Ղարաբաղի Հարցով Դիւանագիտութիւնը Չ՝աշխատեցաւ. Չաւուշօղլու

Աշխարհ, Հայաստան

Ղարաբաղի հարցով դիւանագիտութիւնը չաշխատեցաւ, աշխարհը տարիներ շարունակ շեղած է Ազրպէյճանը։ Ըստ «Երկիր»-ի՝ նման յայտարարութիւն ըրած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլյութ Չաւուշօղլուն։

«Բայց մենք աջակցած ենք Ազրպէյճանին։ Մեր եղբայրներուն համբերութեան բաժակը լեցուեցաւ, եւ անոնք 44 օրուան ընթացքին վերադարձուցին իրենց տարածքները։ Կը շնորհաւորենք Ազրպէյճանի հերոս բանակն ու անվտանգութեան ուժերը»,- ըսած է թուրք նախարարը՝ մէկ անգամ եւս հաստատելով, որ Թուրքիան բացայայտ աջակցած է Ազրպէյճանին ընդդէմ Հայաստանի եւ Արցախի սանձազերծուած պատերազմին ժամանակ։