Եթէ Դուք Պետական Արժանապատւութեան Զգացումը Չունիք, Մեր Երկիրը Մի՛ Իջեցնէք Ձեր Մակարդակին․ Վաչէ Բրուտեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Փոքր դաս մը նոյնքան փոքր Լիբանանէն։

Երկու օր առաջ, համացանցին վրայ տարածուեցաւ տեսանիւթ մը, ուր յստակ կ՚երեւէր, թէ ինչպէս ազերի բանակայինները կը սպաննէին հայ ռազմագերիներ։ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ պահանջեց «պատասխանատուութեան ենթարկել» արարքին հեղինակները։

Բայց նոյն նախարարը, այդ տեսանիւթի հրապարակումէն քանի մը ժամ վերջ, պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ իր ազերի պաշտօնակիցին հետ, դիւանագիտական ձեռքսեղմումներով եւ այլն։ Միասնաբար քննած են Հայաստան-Ազրպէյճան «խաղաղութեան պայմանագիր»ը…

Գացինք ետ, 1982-ի ամառ, Լիբանան։

Իսրայէլ ներխուժած էր Լիբանան ու պաշարած մայրաքաղաք Պէյրութը։ Զուգահեռաբար, բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենային նախագահին նստավայրին մէջ։ Ուաշինկթընէն բանագնաց ուղարկուած էր Ֆիլիփ Հապիպը, որուն համար կ՚ըսէին, թէ ալասքացիներուն սառնարան կը ծախէ…

Այդ օրերուն, Լիբանանի կողմէ գլխաւոր բանակցողներն էին նախագահ Էլիաս Սարգիս, վարչապետ Շաֆիք Ուազզան եւ արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Պութրոս։ Ի՞նչ կրնար ընել փոքրիկ Լիբանանը իսրայէլեան հզօր զինուորական մեքենային դիմաց՝ բացի բանակցելէ, միջազգային շահագրգիռ ուժերու մասնակցութեամբ-միջնորդութեամբ։ Կրնա՞ր դիմադրել իսրայէլեան վայրագ ներխուժումին… Խելքէ-մտքէ դուրս էր այդ մէկը։

Իսրայէլեան ուժերը անցարգելներ հաստատեցին Պէյրութ քաղաքի բոլոր մուտքերուն՝ քաղաքը պաշարելով։ Իսկ ի՞նչ կրնար ընել Լիբանանը։ Երեւան եկաւ, որ այսուհանդերձ՝ կրնա՛ր գէթ տիրութիւն ընել իր արժանապատուութեան։

Այս կացութեան մէջ, վարչապետ Ուազզան (որ կ՚ապրէր Պէյրութ քաղաքին մէջ) յայտարարեց, թէ կը մերժէ ներկայ ըլլալ նախագահական նստավայրէն (որ կը գտնուի քաղաքին արուարձաններէն Պաապտայի մէջ) ներս կայանալիք բանակցութիւններուն, որովհետեւ կը մերժէ անցնիլ իսրայէլեան անցարգելներէն։ Ու նստեցաւ տունը։ Մնաց անդրդուելի։

Միջնորդները իրար անցան… Կ՚ըլլայ-չ՚ըլլար… Ուազզան ըսաւ՝ տեղէս չեմ շարժիր, մինչեւ որ այդ ճամբան ազատ ըլլայ իմ երթեւեկութեանս դիմաց։

Եւ փոքրիկ ու տկար Լիբանանի նոյնքան տկար վարչապետը յաջողեցա՛ւ իսրայէլեան անցարգելները վերցնել տալ գէթ այդ մէկ ճամբէն։ Որովհետեւ պետական արժանապատուութեան գիտակցումը կար։ ՔՊ-ական արտաքին գործոց նախարար միրզոյեանը լուր ունէ՞ր ասկէ, երբ հայ գերիներու սպանութեան տեսանիւթի հրապարակումէն քանի մը ժամ վերջ կը սեղմէր պայրամովի ձեռքը։ ՀՀ-ի պարոնայք իշխանաւորներ, եթէ դուք պետական արժանապատուութեան զգացումը չունիք, մեր երկիրը մի՛ իջեցնէք ձեր մակարդակին։ Փոքրիկ ու տկար Լիբանանէն դաս առէք…


Նկարը՝ Շաֆիք Ուազզան։