշտ ալ ըսած ենք, որ պատրաստ ենք բանակցելու, սակայն պէտք է վերականգնուի լիարժէք ձեւաչափը»,- կ՝եզրափակէ Դաւիթ Բաբայեան։