Հայաստանի ու Արցախի Իւրաքանչիւր Քաղաքացի Պէտք է Գիտակցի, որ Ինքը Պարտաւորութիւն Ունի ՀՀ Ամէն Մէկ Կտորի Նկատմամբ. Բալայեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

99 տարի առաջ` Յուլիս 7-ին, Արցախի հատուածի մը վրայ ձեւաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը, որուն սահմաններէն՝ միայն Հիւսիսային Արցախէն, դուրս մնացած է 102 հայկական բնակավայր։ Թէեւ Ազրպէյճանի ջանքերով Արցախի զգալի հատուած մը ինքնավար մարզի սահմաններէն դուրս մղուած է, այդուհանդերձ, ամրագրուած է, որ մարզը կը ստեղծուի Արցախի հայկական հատուածին վրայ՝ ատով իսկ փաստուած է, որ ԼՂԻՄ հենքին վրայ ստեղծուած Արցախի հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հետ որեւէ աղերս չունի։ Այդ մասին «Փաստինֆոյ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ պատմաբան, Արցախի ԱԺ պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան։

«Բանակցային գործընթացին մէջ հայկական կողմը պէտք է առաջ տանի այդ առանցքային կէտը, այսինքն՝ երբ կը խօսուի երեք կարեւորագոյն սկզբունքներու մասին, որոնցմէ մէկը տարածքային ամբողջականութիւնն է, պէտք է բացառուի այն թիւրընկալումը, թէ տարածքային ամբողջականութեան առումով Ազրպէյճանը Արցախի նկատմամբ յաւակնութիւն ներկայացնելու որեւէ հիմք ունի։ Շատ կարեւոր է արձանագրել, որ ԼՂԻՄ-ը, որուն հիմքին վրայ ստեղծուած է Արցախի Հանրապետութիւնը, ինքնավար միաւոր էր Խորհրդային միութեան կազմէն ներս՝ իր կառավարման ձեւերով, եւ քաղաքականապէս կ՝ենթարկուէր Մոսկուային։ Ի վերջոյ, փաստ կը մնայ այն, որ ԼՂԻՄ-ը հինգ պատգամաւոր ունեցած է ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդին մէջ»,- շեշտեց Բալայեան՝ աւելցնելով, որ ատիկա այն անհերքելի ապացոյցներէն մէկն է, որ ԼՂԻՄ-ը ինքնուրոյն միաւոր էր՝ օժտուած այն բոլոր իրաւունքներով, ինչ Միութեան միւս ինքնավար միաւորները, եւ Արցախի հետ կապուած Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան խախտման մասին խօսիլը անտրամաբանական է։

Պատմաբանին համոզումով՝ մեր դիւանագիտութիւնը պէտք է աշխատի այս իսկ ուղղութեամբ, այսինքն՝ միջազգային հանրութեան, բանակցային գործընթացին մէջ ներգրաւուած կառոյցներուն հասկցնէ, որ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը չի հակասեր ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին, քանի որ անիկա կ՝ենթադրէ նոյնինքն Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, որ ձեւաւորուած էր Խորհրդային միութեան օրէնքներու, միջազգային չափանիշներու հիման վրայ։

«Պէտք է առաջ տարուի այն թեզը, որ առաջնային է վերականգնել Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Զուգահեռաբար հսկայական աշխատանք պէտք է տարուի դուրսը, որպէսզի միջազգային հանրութեան հասկնալի ըլլայ, որ խորհրդային տարիներուն պատմական Արցախէն կտոր-կտոր պոկուած եւ բռնակցուած է Ազրպէյճանին։ 1923թ․ ԼՂԻՄ-ի կազմաւորման զուգահեռ Ազրպէյճանի ջանքերով սկսաւ ձեւաւորուիլ «Կարմիր Քուրտիստան» գաւառը՝ հայկական Քաշաթաղի ու Քարվաճառի բնակավայրերուն վրայ։ Ատով Ազրպէյճանը նպատակ ունէր Լեռնային Ղարաբաղն ու Խորհրդային Հայաստանը կտրել, բաժնել իրարմէ»,- կը նկատէ պատմաբանը։

Բալայեան կը շեշտէ՝ 1923 թուականի փաստաթուղթին մէջ Բերձորը՝ Աւդալար անունով, ընդգրկուած եղած է այն 212 բնակավայրերու ցանկին մէջ, որոնց հիման վրայ ստեղծուած է ԼՂԻՄ-ը։ Միայն ամիսներ անց, Ազրպէյճանի ջանքերով, անիկա պոկուած է ԼՂԻՄ-էն եւ բռնակցուած Ազրպէյճանին՝ յայտարարուելով, այսպէս կոչուած, Կարմիր Քուրտիստանի կեդրոն։ 1921թ․ ռազմական քարտէզներուն մէջ եւս, մեր զրուցակիցին խօսքով, Հայաստանն ու ԼՂԻՄ-ը միասին են, իրարմէ անջատ չեն ներկայացուած։

