«Քամփ Արմէն» Մանկատունը Կը Վերանորոգուի Եւ Նորովի Կը Ներկայանայ (տեսանիւթեր)

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ մէջ հայ մանուկներու համար հայրենի օճախ դարձած «Քամփ Արմէն» մանկատան վերանորոգման հիմքերը պիտի դրուին այս տարուան Հոկտեմբերին։ Այս ճամբարին մէջ, ուր միաժամանակ կրնայ մնալ 100 պատանի, ծրագրուած է ստեղծել նաեւ մշակութային կեդրոն եւ գրադարան։ Այս մասին կը յայտնէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Քրոնոս» լրատուակայքը։

Ըստ աղբիւրին՝ Պոլսոյ մէջ հայ մանուկներու համար 1962 թ․ Թուզլայի մէջ կառուցուած «Քամփ Արմէն» մանկատան վերանորոգումը պիտի կատարու Ամերիկայի հայ բողոքական եկեղեցիներու միութեան աջակցութեամբ։

Եկեղեցիներու միութեան նախագահ Զաւէն Հանճըեանը, անոր տիկինը եւ Գեդիքփաշայի հայ բողոքական եկեղեցւոյ ու դպրոցի հիմնադրամի եւ Հրանդ Տինքի անուան դպրոցի աշակերտները այցելած են «Քամփ Արմէն»։

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ այս ճամբարին մէջ անցած է «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի մանկութիւնը։

Յիշեցնենք, որ թրքական պետութիւնը տարիներ առաջ կը փորձէր կազմաքանդել այս մանկատունը։ Սակայն, պոլսահայ համայնքի ջանքերուն եւ պայքարին իբրեւ արդիւնք, մանկատան սեփականութեան վկայականը յանձնուեցաւ Գեդիքփաշայի հայ բողոքական եկեղեցւոյ հիմնադրամին։

Թրքերէնէ թարգմանեց Մելինէ Անումեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը