Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի Պատ­մա­կան Ե­լոյ­թը Ա­թէն­քի Մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազատ Օր»

Հա­յաս­տա­նի ­Առաջին Հան­րա­պե­տու­թեան վեր­ջին վար­չա­պետ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան 1964-ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տան, բա­նա­խօ­սե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 46-ա­մեա­կի պան­ծա­լի հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք տե­ղի ու­նե­ցան Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։ ­Ներ­կայ թի­ւով կը հրա­տա­րա­կենք Ա­թէն­քի հան­դի­սու­թեան թղթակ­ցու­թե­նէն հա­տո­ւած մը, նկա­րագ­րե­լով Վ­րա­ցեա­նի խօս­քը, որ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ա­ւե­լի քան 1700 հան­դի­սա­կան­նե­րէն, ո­րոնք հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­նուն հա­յու դէմ­քին վրայ տե­սան ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կերտ­ման ու բար­գա­ւաճ­ման ամ­բող­ջա­կան մարմ­նա­ցու­մը։

Եւ ա­հա ­Հա­յաս­տա­նի նախ­կին վար­չա­պե­տը՝ բե­մին վրայ: ­Բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ: Ո՞վ չէ լսած իր ա­նու­նը եւ ո՞վ չէ կար­դա­ցած իր գրու­թիւն­նե­րը: ­Մաս­նա­ւո­րա­բար, մեր վեր­ջին վաթ­սու­նա­մեա­կի փո­թոր­կա­լի պատ­մու­թեան կեն­դա­նի վկա­նե­րէն մէկն է ան: ­Հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման պատ­մու­թեան ճա­նա­պար­հին վրայ, վեր­ցու­ցէք ո­րե­ւէ քար եւ ա­նոր տա­կէն, ու­րիշ­նե­րու կար­գին, դուրս պի­տի գայ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան: Ա­կա­նա­տես վկայ, պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծիչ եւ մեր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցին:

Ըն­կեր Վ­րա­ցեան իր խօս­քը սկսաւ, նախ հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը յայտ­նե­լով հել­լէն ժո­ղո­վուր­դին եւ կա­ռա­վա­րու­թեան, որ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր ա­պաս­տան տո­ւած են հայ բե­կոր­նե­րուն, ո­րոնք ա­զա­տօ­րէն կը տօ­նեն ի­րենց ան­կա­խու­թեան տա­րե­դար­ձը:

Ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ հայ եւ հել­լէն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ճա­կա­տագ­րի նոյ­նու­թեան:
Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան փլու­զու­մը,- ը­սաւ,- սկսաւ ­Պալ­քա­նեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մով եւ այդ շար­ժու­մին գլխա­ւոր դրօ­շա­կի­րը հան­դի­սա­ցաւ ­Հել­լա­դան:

Ըն­կեր Վ­րա­ցեա­նի ե­րեք քա­ռորդ ժամ տե­ւած բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը, ան­շուշտ կա­րե­լի չէ տալ ճշգրտօ­րէն, միայն լսե­լով: ­Բա­րե­բախ­տա­բար, բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը ե­րի­զագ­րո­ւե­ցաւ եւ կը յու­սանք թէ՝ պի­տի հրա­տա­րա­կո­ւի քա­նի մը օ­րէն:

­Քա­նի մը մտքեր միայն.-

­Մա­յիս 28-ը մեր ան­ցեա­լի յի­շա­տակն է եւ ա­պա­գա­յի յոյ­սը: ­Հա­յոց ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տո­ւե­ցաւ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ: ­Պար­տո­ւած թուր­քը ստի­պո­ւե­ցաւ ճանչ­նալ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը: Այդ ան­կա­խու­թեան տա­րե­դար­ձը կը տօ­նէ Ս­փիւռ­քի ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը: ­Կը տօ­նէ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի եր­կու մի­լիոն հա­յու­թիւ­նը՝ իր հո­գիին մէջ: Այ­սօր չկայ ա­զա­տու­թիւ­նը, բայց կայ ­Հա­յաս­տա­նը: Ա­նոր խորհր­դա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չէ եւ չի՛ կրնար ըլ­լալ ա­մե­նայն հա­յոց կա­ռա­վա­րու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ, են­թա­կայ է ­Մոս­կո­ւա­յի: ­Բայց, ինչ որ ալ ըլ­լայ, այդ խորհր­դա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հայ­րե­նի հո­ղին ու­ժով պար­տա­ւոր է հա­յա­նալ: Ե­թէ մեր հայ­րե­նի­քը այ­սօր ըլ­լայ ա­զատ, հա­յու­թիւ­նը փո­խա­նակ ­Գա­նա­տա, Աւստ­րա­լիա կամ այ­լուր ար­տա­գաղ­թե­լու մա­սին մտա­ծե­լու, պի­տի մտա­ծէր հայ­րե­նի­քին մէջ հաս­տա­տո­ւե­լու մա­սին: ­Շի­նա­րար հայ ժո­ղո­վուր­դը իր ա­զատ հայ­րեն­քին մէջ կրնար հրաշք­ներ գոր­ծել: ­Ժա­մա­նա­կա­ւոր է սա­կայն, այս կա­ցու­թիւ­նը: ­Վար­չա­ձե­ւե­րը կ­՚եր­թան, բայց կը մնայ հայ­րե­նի­քը: ­Մենք այդ հայ­րե­նի­քին հետ ենք: Ա­նոր իս­կա­կան բա­րե­կամ­նե­րը մե՛նք ենք: Երբ 1921-ի գար­նան, իբր կա­ռա­վա­րու­թիւն կը լքէինք ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղը, մենք ուխ­տե­ցինք մնալ հայ­րե­նի­քին հետ: Եւ մնա­ցինք: ­Մենք դէմ ե­ղանք եւ ե՛նք այ­սօր ալ ո­րե­ւէ զի­նա­կան գոր­ծո­ղու­թեան, որ վտան­գի կրնայ են­թար­կել մեր հայ­րե­նի­քը: ­Խորհր­դա­յին վար­չա­ձե­ւը իր բո­լոր չա­րիք­նե­րով, գո­նէ քա­ռա­սուն տա­րուան խա­ղա­ղու­թեան շրջան մը ա­պա­հո­վեց հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին: ­Յա­ճախ, մե­զի ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յա­ցո­ւած են մեր սահ­մա­նա­կից դրա­ցի­նե­րէն զէն­քի դի­մել խորհր­դա­յին վար­չա­ձե­ւին դէմ: ­Մենք դէմ ե­ղած ենք եւ պի­տի ըլ­լանք մի՛շտ այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րուն, այն­քան ա­տեն որ թրքա­կան վտան­գը ­Դե­մոկ­լեան սու­րի պէս գո­յու­թիւն ու­նի մեր գլխուն վե­րեւ: ­Թուր­քը ծրագ­րեց յի­սուն տա­րի ա­ռաջ մեզ բնաջն­ջել: ­Բայց, չյա­ջո­ղե­ցաւ: 1914-ին ընդ­հա­նուր հա­յու­թեան թի­ւը չորս մի­լիո­նի մօտ էր: Իսկ այ­սօր, 4 մի­լիո­նէն ա­ւե­լի: Աշ­խարհ այ­սօր բաժ­նո­ւած է եր­կու ճա­կատ­նե­րու: ­Հե­ռու չէ այն օ­րը, երբ գո­յու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ միայն մէկ աշ­խարհ եւ ա­նոր մէջ ա­զատ ապ­րե­լու ի­րա­ւունք պի­տի ու­նե­նան բո­լո՛ր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, ա­ռանց բռնու­թեան դի­մե­լու: Երբ Ափ­րի­կէի կի­սա­վայ­րե­նի ժո­ղո­վուրդ­ներն ան­գամ ի­րենց ան­կա­խու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան կը տի­րա­նան, ան­կա­րե­լի է, որ դա­րա­ւոր մշա­կոյթ եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն ու­նե­ցող մեր ժո­ղո­վուր­դը մնայ բռնա­կա­լու­թեան մը լու­ծին տակ, նեղ սահ­ման­նե­րով: Ա­տոր հա­մար կ­’ը­սեմ որ, ­Մա­յիս 28-ը մեր ա­պա­գա­յի յոյսն է: ­Կեց­ցէ՛ հայ ժո­ղո­վուր­դը: ­Կեց­ցէ՛ ա­զատ եւ ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նը:

Ըն­կեր Վ­րա­ցեան խօ­սե­ցաւ ո՛չ թէ իբր կու­սակ­ցա­կան, այլ իբր հա­րա­զատ եւ ա­նա­չառ հայ, որ ու­նի միայն մէկ մտա­հո­գու­թիւն,- ­Հա­յաս­տա­նը եւ այդ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տու­թիւ­նը եւ ամ­բող­ջա­ցու­մը: