Իտալահայ Գրագիտուհի Անթոնիա Արսլանի «Լուռ Հրեշտակը» Վէպին Անգլերէն Թարգմանութեան Ներկայացումը Նիւ Եորքի Մէջ

Սփիւռք

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ներկայացում մը՝ իտալահայ գրագիտուհի Անթոնիա Արսլանի «Լուռ Հրեշտակը» (“Silent Angel”) վէպի անգլերէն թարգմանութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ը։

Ազգային Առաջնորդարանի «Յովնանեան» սրահը ժամանած էին մեծ թիւով հրաւիրեալներ, որոնց շարքին էին ՄԱԿ-ի մօտ դեսպան Մհեր Մարգարեան՝ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ , զօր. Ֆապրիցիօ Փառուլի՝ ՄԱԿ-ի մօտ Իտալիոյ մշտական ներկայացուցչութեան զինուորական խորհրդատու, Ապիր Թահա Աուտի՝ Լիբանանի հիւպատոս Նիւ Եորքի մէջ, Ֆրանչեսքօ Ճենուարտի՝ Իտալիոյ հիւպատոս Նիւ Եորքի մէջ, Աննա Մալաֆրոնթէ՝ անոր օգնականը, Ֆապիօ Ֆինոթի՝ իտալական մշակութային հիմնարկի տնօրէնը, եւ Մալինա Մաննարինօ՝ անոր օգնականը։ Ներկայ էին նաեւ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ, եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։

Բացման խօսքը կատարեց ու ձեռնարկը ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Գիրքի թարգմանչուհին՝ փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մառշալ (Մանհաթընվիլ քոլէճի քրիստոնէական փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչ), խօսեցաւ վէպին նիւթի մասին, զոր սահմանեց իբրեւ մշակոյթի գիտակցութիւնը որպէս վերապրումի միջոց։ Անի Խաչեան եւ մեթր Արմէն Մորեան վէպէն հատուածներ կարդացին։

Անթոնիա Արսլան, խօսեցաւ վէպի յղացման պարագաներուն մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր այս ձեռնարկի հովանաւորութեան համար։ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, իր կարգին, գնահատանք յայտնեց տիկին Արսլանի քնարական արձակին, որ որ բառացիօրէն երեւան հանած էր «ճամբորդութիւն մը մահուան հովիտին մէջէն», աշխարհին ծանօթացնելով հայ կնոջ անանձնական կերպարը, որ գիտէ գերադասել սրբութիւնն ու մշակոյթի պահպանումը՝ վտանգելով իր իսկ կեանքը։ Այս առիթով, տիկին Արսլանին շնորհուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի կանանց պարգեւուած բարձրագոյն պատիւը՝ «Զապէլ թագուհի» շքանշանը, անոր գիտական ու գրական ասպարէզին եւ հայ ոգիի ամէնուրեք տարածման համար։

«Լուռ Հրեշտակը» մարդկային դիմացկունութեան եւ հերոսական հաւատքի պատմութիւն մըն է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայկական մեծագոյն ձեռագրի՝ «Մշոյ ճառընտիր»ի ոդիսականի շուրջ հիւսուած։ Գիրքէն մակագրուած օրինակներ տրամադրելի էին ներկաներուն, որոնք նուիրատուութիւններ կատարեցին յօգուտ «Անթոնիա Արսլան« հայ-իտալական կրթական համալիրին, որ կը գտնուի Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ։ «Լուռ Հրեշտակը», ինչպէս եւ Անթոնիա Արսլանի հանրայայտ վէպը՝ «Արտոյտներու Ագարակը», անգլերէն թարգմանութեամբ կարելի էապսպրել Առաջնորդարանի գրախանութէն։