Ազրպէյճանական Յանցաւոր Գործողութիւններուն Հետեւանքով Կարմիր Շուկա Համայնքին Մէջ Տուժած է Երկու Բնակելի Տուն (նկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու Պաշտման Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձած է Կարմիր Շուկա համայնքի ուղղութեամբ ազրպէյճանական կողմի կրակելուն.

«Սեպտեմբեր 12-ին՝ առաւօտեան 04:00-04:30-ի սահմաններուն, Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Կարմիր Շուկա եւ Թաղավարդ համայնքներուն դիմաց տեղակայուած դիրքերէն՝ ազրպէյճանական կողմը կրակահերթեր բացած է տարբեր տեսակի եւ տրամաչափի հրաձգային զէնքերու կիրառումով։ Կրակահերթերը տեւած են շուրջ 30 վայրկեան։

Այս պահուն ճշտուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ ազրպէյճանական յանցաւոր գործողութիւններուն հետեւանքով տուժած է երկու բնակելի տուն Կարմիր Շուկա համայնքին մէջ։ Տուներէն մէկուն պարագային գնդակը խոցած է երկրորդ յարկի պատշգամբին դուռը եւ թափանցած տան սենեակ։ Տան բոլոր 4 անդամները՝ ներառեալ մէկ անչափահաս, կը գտնուէին տան մէջ եւ արթնցած են կրակահերթերէն։

Միւս պարագային՝ արձակուած գնդակը խոցած է բնակելի տան բակին մէջ գտնուող շուաքարանը։Ազրպէյճանական կրակոցներէն տուժած է մէկ տուն Թաղավարդ համայնքին մէջ, իսկ հարեւանութեամբ տեղակայուած տան բակինմէջ յայտնաբերուած է ԴՇԿ տիպի խոշոր տրամաչափի գնդացիրի գնդակ։ ՄԻՊ աշխատակազմին կողմէ կը շարունակուին կրակահերթերուն վերաբերեալ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ վնասներուն վերաբերեալ փաստերու հաւաքագրման աշխատանքները։

Այս գործողութիւնները Արցախի ժողովուրդի կեանքի, ֆիզիքական եւ հոգեբանական անձեռնմխելիութեան դէմ ուղղուած ազրպէյճանական յանցաւոր վարքագիծի, Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուող ցեղական զտման քաղաքականութեան հերթական ապացոյցնն են, որոնց նպատակն է ահաբեկել Արցախի մէջ ապրող մարդը եւ խաթարել անոր բնականոն կեանքն ու գործունէութիւնը»։