Հայ Դատի «Խրիմեան Հայրիկ» Մրցանակը Պիտի Շնորհուի Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանին

Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, կազմակրպութեան «Խրիմեան Հայրիկ» հեղինակաւոր մրցանակը պիտի յանձնէ վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանին՝ իբրեւ վարձատրութիւն աշխարհի տարածքին անոր իրագործած բարեսիրական առաքելութիւններուն։

Վեր. Ճամպազեան ծնած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբ վանքի համալիրին մէջ եւ զաւակն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած Համբարձում եւ Մերի Ճամպազեաններուն: Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Երուսաղէմի, Ամմանի եւ Պէյրութի մէջ, իսկ 1967-ին աւարտած է Զուիցերիա գտնուող Պիթընպերկի Աստուածաբանական դպրեվանքին մէջ:

1967-1973 տարիներուն, ան պատուելին եղած է Ֆրանսայի մէջ երկու եկեղեցիներու՝ նոյն ժամանակ հետեւելով աստուածաբանական դասընթացքներու եւ ձայնամարզումի: Ան աստուածաբանական ուսումը շարունակած է Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանութեան դպրոցին (NEST) մէջ (1975-1977):

1973-1981 տարիներուն, ան իբրեւ պատուելի եւ դասատու ծառայած է Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին, որուն աշակերտութեան թիւը 900-ի կը հասնէր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի այդ տարիներուն, ան իր հանգուցեալ եղբօր՝ պատուելի Յակոբին հետ, դարմանատուն մը հաստատած է՝ վեց բժիշկներով, առողջապահական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար:

1981-1993 տարիներուն, ան գլխաւոր պատուելին եղած է Լոս Անճելըսի Հայ ժողովական միացեալ եկեղեցւոյ, իսկ 1997-2007-ին, Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ համաշխարհային առաքելութիւններու պատասխանատուն եղած է եւ շնորհիւ անոր՝ վեց լեզուներու տիրապետելուն՝ առաւել քան 40 առաքելութիւններ իրականացուցած է Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Եգիպտոսի, Սուտանի (Տարֆուր), Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ:

2015-2021-ի միջեւ ան եղած է Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւը։

Վերապատուելի Ճամպազեան նաեւ հեղինակած է «Հայազարթում» հատորը:

«Վերապատուելի Ճամպազեան հայութեան եւ Հայ Դատին սպասրկուի օրինակելի տիպար մըն է եւ հաւատքի միջոցով իր սպասարկութիւնները հասցուցած է նաեւ միջազգային համայնքին, զինք արժանի դարձնելով կրօնականներու վերապահուած «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակին», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:

24 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկի տոսմերը ապահովելու համար այցելել կայքէջը։