Հայ Զինծառայողներու Սպանութեան Տեսանիւթը Ներկայացուած է ՄԻԵԴ եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան

Աշխարհ, Հայաստան


Հայ ռազմագերիներու սպանութեան տեսանիւթը ներկայացուած է ՄԻԵԴ եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարան։ Այս մասին գրուած է Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչի Facebook-ի էջին վրայ։

«Հայ ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարան ներկայացուած պահանջներուն ծիրէն ներս՝ այսօր նշուած դատարաններուն ներկայացուած է սոյն թուականի Հոկտեմբեր 2-ին հասարակական ցանցերու մէջ շրջանառուած հայ զինծառայողներու սպանութեան տեսանիւթը՝ մէկ անգամ եւս ընդգծելով Ազրպէյճանի կողմէ հայերու հիմնարար իրաւունքներու խախտման փաստը»,- նշուած է գրառման մէջ: