Ազրպէյճանի Այս Ցեղասպան Գործողութիւնները Տեղի Կ՝ունենան Միջազգային Հանրութեան Աչքին Առջեւ. Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան

44-օրեայ պատերազմի արհաւիրքէն ետք, երբ մեր ժողովուրդը ունի հազարաւոր զոհեր, կորուսեալ հայրենիք, մշակութային ցեղասպանութեան ենթարկուող հայկական վանքեր, եկեղեցիներ ու գերեզմանատուներ, Արցախի Հանրապետութիւնը այսօր կանգնած է մարդասիրական նոր աղետի առջեւ։ Ասիկա նշուած է Արցախի եւ Հայաստանի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններու` միջազգային կառոյցներուն ուղղած կոչ-յայտարարութեան մէջ։

«Պատերազմի աւարտէն ու 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան ընդունումէն գրեթէ մէկ ու կէս տարի անց Ազրպէյճանը կը շարունակէ արցախցիներուն նկատմամբ տարբեր մեթոտներով իրականացնել ցեղական զտման իր քաղաքականութիւնը: Աշխարհաքաղաքական լարուածութեան եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը ուքրանական ճգնաժամով շեղուած ըլլալու պայմաններուն մէջ՝ պաշտօնական Պաքուն կտրուկ կերպով աշխուժացուցած է լարուածութիւնը եւ ճնշումները ամբողջ Արցախի Հանրապետութեան եւ յատկապէս սահմանային գօտիի բնակավայրերուն վրայ:

Ս․թ․ Մարտ 8-էն Արցախի ողջ բնակչութիւնը զրկուած է հանրապետութիւն մտնող բնական կազէն: Ազրպէյճանական կողմը շարունակաբար կը խոչընդոտէ կազատարի վերանորոգման աշխատանքները: Իբրեւ արդիւնք՝ հանրապետութեան կենսապահովման վայրերը՝ հիւանդանոցները, ծննդատուները, հացի արտադրամասերը, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւնները, զրկուած են ջեռուցումէ: Կազի խափանման պատճառով 20,000 երեխայ զրկուած է դպրոց յաճախելու հնարաւորութենէն։ Հանրապետութեան մէջ մեքենաներու 70%-էն աւելին, ինչպէս նաեւ շատ ծառայութիւններու ողջ աշխատանքը կազով է, հետեւաբար, արցախցիներուն սպառնացող փոխադրամիջոցային ճգնաժամը եւս հեռու չէ։

Այս ամէնը ազրպէյճանական կողմէն ելեկտրականութեան եւ կապի միջոցներու շարունակական խաթարման հետ միասին կը ստեղծեն անտանելի պայմաններ բնականոն կեանքի համար: Ազրպէյճանական կողմը կը սպառնայ նաեւ Արցախի բնակչութեան ֆիզիքական գոյութեան․ մասնաւորապէս, միջին եւ խոշոր տրամաչափի զէնքերով կը կրակէ հայկական գիւղերու ուղղութեամբ: Մարտ ամսուն ականանետային կրակի թիրախ դարձած են Արցախի Կարմիր Շուկա, Խրամորթ եւ Խնապատ գիւղերը: Իբրեւ արդիւնք արցախեան կողմը ունի վիրաւոր, ինչպէս նաեւ թիրախաւորուած կրթական հաստատութիւն:

Կրակոցները, մարդասիրական աղէտ ստեղծելուն ուղղուած միջոցները ազրպէյճանական կողմէն կ՝ուղեկցուին Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն նկատմամբ ակնյայտ հոգեբանական ճնշման մեթոտներով: Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ազրպէյճանական կողմը բարձրախօսներով ու հայերէնով հայ բնակչութեան մէջ կը տարածէ տարածքը լքելու սպառնալից կոչեր: Վերոնշեալ յանցաւոր արարքները՝ զուգորդուած Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան վերացման եւ խեղաթիւրման գործողութիւններով, կը տեղաւորուին պաշտօնական Պաքուի հետեւողական, բացայայտ հայատեաց քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ, որուն վերջնանպատակը Արցախէն ցեղական հայ բնակչութեան բնաջնջումը կամ դուրսմղումն է:

Ազրպէյճանի այս ցեղասպան գործողութիւնները տեղի կ՝ունենան միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ եւ չեն արժանանար համապատասխան արձագանգի: Կոչ կ՝ընենք միջազգային ողջ հանրութեան՝ ընդհանրապէս ու ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահ երկիրներուն՝ մասնաւորապէս, ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու վերահաս մարդասիրական աղէտն ու հայերու նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ ցեղական զտման քաղաքականութիւնը Արցախի մէջ»,- գրուած է յայտարարութեան մէջ:

Նախաձեռնութեան միացած են «Դիզակ ԱՐՏ», «Արցախի փախստականների միութիւն», «Յանուն Հադրութի», «Վերադարձ դէպի Դիզակ», «Հադրութի դեօկուպացիա», «Վերադարձ դէպի Քաշաթաղ», «Վերադարձ դէպի Քարվաճառ», «Քաղաքացիական հաբ», «Հարմոնիա», «Թրանսփերենսի Ինթերնեյշընըլ Հայաստան», «Յանուն հաւասար իրաւունքների կրթական կենտրոն», «Մարդու իրաւունքների հետազօտութիւնների կենտրոն», «Իրաւունքների պաշտպանութիւն առանց սահմանների», «Համայնքային համախմբման եւ աջակցութեան կենտրոն», «Շուշի հայրենակցական միութիւն», «Շուշիից բռնագաղթած հայ ազգաբնակչութիւն», «Ազրպէյճանական ԽՍՀ-ից փախստականների համագումար», «Կռունկ», «Շուշիի դեօկուպացիա» հասարակական կազմակերպութիւնները։

Յայտարարութիւնը բաց է միանալու համար: