ՀՀ Կառավարութեան Ղեկավարի Երէկուան Յայտարարութիւնները Խիստ Վտանգաւոր են Թէ՛ Հայաստանի, Թէ՛ Արցախի Համար. Արման Թաթոյեան

Հայաստան

ՀՀ կառավարութեան ղեկավարի երեկուան յայտարարութիւնները խիստ վտանգաւոր են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի համար: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ նախկին ՄԻՊ Արման Թաթոյեան:

«Հայաստանի անվտանգութեան համակարգը ուղղակի կ՝աւերուի նման յայտարարութիւններով, որոնք կապուած են քաղաքական նեղ շահերով եւ չունին մասնագիտական հիմքեր:

Այս կերպով պատերազմի աւարտէն սկսեալ միջազգային հանրութենէն թաքցուած են ազրպէյճանական յանցաւոր արարքներու մանրամասնութիւնները: Այդ փաստերը թաքցուած են նաեւ ներքին հանրութենէն ու Սփիւռքէն:

Լուրջ ճնշումներու ենթարկուած են ու կը շարունակեն ենթարկուիլ այդ փաստերը բարձրաձայնողները: Տեղի կ՝ունենայ պարզապէս տեղեկատուական խափանում:

Սեփական սխալները կոծկելու եւ դժգոհութիւններ առաջ չբերելու համար ՀՀ բարձրաստիճան տարբեր ղեկավար պաշտօնեաներու կողմէ արդարացուած ու օրինականացուած են մեր գիւղերու հարեւանութեամբ ու ճանապարհներուն ազրպէյճանական անօրինական զինուած տեղակայումները, սեփական քաղաքական շահերու համար կատարուած են Հայաստանի տարածքային իրաւազօրութիւնը Ազրպէյճանին զիջող պաշտօնական յայտարարութիւններ՝ անտեսելով Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը, կեանքի եւ միւս իրաւունքները:

Այս պաշտօնեաները նաեւ հետեւողականօրէն զերոյացուցած են պատմական նշանակութեան մեր հիմնարար թեզերը՝ սկսեալ այն բանէն, որ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը որեւէ կապ չունի Արցախի հետ եւ չէ ալ ունեցած, անտեսուած է, որ ազրպէյճանական պետական դոկտրինային մէջ Հայաստանի զգալի մասը կը համարուի «ազրպէյճանական պատմական տարածք» եւ որ մեր նկատմամբ կը տարուի ֆաշիզմի հասնող ատելութեան ու թշնամանքի քաղաքականութիւն եւ այլն:

Այս ամէնը միջազգային ասպարէզի մէջ ազատած է Ազրպէյճանի ձեռքերը եւ հնարաւորութիւն տուած աշխարհը կեղծիքներով լեցնելու հաշուին զբաղցնելու իր շահերուն համար նպաստաւոր դիրքեր, իսկ մեզի դրած է աշխարհաքաղաքական շահերու յորձանուտին մէջ:

Դատապարտելի կերպով առաջ քաշուեցաւ եւ սկսաւ աշխարհին գովազդուիլ, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան» օրակարգը այն պարագային, երբ Ազրպէյճանը մեզի հետ խաղաղութեան մասին կը շարունակէ խօսիլ միայն աւերելու ու ոչնչացնելու սպառնալիքներով եւ կը շարունակէ իր յանցաւոր արարքները: Զուգահեռ՝ Հայաստանի մէջ սկսան մարդոց զգօնութիւնը թմրեցնող յայտարարութիւններ՝ առանց մէկ կրամ անգամ տեսնելու այդ օրակարգի արդիւնքները:

Իբրեւ արդիւնք՝ «խաղաղութիւն»ը մնաց միայն մեր վրայ եւ եղաւ այնպէս, որ ատիկա պէտք է իրականացուի մեր իրաւունքներու եւ արժանապատւութեան, Հայրենիքի հաշուին՝ ինչ է, թէ Հայաստանի մէջ կան պաշտօնեաներ, որոնք իրենց քաղաքական շահերն ու պաշտօններու պահպանումը երկրի անվտանգութենէն աւելի կը գերադասեն:

Ուստի, ՀՀ կառավարութեան ղեկավարի ու, առհասարակ, ոեւէ այլ պաշտօնեայի կամ պետական մարմնի նման որեւէ յայտարարութիւն չունի օրինականութիւն եւ չի կրնար դրուիլ մեր ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան հիմքին»: