ԱԱԾ-ն Կ՝առաջարկէ Խստացնել Սփիւռքահայերու Համար ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Կարգը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կ՝առաջարկէ ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող հայ անձի կողմէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու համար իբրեւ պարտադիր պահանջ սահմանել Հայաստանի մէջ վերջին երկու տարուան ընթացքին առնուազն 60 օր օրինական հիմքով բնակելու կամ գտնուելու հանգամանքը:

Սահմանադրութեամբ՝ հայերը Հայաստանի մէջ բնակելու պահէն ունին ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու իրաւունք, սակայն «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքով սահմանուած չէ, թէ որ պահէն անձը կը համարուի Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած:

«Մասնաւորապէս, ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող 18 տարին լրացած, գործունակ, օտարերկրեայ պետութեան մէջ բնակող կամ Հայաստանի մէջ օրինական հիմքով բնակող (գտնուող) իւրաքանչիւր անձ իրաւունք ունի դիմելու ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար, եթէ օրէնքով սահմանուած կարգով վերջին երեք տարին մշտապէս բնակած է Հայաստանի մէջ: Կը սահմանուի, որ ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող հայ անձը, որուն խնամակալը ՀՀ քաղաքացի է, կրնայ ստանալ քաղաքացիութիւն առանց վերոյիշեալ պահանջներու պահպանման: ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացին մէջ օրէնքը առաւել մեծ հնարաւորութիւն սահմանած է հայերու համար, քան ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ։

Գործող օրէնքին նկատակը, ըստ ԱԱԾ-ի՝ հայրենադարձութիւնը խթանելն է, սակայն ծառայութեան կողմէ վերջին տարիներու կատարուած ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ հայ հանդիսանալու հանգամանքով պայմանաւորուած ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցող անձերու ստուար զանգուած մը, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի քաղաքացիները, երբեւէ չեն եղած Հայաստան կամ ժամանած են հազուադէպ` 4-5 տարին մէկ անգամ․ «Իսկ որոշ պարագաներու ժամանած են միայն ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցելու նպատակով եւ, իբրեւ կանոն, չեն իրականացներ հայանպաստ գործունէութիւն։ Բացի այդ, եղած են նաեւ դէպքեր, երբ քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք՝ ՀՀ քաղաքացիի անձնագրերը օգտագործած են միայն այլ պետութիւններ ճամբորդելու հնարաւորութիւն ունենալու համար»։

ԱԱԾ-ն յանգած է այն եզրակացութեան, որ հայերու համար սահմանուած խրախուսող չափանիշները փաստացի ոչ ամբողջապէս կ՝ապահովեն օրէնքով ներդրուած նպատակներու իրականացումը:

«Ակնյայտ է, որ օտարերկրեայ պետութիւններու պարագային, յատկապէս առանձին պարագաներու ներքաղաքական սուր լարուածութեան եւ ռազմական գործողութիւններու գօտիներու մէջ, ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ սահմանափակ միջոցներով, կարճ ժամկէտներու մէջ ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցող անձի ներկայացուցած կենսագրական տուեալներու, ներառեալ` հայ ըլլալու փաստի արժանահաւատութեան անհրաժեշտ խոր եւ բազմակողմանի ստուգում իրականացնելը յաճախ անիրատեսական կը դառնայ»,- նշուած է հիմնաւորման մէջ։