Արցախէն Զօրքերը Դուրս Հանելը Ազրպէյճանի Հերթական Պահանջն Էր․ Այդպիսի Պահանջներու Շարք Կայ, Որուն Մէկ Մասը Հայկական Կողմը Արդէն Կատարած է․ Անժէլա Էլիբեգովա

Աշխարհ, Հայաստան

Տարօրինակ է, որ պաշտօնական Երեւանը մէկ կողմէն կը յայտարարէ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը, այնուամենայնիւ, մեր օրակարգին վրայ կայ, բայց, անոր զուգահեռ, առանց որեւէ զգօնութեան, ՀՀ ԱԳ նախարարը առանձին հանդիպման կ՝երթայ Ազրպէյճանի ԱԳ նախարարի հետ։ Այս մասին, «Տարածաշրջանը եւ մենք» թեմայով քննարկման ժամանակ, ըստ «Երկիր»-ի, ըսած է ազրպէյճանական հարցերու մասնագէտ Անժէլա Էլիբեգովան։

Ազրպէյճանական հարցերու մասնագէտը շեշտած է, թէ եթէ հայկական կողմի դիրքորոշումն է, որ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ պէտք է ըլլան միջազգային խաղաղարարներ՝ տարակուսելի է, որ նման կարեւոր իրադարձութիւններու ժամանակ անոնք կ՝անտեսուին, այն պարագային, երբ նոյն ՀՀ գործող իշխանութիւնները մնացեալ պարագաներուն պատասխանատւութիւնը կը դնեն միջազգային դերակատարներու վրայ։

«Գործող իշխանութիւնը կ՝ըսէ՝ մենք Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը ստորագրած ենք, մնացածի համար պատասխանատւութիւնը կը կրեն, օրինակ, ռուս խաղաղապահները։ Այսինքն՝ անոնք պատասխանատւութիւնը անընդհատ երրորդ կողմի վրայ կը բարդեն խնդրայարոյց իրավիճակներու ժամանակ, եւ այստեղ տրամաբանական հարց կը մնայ՝ արդեօք մենք կը շարունակե՞նք մնալ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը, թէ՞ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-էն ետք այլեւս անվտանգութեան երաշխաւորը չենք։ Այդ հարցը բաց կը մնայ, որովհետեւ բոլոր գործնական քայլերը կը վկայեն, որ ՀՀ իշխանութիւնը չի ստանձներ որեւէ պարտաւորութիւն՝ անվտանգութեան հարցով»,- ընդգծած է Անժէլա Էլիբեգովան։

Արցախէն զօրքերու դուրս բերուելուն հարցը այս առումով, ըստ ազրպէյճանագէտի, ամենաակնառու օրինակն է, նաեւ ազրպէյճանական հերթական պահանջը, որ լուռ կը կատարեն ՀՀ գործող իշխանութիւնները։

«Ատիկա ազրպէյճանական հերթական պահանջն էր, որ մեր առաջ դրուած էր Նոյեմբեր 9-էն ետք, եւ կայ այդպիսի պահանջներու շարք մը, որուն մէկ մասը հայկական կողմը, զիջումներու երթալով, արդէն կատարած է, մէկ մասն ալ, կ՝ենթադրուի, որ ընթացքի մէջ է եւ նոյնպէս կը կատարուի՝ հետեւելով ընթացքի տրամաբանութեան։ Չկայ զիջումներու կարմիր գիծ, որուն առջեւ հայկական ներկայ իշխանութիւնը պիտի կանգնի եւ ըսէ՝ չէ, ասկէ այն կողմ մենք պիտի չի զիջինք։ Մինչեւ այս պահը՝ 1,5-2 տարի է, մենք կը տեսնենք, որ այդ զիջումները հետզհետէ ակնառու կը դառնան»,- շեշտած է ազրպէյճանական հարցերու մասնագէտը։