Անթուլատրելի է Այլ Երկիրներու Հետ Յարաբերութիւնները Զարգացնել Եղբայրական Երկիրներու Հետ Կապերու Հաշուին

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է․

«Արտաքին քաղաքականութեան առանցքային, ամենակարեւոր հրամայականը՝ եղբայրական երկիրներու հետ սերտ յարաբերութիւններու պահպանումն է, անոնց հետ կապերու ընդլայնումն ու խորացումը։

Ի հարկէ, քայլեր պէտք է ձեռնարկուին նաեւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ, նոյնիսկ անոնց հետ, որոնց հետ յարաբերութիւնները աւանդաբար բարդ են եւ լի խնդիրներով։

Սակայն, ցանկացած պարագայի անթուլատրելի է զարգացնել յարաբերութիւնները այլ երկիրներու հետ՝ եղբայրական երկիրներու հետ կապերու եւ յարաբերութիւններու հաշուին»։