Հակառակ անոր, որ արհեստականօրէն ստեղծուած քրտական գաւառը ընդամէնը 7 տարի կեանք ունեցաւ, այդուհանդերձ, անոր դառը պտուղները հայկական կողմը կը քաղէ առայսօր։ Պատմաբանի արձանագրութեամբ՝ Ազրպէյճանը իր հեռուն գացող նպատակին հասած է՝ նախ միջազգային հանրութեան կարենալով մատուցել, թէ, իբր, Քաշաթաղը, Քարվաճառը ազրպէյճանական տարածքներ են, յետոյ ալ՝ հայ հասարակութեան պահանջատիրութիւնը կոտրած է։

«Քաղաքական գործիչները պէտք է հիանալի տիրապետեն պատմական փաստերուն, որպէսզի բանակցային գործընթացի ժամանակ կարենան առաջ մղել մեզի համար կարեւոր ու շահեկան փաստերը։ 18-րդ դարու կէսերուն Մռաւէն մինչեւ Քաշաթաղ եղած է 142 հայկական գիւղ, ալ չեմ խօսիր այն մասին, որ այդ հատուածի անտառներուն մէջ որքան խաչքարեր, ամրոցներ, եկեղեցիներ կան, որոնք այդ տարածքներու հայկականութեան կարեւոր վկաներէն են։ Ակնայի գինիի գործարանին դիմաց ալ 6-րդ դարու եկեղեցւոյ հետքեր յայտնաբերուած են։ Այսինքն՝ պատմական բազմաթիւ հիմքեր կան, որ Քաշաթաղը, Քարվաճառը, Ակնան, Ջրականը, Վարանդան եւ այլն, պատմական Արցախի տարածքներն են։ Պատմագիտական աղբիւրները՝ ներառեալ օտար հեղինակներունը, շատ են, ուղղակի լոպպիստական աշխատանքի առումով շատ կը կաղանք։ Ազրպէյճանը օրուան մանուկի ենթագիտակցութեան մէջ կը մտցնէ, թէ, իբր, հայերը Արցախը խլած են իրենցմէ եւ ջանք չի խնայեր այդ կեղծիքը միջազգային մակարդակով ամրապնդելու համար, իսկ մենք, դժբախտաբար, մեր իսկ հասարակութեան մէջ դեռ չենք ձեւաւորած այն գիտակցութիւնը, որ արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին մենք ոչ թէ գրաւած ենք Քաշաթաղը, Ակնան եւ այլն, այլ ազատագրած ենք մեր պատմական հողերը»,- կը նշէ մեր զրուցակիցը։

Արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակ մեր ունեցած ձեռքբերումները, Բալայեանի խօսքով, յետագայ տարիներուն մենք չենք կրցած ամրագրել, սպառողական հոգեբանութեամբ եւ անկարողութեան բարդոյթով ապրած ենք։

Պատմաբանը վստահ է՝ ունեցածը պահելու եւ կորսնցուցածը ետ բերելու համար ունինք երկու առաջնային ընելիք՝ ճանչնալ սեփական Հայրենիքը՝ պատմութիւնը լաւ ուսումնասիրելով եւ երկրի հանդէպ պատասխանատւութիւն ու պահանջատիրութիւն ձեւաւորել հասարակութեան իւրաքանչիւրի մօտ։

«Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի յայտնի արտայայտութիւնը՝ «Սերգօ ջան, դուն լաւ պիտի չապրիս, քանի դեռ Ղարաբաղի հարցը կայ», մեր պարտութեան բուն պատճառը դարձաւ։ Ազրպէյճանի մէջ ամէն ինչ ըրած են, որ իրենց քաղաքացիները մտածեն, թէ, իբր, Ղարաբաղը իրենցն է եւ պատրաստուին պատերազմով զայն «ետ ստանալ», իսկ մեր իշխանութիւնները՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանէն սկսեալ, ըսած են, թէ մենք չենք կրնար աշխարհի դէմ կռուիլ․ այդպէս հասարակութեան մէջ անկարողութեան բարդոյթ ձեւաւորուեցաւ եւ մենք մեր պատմական հողերուն սկսանք օտարի աչքով նայիլ։ Ատիկա յանցագործութիւն էր հայ ժողովուրդին դէմ»,-կը նկատէ պատմաբանը։

Բալայեան կը շեշտէ՝ Հայաստանի ու Արցախի իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է գիտակցի, որ ինքը պարտաւորութիւն ունի ՀՀ ամէն մէկ կտորի նկատմամբ։ Միայն այդպէս՝ հաւասարապէս պատասխանատու եւ սրտացաւ ըլլալով ինչպէս Երեւանի, այնպէս ալ Սիւնիքի, Արցախի ու միւս հատուածներու հանդէպ, ըստ պատմաբանի, պիտի կարենանք Հայաստան-Արցախի ներկայ սահմանները պաշտպանել եւ կորսնցուցածը ետ բերել։