Ո՞վ Կրնայ Ըսել, որ Փութինի Գլխուն Մէջ Կարսը, Էրզրումը եւ Արտահանը Ռուսիոյ Պակսող Մասերը Չեն. Թուրք Կուսակցապետ

Աշխարհ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Լաւ» կուսակցութեան նախագահ Մերալ Աքշեները, կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ելոյթ ունենալով, քննադատած է իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը Ուքրանիոյ հարցով։ Այս ծիրէն ներս՝ ըստ Ermenihaber.am-ի՝ նաեւ անդրադարձած է Հայաստանին եւ հայկական թեմային վերաբերող հարցերու։

Աքշեները նշած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելու մասին յայտարարելով, հակառակը կ՝ընեն ու երկրի արտաքին յարաբերութիւնները կը մղեն անհաւասարակշռութեան։

Ըստ Աքշեների դիտարկման՝ առաւօտեան Էրտողանը ՆԱԹՕ-ի երկիրներուն կոչ կ՝ընէ իրենց պարտականութիւնները կատարելու (Ուքրանիոյ նկատմամբ), իսկ նոյն օրը երեկոյեան «ԵԽ-ի մէջ ՌԴ անդամակցութիւնը առկախելու քուէարկութեան ժամանակ, ուր միայն Հայաստանը աջակցած էր ՌԴ-ին, Թուրքիան ձեռնպահ կը քուէարկէ»։

Այս ծիրէն ներս՝ Աքշեները ըրած է հետեւեալ շեշտադրումը․ «Պատերազմի մէջ, ուր երկիրները կը կռուին իրենց ազատութեան եւ ինքնիշխանութեան համար, մենք անոնց հետ միասին ենք։ Ուքրանիոյ քաղաքները, խաղաղ բնակիչներու բնակութեան վայրերը թիրախ դարձած են։ Ստիպուած ենք ըսել, որ ասիկա ակնյայտ բռնագրաւման եւ յարձակման նախաձեռնութիւն է, քանի որ ՌԴ նախագահ Փութինը չի ճանչնար Ուքրանիոյ ժողովուրդին կամքը, չի յարգեր քաղաքական ինքնիշխանութիւնը։

Երբ Ռուսիոյ այս մօտեցումը ակնյայտ է, ո՞վ կրնայ պնդել, որ Թուրքիոյ համար ան անվտանգ է։ Ո՞վ կրնայ հանգիստ ըսել, որ Փութինի գլխուն մէջ Կարսը, Էրզրումը եւ Արտահանը Ռուսիոյ պակսող մասերը չեն»։