Երկու Ճշմարտութիւն, Որոնք Աւելի Լաւ Կը Դարձնեն Ձեզի

Այլեւայլ

Կան որոշ գործօններ, որոնք կը խոչընդոտեն ինքնազարգացման։ Խօսքը կրօնական համոզումներու մասին չէ, այլ որոշ գործօններու, որոնք կ՝ազդեն մարդու ինքնազարգացման վրայ: Այդ գործօնները կրնան թէ՛ ներքին ըլլալ, թէ՛ արտաքին:
Ամենազգալի գործօնը, որ կը սահմանափակէ մեզ, ներքին ազդեցութիւնն է: Այո՛, մարդու միտքը հսկայական ներուժ ունի, բայց ունի նաեւ թերութիւններ: Ու անոնցմէ ամենաբարդը խաբէութեան հանդէպ հակումն է: Գրեթէ բոլորին ալ ծանօթ է այն իրավիճակը, երբ ոեւէ մէկը կը փորձէ հրաժարիլ ծխելէն, կարգաւորել սննդակարգը կամ վերահսկել իր ծախսերն ու ընդհանուր նիւթական դրութիւնը: Բայց ամէն անգամ մարդը կը բախի որեւէ խոչընդոտի, որ շատ կը խանգարէ իրականացնելու ցանկալին: Ատիկա տեղ կ՝ունենայ արտաքին գործօններու
պատճառով, որոնք կ՝ազդեն մտքերու ընթացքին վրայ: Իսկ մարդու ուղեղը արագ կերպով կ՝ընդունի զանոնք ու կը սկսի դիմադրել:

Բացի այդ, մեր շուրջը կան մարդիկ, որոնք կը ձգտին խանգարել մեր յաջողութիւնը: Ատիկա կրնայ կապուած ըլլալ ամենասովորական նախանձով: Անոնք կրնան համարել, որ Ձեր յաջողութեան պարագային դուք կրնաք յետագային վնասել իրեն: Նախանձը կ՝առաջացնէ մտքերու այլ ընթացք: Նման մարդիկ կը սկսին ափսոսալ, որ անցեալին նոյն ձեւի նախաձեռնութիւն չեն դրսեւորած ու յաջողութեան չեն հասած: Իտէալական իրավիճակը այն է, երբ բոլորը կ՝աջակցին իրարու բոլոր բարդ պահերուն եւ կ՝ուրախանան դիմացիններու
յաջողութիւններով: Բայց, ցաւօք, աշխարհը այդպիսին չէ:

Մարդոց մեծ մասը անտարբեր է մեզի հանդէպ։ Ու ասիկա փաստ է: Շատերուն բացարձակապէս չի հետաքրքրեր, թէ ինչպիսին է մեր ներաշխարհը: Այն ամէնը, որ կը յուզէ անոնց, այն է, թէ ինչ կրնայ ստանալ մեզմէ: Հաւանաբար ատոր համար է, որ մարդիկ կը գնահատեն իրենց ընտանիքը, քանի որ այնտեղ ամէն ինչ այլ կերպ է: Առանց հարազատներու անհաւանական բարդ պիտի ըլլար մեզի համար յարձակողական միջավայրի կամ՝ նոյնիսկ սովորական կեանքի մէջ:

Մենք կը հաւատանք, որ շրջապատին համար հետաքրքրական է մեր ներաշխարհը ու որ անոնք կը փորձեն հասկնալ մեզի. Իրականութեան մէջ ամէն ինչ լրիւ հակառակն է: Յիշեցէք, որ աշխատավայրի մէջ մեզի կը գնահատեն բացառապէս մեր աշխատանքով ու արդիւնքներով: Իսկ հասարակութիւնը մարդը կը գնահատէ միայն անոր նիւթական դրութիւնով: Նոյնիսկ արտաքինը աւելի մեծ դեր կը կատարէ, քան ներքին յատկանիշները: Մեզի կրնան քննադատել հագուստի
ոճի, ինքնաշարժի, տան կամ դրամատնային անբաւարար հաշիւի համար: Ու այդ գործօններուն հիման վրայ կը կատարուին եզրակացութիւններ մեր խելքի եւ ունակութիւնններու մասին:

Ահա, թէ ինչ պէտք է հարցնենք մենք մեզի՝ «արդեօ՞ք ես առիթ կու տամ զիս դատապարտելու համար»: Այլ խօսքովմեր կենսակերպը որքա՞ն կը համապատասխանէ մեր սեփական ներաշխարհին: Մէկը կը քննարկէ մեր բնաւորութիւնը: Միւսները մեր արարքները: Բայց ատիկա կարեւոր չէ: Կարեւորը այն է, որ մենք մեզ ընդունինք այնպէս, ինչպէս կանք: Մեր ներաշխարհը, լաւագոյն յատկանիշները պէտք է դրսեւորուին արարքներու մէջ, որոնց մոջոցով ալ շրջապատը մեր մասին կարծիք պիտի կազմէ:

Ու պէտք չէ անհանսգտանալ անոր համար, որ ոեւէ մէկը մեզ կը դատապարտէ առանց պատճառի: Եթէ որեւէ բան այնպէս չէ եղած, եւ դուք կը զգաք, որ ձեր համոզումներն ու կենսակերպը չեն համընկնիր իրարու, ուրեմն ժամանակն է փոխելու բան մը: Բոլորն ալ արժանի են աւելի լաւ դառնալու: