Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերու Սադրանքներուն Պատճառով Խրամորթէն Ժամանակաւորապէս Այլ Բնակավայրեր Տեղափոխուած Են Գիւղի Կիներն ու Փոքրիկները. Յայտարարութիւն

Հայաստան

Վերջին օրերուն Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուող սադրանքներուն պատճառով Ասկերանի շրջանի Խրամորթ համայնքէն ժամանակաւորապէս այլ բնակավայրեր տեղափոխուած են գիւղի կիներն ու փոքրիկները։ Կը տեղեկացնենք, որ անոնք դեռ չեն վերադարձած հայրենի գիւղ, քանի որ կ՝իրականացուին անվտանգային լրացուցիչ աշխատանքներ։ Այս մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ասկերանի շրջանի վարչակազմը։

Այլ բնակավայրերու բնակիչներու անվտանգութեան մասով որեւէ նման խնդիր առկայ չէ, եւ անհրաժեշտութիւն չկայ լրացուցիչ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնելու բնակչութեան կողմէ:

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը եւ մնացեալ լիազօր մարմինները կը հետեւին իրավիճակին եւ, ըստ անհրաժեշտութեան, պիտի ձեռնարկեն անվտանգութեան համապատասխան քայլեր: