Կը Պահանջենք, որ Հայաստանի Իշխանութիւնները Հրաժարին Իրենց Ներկայ Աղէտալի Դիրքորոշումէն. Արցախի ԱԺ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի ԱԺ արտահերթ նիստին՝ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան հրապարակեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը, որմով անընդունելի կը համարեն Արցախի համար որեւէ այլ կարգավիճակ, քան ինքնորոշումը։

Քիչ առաջ Արցախի ԱԺ-ն յայտարարութիւնը ընդունեց միաձայն։

Յայտարարութիւն.

«Արցախի Հանրապետութեան ներկայ իրաւա-քաղաքական կարգավիճակը ձեւաւորուած է համաժողովրդական կամքի արտայայտութեամբ ՝ երեք հանրաքուէներու, անոնց իբրեւ արդիւնք ընդունուած Սահմանադրութեան ազդեցութեամբ եւ հայութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ նախընթաց տարիներուն հաստատուած համազգային համաձայնութեան ճանապարհով։

Արցախահայութիւնը քաջ կը գիտակցի խաղաղութեան գինը: Արցախի պետականութիւնը եւ պատմական հայրենիքի մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը բացարձակ արժէքներ են, եւ անոնցմէ անգամ պատերազմի սպառնալիքը չի կրնար ետ պահել մեզի:

Հայաստան-ազրպէյճան «խաղաղութեան» օրակարգով՝ Արցախը Ազրպէյճանին բռնակցելու ցանկացած բանակցային գործընթաց ինքնին, ինչպէս նաեւ անկէ բխող փաստաթուղթի ստորագրումը, կը տապալէ ոչ միայն Արցախի պետականութիւնը, այլեւ արցախահայութեան` իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու անքակտելի իրաւունքը:

Կը պահանջենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները հրաժարին իրենց ներկայ աղէտալի դիրքորոշումէն եւ առաջնորդուին բացառապէս այս արժէքներով: Ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի «խաղաղութեան» պատրուակով  Արցախի համար անընդունելի կարգավիճակի, ինչպէս նաեւ՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած ինքնորոշման իրաւունքի բանակցային նշաձողը իջեցնելու:

Արցախահայութեան անունով կը դիմենք

·         Աշխարհասփիւռ հայութեան` այս արդար պայքարին մէջ միասնաբար եւ վճռականօրէն կանգնելու Հայաստանի եւ Արցախի եղբայրներու եւ քոյրերու կողքին:

·         Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մեր գործընկերներուն՝ չշեղելու ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի 1992թ․ Յուլիս 8-ի որոշման ուղեգիծէն։

·         Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկավարութեան` մեզի համար խիստ կարեւոր խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքին առիթ չտալ որեւէ մէկուն շահարկելու ծագող խնդիրները` իբրեւ Արցախի ժողովուրդի յետագայ անվտանգութիւնը հարցականի տակ դնելու հիմք:

·          ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն` անկախ առկայ այլ տարաձայնութիւններէն՝ ջանքեր գործադրելու պահպանելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման միակ միջազգային իրաւագիր ունեցող ձեւաչափը։

Ստեփանակերտ

14 Ապրիլ 2022»: