Ժողովուրդը Կրնա՛յ Վերջ Տալ Հին Օրերէն Եկող Պատուհասներու «Շքերթին». (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Երբ նախակրթարանի մէջ կրօնի առաջին դասերը կ’առնէինք, արարչագործութեան ու անոր հետեւած բազում իրադարձութիւններուն շարքին, կար բաժին մը, որ միաժամանակ ահ եւ ակնածանք ստեղծած էր մեր մանուկ ուղեղներուն ու հոգիներուն մէջ: Սա՝ Եգիպտոսի մէջ գերիի վիճակին մատնուած հրեայ ժողովուրդին փրկութեան ճիգերու շարքն էր: Փարաւոնը մերժած էր արտօնութիւն տալ, որ հրեաները վերադառնան իրենց դաւանած հայրենիքը: Եւ ահա, Աստուած զայրացած էր իր «ընտրեալ ժողովուրդ»ին հանդէպ անարդար վերաբերմունքէն, ու հրեաներուն թախանձանքին ընդառաջ՝ շարք մը պատուհասներով պատժած էր փարաւոնին երկիրը: Հին Կտակարանի Ելից գիրքին մէջ կը պատմուի, որ օր մը Նեղոսի ջուրերը արիւնով ողողուած էին, ուրիշ օր մը համաճարակներ տարածուած էին (չէ, այդ օրերուն Պսակաւորին մասին խօսք չկար), յետոյ վրայ հասած էին կարկուտն ու մարախներու պարսերը, խաւարով պատուած էր երկնակամարը: Այս բոլորը զգաստութեան չէին բերած անգութ թագաւորը, ու Աստուած ստիպուած եղած էր պատիժներէն ամէնէն ահաւորը հասցնելու դաժան բռնատէրին: (Չմոռնանք, որ Հին Կտակարանի օրերուն, ան անսահման ներողամտութեամբ չէր օժտուած, այլ ոխերիմ էր, ինչպէս յորջորջած է զայն Պետրոս Դուրեան): Եւ ահա, տեղի ունեցած էր զաւակներու կոտորածը… Սահմրկած փարաւորնը ի վերջոյ ծունկի բերուած էր եւ արտօնած՝ որ հրեաները Մովսէսի առաջնորդութեամբ հեռանան ու իրենց հետ տանին պատուհասներու շարանը:

Մնացեալը ծանօթ պատմութիւն է, անոր մասին ժապաւէններ ալ արտադրուած են:

***
Հայաստանի յետ-անկախութեան տարիները աչքի առջեւ ունենալով, սակայն մասնաւորաբար կեդրոնանալով վերջին չորս տարիներու արհաւալի զարգացումներուն վրայ, մեր միտքը յաճախ չարչարած է հարցում մը. արդեօք Հայ ժողովորդը ի՞նչ ծանր յանցանք գործած է, որ ահաւոր պատուհասներ կը հարուածեն մեզ, ամէնէն անասելին՝ մեր ձեռքով ստեղծուած պատուհասները: Արդեօք ճի՞շդ էին միջնադարու խաւարամիտ կրօնաւորները, թէ մենք, հակառակ քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ժողովուրդը ըլլալնուս, այնքա՜ն մեծ ու անքաւելի մեղքեր գործած էինք, որ մեր գլխուն թափած էին աստուածային անվերջանալի պատիժներ. օր մը՝ երկրաշարժ, ուրիշ օր մը՝ օտար արշաւողներ ու մեր երկիրը քար ու քանդ ընողներ, արեան բաղինքներ սարքողներ, ցեղասպան թուրքն ու ազերին՝ջարդարարներ եւ բռնագաղթի հանողներ, մշակութային ստեղծագործութիւններ փոշիացնողներ…

Անցեալը ձգենք պատմութեան էջերուն եւ վերադառնանք վերանկախացման օրերուն: Սա ի՞նչ յանցանք, ինչպիսի՜ մեղքեր գործած ենք, որ արժանացած ենք, Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն սկսեալ, մինչեւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այսօրուան իշխանաւոր խմբակին: Մեծագոյն պատուհասը՝ այսօրուան իշխանաւոր խմբակը, հայութեան հազարաւոր զաւակները մահուան գիրկը նետողը (առանց մոռնալու այլ պատուհասները) անվիճելիօրէն կը նսեմացնէ «նախկիններ»ուն շատ մը մեղքերը, ամէն օր կը կոտրէ նախորդ պատուհասներուն մրցանիշը:

Բնականաբար 44-օրեայ պատերազմը գագաթնակէտ մրցանիշ մըն էր, որ յաջորդեց Տաւուշի (մոռնանք 2016-ի քառօրեան) յաղթական ճակատամարտին: Հայաստանն ու հայութիւնը պատուհասուեցան Արցախի մեծագոյն մասին կորուստով, մաս մը հետեւանք՝ մարտական ճակատումներու, իսկ մեծ մաս մըն ալ թշնամիին իբրեւ սրբուխ նուէր՝ «խաղաղութեան դարաշրջան պիտի բանանք» քարոզողներուն կողմէ: Այդ կորուստները եղան, ձեւով մը՝ սկիզբ երկանց, որովհետեւ «Արցախը տանք՝ հանգիստ ապրինք»ը մնաց ցնորք, նոյնինքն վարչապետը խոստովանեցաւ, որ կրնայինք այդքան կորուստ չունենալ, յետոյ ալ՝ երաշխիք չունի, որ իր խաղաղատենչութիւնը պիտի իրականացնէ իր խոստումները: Ան բառացիօրէն ընդունեց իր յանցանքներն ու ապիկարութիւնները եւ ցարդ կը մնայ անպատիժ:

Մէկ բան յստակ է. 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, բոլոր զարգացումներ ջուր կը լեցնեն Ազրպէյճանի եւ անոր ոճրակից Թուրքիոյ ջաղացքին, իսկ Երեւանի իշխանաւորները, հակառակ ներքին ու արտաքին շրջանակներէ ուղղուած զգուշացումներուն, հասած խորհուրդներուն եւ պտիկ մը զօրակցական կեցուածքներուն, ոգի ի բռին կը դարձնեն այդ ջաղացքին անիւը, բանիւ եւ գործով պատրաստելով Հայաստանը թրքական ենթակայութեան տակ դնելու հողը (ու զարմանալի՞ է, որ մարդիկ մինչեւ իսկ սկսած են մտածել, թէ «ի՞նչ կ’ըլլայ որ… Դարեր շարունակ մնացեր ենք թուրքին եւ այլոց տիրապետութեան տակ, երեսուն տարուան անկախութիւնը չի՞ բաւեր», կամ աւելի ահաւորը՝ «մենք արժանի չենք անկախութեան»): Հայաստանէն ազերիներուն գրաւած հողերը կը հռչակուին ազերիապատկան, այլ հողերու զիջումի խոստումներ կը հնչեն օր ցերեկով, Լաչինի անցքն ալ կը պատրասուի վաղը գումարուիլ նուէրներու ցանկին…: Բանակին վերականգնումը մատնաչափ մը յառաջ չի շարժիր, սահմանային գրեթէ բոլոր կարեւոր դիրքերը, ջրային պաշարներու ակունքներ նուէր տրուած են թշնամիին, բանակը հրամանատար չունի մօտաւորապէս 5 ամիսէ ի վեր, իսկ վերակազմակերպման հաւաստիքները կը յիշեցնեն «մինչեւ առուն ջուր գայ, գորտին աչքը դուրս կու գայ» առածը:

***
Այս բոլորը բաւարար չըլլային կարծէք, ահա նոր պատուհաս մըն ալ կը պայթի դատական համակարգին մէջ: Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախկին նախագահը՝ Ռուբէն Վարդազարեան, հրապարակ կը նետէ աւելի քան տարի մը առաջ կատարուած ձայնագրութիւն մը, որուն մէջ, խորհուրդին այժմու պաշտօնակատար նախագահը՝ Գագիկ Ջհանկիրեան՝ վարչապետին դրածոն, առանց բառերը ծամծմելու կը յայտարարէ, թէ ինք պարտաւոր է պաշտօնէն հեռացնելու կազմին նախագահը, ճիտին պարտք դրուած է ձախողեցնել ընդդիմադիրներուն իշխանութեան հասնիլը: Անոր պատկերասփռուած ինքնարդարացման իւրաքանչիւր հատուածը յաւելեալ փաստ մըն էին իր մեղաւորութեան, յանցապարտութեան (նման բաներ զգալու կարողութիւնը ունի՞ արդեռք այս «գիտնական-բանգէտ» յորջորջուածը):

Ջհանկիրեան հաւանաբար հաւաբուծարանէ մը հասած է իր այժմու պաշտօնին, որովհետեւ անամօթաբար, բարձրաճակատ կը յոխորտայ, թէ ինք «կուտ տուած է» Վարդազարեանին (որ ուրեմն պէտք է ընդունի թէ հաւ է կամ ճուտիկ), զայն համոզելու՝ որ հրաժարական տայ եւ իր դիրքը զիջի իրեն: Վարդազարեանի դէմ յարուցուած են քանի մը դատական հարց: Ամենազօ՜ր Ջհանկիրեան կը խոստանայ բոլոր հետապնդումները դադրեցնել, ի գին Վարդազարեանի կամովին հրաժարման (ալ երկորդական կը դառնայ, թէ ան իսկապէս յանցաւո՞ր է, թէ հարցերը կարկտան են): Փոթորիկը այնքան սաստիկ է, որ պարզ քաղաքացին կը մոռնայ հարց տալ, թէ պարո՛ն պաշտօնակատար, եթէ Վարդազարեանը յանցաւոր է, ինչպէ՞ս կարելի է անոր դատը փակել հրաժարականով: Սա չի՞ նշանակեր, թէ ոեւէ յանցագործ կրնայ յոյս ունենալ հետապնդումներէ զերծ մնալ՝ այս կամ այն տեսակի կաշառքով, այսինքն՝ «կուտ ուտելով, կուտ տալով…»: Սա չի՞ նշանակեր, որ արդէն իսկ խարխլած դատական համակարգը անթաքոյց հարուած մը կը ստանայ: Բայց պէ՞տք է զարմանալ. Փաստօրէն, այս քայլը գործնական մէկ արձագանգն է ու շարունակութիւնը՝ դատարանները պաշարման տակ առնելու, «ո՞ր դատաւորը կը համարձակի իմ կամքիս հակառակ որոշում տալու» վարչապետ կոչեցեալի ծանօթ քայլերուն ու յոխորտանքին, Սահմանադրական դատարանի կարգ մը անդամները հրապուրիչ կենսաթոշակներով կաշառելով՝ փոխարինողներ գտնելու ճիգերուն (եւ նման բազում հարուածներու), որոնք յարկ առ յարկ փուլ կը բերեն ո՛չ միայն դատական համակարգը, այլեւ երկրաշարժի կը մատնեն ամբողջ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ ու ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, կը յաջորդեն բանակի քայքայման, տնտեսական վիճակի անկումին, սահմաններու անպաշտպան թողման եւ ոստիկանութիւնը բառացիօրէն կաշառելով՝ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանի մէջ իրողական բռնատիրութեան ամրացման…: Իսկ այն չքմեղանքները, թէ՝ ձայնագրութիւնը կատարուած է գաղտնօրէն, այսինքն՝ արիութիւն չէ նման բան ընելը, կը յիշեցնէ գերիներու մասին Ալէն Սիմոնեանի՝ «մեզի համար հարց ըլլալէ դադրած են»ը՝ նմանապէս գաղտնօրէն արձանագրուած յայտարարութիւնը: Ու մեր «արդարադատ» ձեռքերը վաղը պիտի ժպրհին նման ձայնագրութիւններ կատարողները հետապնդումի ենթարկել, հաշիւ պահանջել անոնցմէ:

…Չէ՞ որ Ճիւլիան Ասանժներն ու Սնոտըններն ալ հետապնդումի կ’ենթարկուին, որովհետեւ բացայայտած են պետական ոճիրներ: Չէ՞ որ Նիքսըններու գայթակղալի սադրանքները բացայայտողն ալ ատենին պետական դաւաճան հռչակուեցաւ, սակայն Նիքսընի անկումը պատմութիւն կերտեց:
***
Հիմա եկո՛ւր եւ այս աղաղակող անիրաւութիւնները փորձէ ցոյց տալ իշխանաւորները պաշտպանողներուն, կամաւոր կուրութեամբ անոնց հաւատարմութիւն դաւանողներուն: Թող ընդդիմադիր ճակատները, խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական խելամիտ շրջանակները հազար հանրահաւաք-ցոյց կազմակերպեն, մատները աչք կոխելու համազօր փաստերով ցուցահանդէսներ կազմակերպեն հրապարակներուն վրայ, թէ՝ ինչպիսի՜ պատուհասներ արձանագրուեցան մասնաւորաբար վերջին 20 ամիսներուն, եւ դեռ նորեր կախուած են մեր գլուխներուն վերեւ: Պրիւքսէլեան հանդիպումէն առաջ եւ ետք, իբրեւ թէ սահմանազատում հետապնդող գաղտնի բանակցութիւններէն ու համաձայնութիւններէն սպրդած տեղեկութիւններ հրապարակ կը նետուին, օրինակի համար, որ քանի մը օրէն Լաչինի անցքը իբրեւ նորագոյն նուէր պիտի տրուի Ազրպէյճանին, որ իբրեւ թէ հոգածո՜ւ ճիգով մը «հայերու երթեւեկին համար այլընտրանքային ճամբայ մը» կը բանայ Արցախէն դէպի Հայաստան, ճամբայ մը, որ ամբողջովին պիտի առնուի թուրք-ազերիական վերահսկողութեան տակ (արդեօք Գորիս-Կապան ճամբուն այլընտրանքային ճամբա՞ն ալ օր մը պիտի մատնուի նոյն ճակատագիրին), իբրեւ նորագոյն փորձ՝ ռուս խաղաղապահ ուժերու շրջանէն վանումի նախապատրաստութեան (Ի՞նչ կայ որ, ռուսը չըլլայ, թուրք-ազերին կը պաշտպանեն մեզ…): Թող ընդդիմադիրներն ու Հայաստանը, Արցախը պահպանել ուզողները հազար փաստ ու նախընթաց ցոյց տան, թէ այս իշխանութիւնը չէ բաւարարուած ծանօթ պատուհասներուն կուտակման իր մեղսակցութեամբ, այլ պատրաստ է նոր մղոններ կտրելու նահանջի, հողատուութեան եւ երկիրն ու պետութիւնը կործանելու ճամբուն վրայ (եւ դուրսէն ալ հովանաւորներ կը հայցէ-կը գտնէ):

Հայրենապաշտպանութեան բոլոր կոչերուն՝ իշխանաւորներն ու անոնց մունետիկները, բթացած ուղեղներով համակիրներու փաղանգով մէկտեղ, ունին մէկ պատասխան. վարչապետն ու խմբակը (թուրքին հետ շահակցութիւն հետապնդողներն ալ միասին) ընտրուած են, ունին «երկաթէ մանտաթ», լիազօրութիւն ունին ընելու այն՝ ինչ որ յարմար կը տեսնեն: Եթէ ուզեն՝ կրնան ամբողջ Հայաստանն ալ նուիրել թուրք-ազերիին, կը բաւէ, որ թշնամին զանոնք կարգէ կառավարիչ:

Դատական համակա՞րգն է այսօր հարուածի տակ ինկողը, քայքայուողը: Իշխանաւորներն ու համակիրները ձեզի պիտի ըսեն. «Նախկիններն են մեղաւորը»: Այս պարագային, թերեւս իրաւացի են. ի վերջոյ, Ջհանկիրեանէն աւելի հին մէկը կա՞յ: Արդեօք ան «նախկիններուն» կողմէ չէ՞ սպրդեցուած այս իշխանութեան համակարգին մէջ, որպէսզի վարկաբեկէ անմե՜ղ, բարեմի՜տ եւ հայրենասէ՜ր Նիկոլները… (Հայաստանի խորհրդայնացման 40-ամեակին առիթով, հրապարակ եկաւ եւ մինչեւ Սփիւռք տարածում գտաւ խանդավառ երգ մը, որ կը սկսէր «Քառասուն գարուն տեսել, քառասուն պսակ հիւսել» տողերով. ունէր յանկերգ մը, որուն առաջին տողը կ’ըսէր. «Հներից հին ես դու…»: Այսօր մոռացութեան գիրկը ինկած այդ երգին հեղինակը արդեօք նախատեսա՞ծ էր, որ օր մը «հներից հին» Ջհանկիրեան մը գործի պիտի կանչուէր՝ իբրեւ պատուհասներու յաւելուած):

Բանակը կը մնայ անկազմակե՞րպ: Դարձեալ հիներն են պատասխանատուն, հոգ չէ թէ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ասդին, ոչ նախարարական, ոչ ալ հրամանատարական դասուն մէջ հիներ թողուած են:

Հինե՛րն են որ ազերիներուն յանձնեցին Գորիս-Կապան ճամբան: Հիներն են որ Սեւ լիճի շրջանին մէջ ամրացուցին ազերիական դիրքերը, այլ տարածքներ յանձնեցին թշնամիին: Հինե՛րն էին որ քառվաճարցիներուն, սիւնեցիներուն եւ այլոց խորհուրդ տուին այրել իրենց տուներն ու զանոնք աւանդ չթողուլ թշնամիին:

Հինե՛րն էին որ ազերիներուն զիջեցան սահմանի երկայնքին ռազմագիտական գրեթէ բոլոր բարձունքները:

Հինե՛րն են որ կը պատրաստուին «ազերիապատկան կղզեակներ»ը իբրեւ անհատոյց նուէր տալ թշնամիին: Հինե՛րն են որ արգելք կ’ըլլան գերիներու ազատ արձակման (թիւն իսկ անորոշ կը մնայ աւելի քան մէկ ու կէս տարի ետք):

Հինե՛րը… հինե՛րը… հինե՛րը… Միայն անոնք էին, որ չխոստովանեցան, թէ 44-օրեայ պատերազմը ձախաւերութիւն եւ ահաւոր կորուստ էր, այլ կը բաւականանան մեղադրական փաստեր շարելով:

Քանի մը զինուրականներ եւ քաղաքայիններ կը ձերբակալուին ու դատարան կը տարուին (արդա՛րօրէն, ո՛չ մէկ խօսք), որովհետեւ թշնամիին տեղեկութիւն հաղորդած են ո՛չ իսկ 30 արծաթի փոխարէն, մոռնալով, որ հսկայական հողեր յանձնողն ու հազարաւորներու կորստեան ու հաշմանդամութեան մատնուելուն պատասխանատուն (դուք կատարեցէք որակումը), ՅԱՆՑԱՆՔԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՂ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ կը շարունակէ ազատօրէն շրջագայիլ Հայաստանի մէջ (ձեր աչքերը փակեցէք ոստիկանական շարք-շարք շղթաներուն դիմաց), կը ճամբորդէ հոս-հոն, գործնականացնելու համար Արցախի մնացեալ տարածքին ու Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն յանձնումը («Իրեն այդպէ՛ս կը պարտադրեն»ը ծակ չքմեղանք է), պատրաստելու այդ շրջաններուն հայաթափումը: (Մոռցէ՛ք նաեւ Նախիջեւանը, Գետաշէնն ու Շահումեանը, Հատրութն ու Շուշին: Իսկ այսօր ո՞վ կը յիշէ Արեւմտեան Հայաստանը… ու եթէ յիշող կայ, պարզապէս ցնորամիտ է, ծանօթ չէ պատմութեան, Հայաստանի իսկական աշխարհագրութեան, որ նոր սահմանում եւ վերախմբագրում կը գտնէ նիկոլական իշխանութեան ու Հայաստանի լինելութեան անտարբեր հովանաւորներուն օրով):

Հայաստանն ու Արցախը վերածուած են անղեկ(ավար) մակոյկի մը, որ ինկած է ահաւոր յորձանուտի մը մէջ, կը սահի դէպի անէացում, արդէն պատառ-պատառ կուլ կ’երթայ համաթուրանական դարաւոր ծրագիրին, իսկ իշխանութիւնը կը յամառի խաղաղասիրական ցնորքներով տարուիլ եւ օրօրել զանգուածը, որ իրողապէս դարձած է զգայազուրկ (որքա՞ն պէտք է սպասենք, որ «պատերազմին ցնցումը անցնի»), ինկած է ինքնամոռացութեան, հայրենիքն ու պատմութիւնը սեփական ձեռքո՛վն իսկ ջնջելու՝ «խաղաղասիրական» ծրագիրներուն զօրակցութեան տուայտանքին մէջ (Աստուած հոգին լուսաւորէ Ստալիններուն, Մոսկուայի ու Կարսի համաձայնագիրները կնքողներուն…): Ամէն օր կը հիւսուին կամ հրապարակ կը նետուին «մանր դէպքեր», որոնք կարեւոր ըլլալով հանդերձ, հանրութեան ուշադրութիւնը կը շեղեն մեծ պատուհասներէն, երկիրը կործանումի տանող յորձանուտէն:
***
Քանի մը օր առաջ, հայրենի լրատու աղբիւրները աւետիս մը տուին: Մեծամօրի կայանին երկու հնոցները վերսկսած են բանիլ, այսինքն՝ ելեկտրականութեան տագնապը կրնայ դարմանուիլ:

Մտածում. արդեօք կարելի չէ՞ այդ հոսանքէն մաս մը գործածել եւ ելեկտրացնցումի ենթարկել Հայաստանի թմրած ուղեղները (քանի մը բարդ-battery ղրկել իշխանաւորներուն փառաբանանքով տոգորուած սփիւռքցիներու), այնպէս՝ ինչպէս ելեկտրացնցումի կ’ենթարկեն սրտի դադար ունեցող տագնապահարներ: Թերեւս կարելի ըլլայ «Զարթի՛ր, Լաօ՛»ն հասցնել նոր մակարդակի եւ վերջակէտ մը դնել իմաստակութեան ու ծակ-մեկնաբանութիւններու այն ալիքներուն, որոնք կը շարունակեն նախկիններն ու դիմադրութեան շարժումի ղեկավարները այպանել՝ իբրեւ «ապարդիւն պայքար առաջնորդողներ»: Թերեւս մահաքուն նախընտրող ուղեղները արթննան եւ տեսնեն, լսեն, որ հայրենիքի փրկութեան համար, ընդդիմադիրները շատո՜նց բաց հրաւէր ուղղած են բոլորին, որպէսզի միացնեն ձեռքերը, կարողութիւննե՛րը:

Եւ ո՞վ է ըսողը, որ այսօրուան իշխանութեան հեռացումէն ետք, «նախկինները» պիտի գրաւեն երկրին ղեկը: Արդեօք բթացումը հասած է հո՞ն, որ մարդիկ մոռցած են, թէ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ է ընտրողը, քուէարկողը, կամ արդեօք պէ՞տք է հաւատալ, որ հայրենի քաղաքական-դիւանագիտական-ռազմական-տնտեսագիտական սերուցքը սպառած է եւ միայն ՔՊ-ականներն են վերջին մոհիկանները:

Իսկական ժողովրդավարութիւնը (այսքա՜ն դառն փորձառութիւններէ եւ պատուհասներէ ետք) կրնայ շատ աւելի լաւ արդիւնքի հասնիլ ու հասցնել երկիրը, իշխանութեան ղեկին բերել ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ մը, որ իր կողքին ունենայ հայրենիքին տիրութիւն ընելու պատրաստ զանգուածը, ձեռնարկէ փրկելու այն՝ ինչ որ կարելի է փրկել՝ մինչեւ իսկ 9 Նոյեմբերի աղէտալի համաձայնագիրը իբրեւ գործիք ունենալով, հասնելու անոր չեղարկման, քանի որ Ազրպէյճանը ո՛չ մէկ քայլ առած է Հայաստանի համար նպաստաւոր մանրուքներն իսկ իրականացնելու ուղղութեամբ: Այլ խօսքով, ժողովուրդը կոչուած է ի՛նք ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԸԼԼԱԼՈՒ այն շարժումին, որ իր շահերուն ու քաղաքական ցանկութիւններուն մարմնաւորումը խոստացող, ի՛սկապէս նոր ու յեղափոխական իշխանութիւն մը հասցնէ երկրի ղեկին, աշխատի փակել հին օրերէն սկսած պատուհասներու «շքերթ»ին էջը: Այլընտրանք չկայ: