Մոսկուան Հայ Ռազմագերիներու Մահապատիժի Տեսագրութիւնները Հետաքննելու Կոչ Կ՝ընէ Երեւանին եւ Պաքուին․ Զախարովա

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան պատասխանած է «Ռոսիա սեգոդնեա» միջազգային լրատուական գործակալութեան հետեւեալ հարցին. «Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք հայ եւ ազրպէյճանցի զինծառայողներու մահապատիժներու տեսարաններ ընդգրկող տեսանիւթերը, որոնք յայտնուած են համացանցի վրայ»: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Նշուած տեսանիւթերը լի են ծայրայեղ դաժանութեան տեսարաններով: Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտման բոլոր դէպքերը պէտք է մանրակրկիտ հետաքննուին: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ՝ընենք անյապաղ այդ տեսանիւթերուն համապարփակ, խոր վերլուծութիւն ընելու, ներառեալ ռազմական յանցագործութիւններու նշաններուն համար։ Փաստերու հաստատման պարագային բոլոր մեղաւորները պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուին օրէնքի ողջ խստութեամբ:

Ռուսիան կը շարունակէ լուրջ ջանքեր գործադրել տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի առողջացման, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի: Պատրաստ ենք կողմերուն անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերելու»,- ընդգծած է Զախարովան:

Նշենք, որ Հոկտեմբեր 2-ին, ազրպէյճանական Telegram-եան ալիքներու վրայ հրապարակուած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՝երեւի, թէ ազրպէյճանցի զինծառայողները ինչպէս դաժանաբար կը գնդակահարեն հայկական մարտական հենակէտին վրայ արդէն իսկ գերի յանձնուած հայ զինծառայողները։

Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Դոյւօ Գլաարը յայտարարած է, որ եթէ տեսանիւթին իսկութիւնը հաստատուի՝ ատիկա ռազմական յանցագործութիւն է, որ պէտք է հետաքննուի։

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեանը յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի զինուժին կողմէ հայ ռազմագերիներուն սպանութիւնը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 13-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակման ընթացքին։