Եռագոյնին Դիւցազներգութիւնը. Գրիգոր Տունկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մայիսեան առաջին օրերուն հետ, զարթնած է Նայիրեան ոգին: Ազգային արժանապատուութեան ոտնահարումին դէմ, ցասումի խաղաղ ցոյցերով, ոտքի կանգնած է հայրենաբնակ ժողովուրդը: Անոր արդար պահանջին միացած են արտերկրի բոլոր հայ ոստանները, «Դիմադրութեան հետ Հայրենիքի համար» տրամաբանութեամբ եւ միասնականութեան կրթիչ օրինակով։

ՀՀ անկախութեան տօնի հերթական տարենշումին ընդառաջ, Մայիսեան յաղթերգութեան պսակումը հանդիսացող անկախ պետականութեան խորհրդանիշը դարձած եռագոյն դրօշի գոյերթին առնչուած յիշարժան տուեալներ կ’ուզեմ բաժնեկցիլ յարգելի ընթերցողներուս հետ։

Հայկական Կիլիկիոյ, վերջին ինքնիշխան թագաւորութեան, եռագոյն դրօշը տարերային կերպով պահուած էր մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ, որպէս Հայոց դրօշ։ Այս իսկ պատճառով, Հայ ազգային ազատագրական գաղափարներու առաջին տարածիչներէն Շահամիր Շահամիրեան 1773-ին Մատրասի մէջ իր հրատարակած «Որոգայթ Փառաց»-ին մէջ ուրուագծած է ապագայ անկախ պետականութիւնը եւ նկարագրած է անոր դրօշը՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն։

1918-ին, ՀՀ. անկախութեան հռչակումէն մօտ 60 տարի առաջ, Միքայէլ Նալպանտեան «Մեր Հայրենիք»-ին մէջ ակնարկած է ապագայ դրօշին ըսելով. «Նայիր նրան երեք գոյնով, նուիրական մեր նշան, թող փողփողի թշնամուն դէմ, թող միշտ պանծայ Հայաստան»։

Հայ ժողովուրդի անօրինակ միասնականութեամբ, 1918-ին Մայիսեան հերոսական ճակատամարտերէն ետք հռչակուած հայոց անկախ Հանրապետութեան դրօշը կը դառնար Եռագոյնը։Հայաստանի խորհրդայնացումէն ամիսներ ետք, 18 Փետրուար 1921-ին, Հայաստանի խորհրդային Իշխանութեան դէմ ծագած համաժողովրդային յաղթական ապըստամբութեան դրօշն էր Եռագոյնը, որուն բնօրինակը ապստամբութեան նահատակ, դաշնակցական Տիգրան Ծամհուրի արեան հետքերով, այժմ կը գտնուի ՀՅԴ թանգարանի ցուցասրահը, Երեւան։

23 Օգոստոս 1990-ին, Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը, կ’ընդունէր Հայաստանի անկախութեան մասին բանաձեւ «Հռչակագիր»-ը եւ սկիզբը կը դրուէր վերանկախութեան գործընթացին: Հայկական Սոցիալիստական Հանրապետութեան անունին կը փոխարինէր Հայաստանի Հանրապետութիւն անունը, Ղարաբաղը կը յայտարարուէր անբաժան մասը Հայաստանի, իսկ Հայաստանի հրապարակները լեցուցած ծովածաւալ բազմութիւնը արդէն կը ծածանէր եռագոյն դրօշը։

Սովետական իշխանութեան կողմէ Հայաստանէն խլուելով եւ որպէս ինքնավար մարզ Ատրպէճանին բռնակցուած հայկական Արցախի արի ժողովուրդը 1991-ի Սեպտեմբերին կայացուցած համաժողովրդային հանրաքուէով կը հռչակէր իր անկախութիւնը։ Անկախ Արցախի Հանրապետութեան պետական դրօշը կը դառնար եռագոյնը, յատուկ տարբերակով մը զատորոշուած ՀՀ դրօշէն։ Նահատակ ցեղի անմահներ, տորմիղ հրաթեւ, զէն ի ձեռին, հայրենի հողին վրայ կը կոթողէին եռագոյն դրօշը, միացնելով հողն ու ազգը։

Ամբողջ 70 տարի, Հայրենիքէն դուրս որպէս ազգային ինքնութեան խորհրդանիշ պահուած եռագոյնը վերադարձած էր հայրենիք։

Հայոց նորագոյն պատմութեան բախտորոշ մէկ փուլին կերտուած Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշը ոչ միայն անկախ պետականութեան խորհրդանիշ է, այլեւ նուիրական սուրբ նշանն է միացեալ Հայաստանի եւ պահանջատէր հայութեան, երէկ յորդաններուն դէմ թրքական, այսօր վարքագիծին դէմ յանձուողական։

Եռագոյնը հրաւիրակն է հայ ազգային միասնականութեան, յուշարարը հայրենիքի ամբողջական պահպանումին եւ տակաւին բռնագրաւուած տարածքները միացնելու անհրաժեշտութեան։

Եռագոյնը Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակը անեղծ պահող սերունդներու դարաւոր ներշնչարանն է։