Ազգային Գաղափարախօսութեան Անհրաժեշտութեան Մասին «Գարուն Ա» Ժապաւէնի Ներկայացումը

Այլեւայլ, Հայաստան

1 Մարտին Հայաստանի շարժապատկերի սրահներուն մէջ սկսաւ ներկայացուիլ «Գարուն Ա» ժապաւէնը, որ, ըստ անոր ստեղծագործական խումբի անդամներուն, «մեր մասին պատմող ֆիլմ» է։ Ֆիլմին հերոսները կը սիրեն, կը պատերազմին, կը յուսալքուին, սակայն կը շարունակեն պայքարիլ եւ ապրիլ յանուն հայրենիքի, յանուն երկրի ապագային. անիկա ձեւով մը կ՛ամփոփէ Հայաստանի վերջին երեսուն տարին։ Այս ոասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութեան լրագրողները ոչ միայն կարելիութիւն ունեցան դիտելու զայն, այլ նաեւ հանդիպում ունենալու ստեղծագործական կազմին եւ զրուցելու անոնց հետ:

Ժապաւէնի գլխաւոր արտադրիչ Ալեքսանդր Խաչատրեան նաեւ գլխաւոր դերակատարներէն է: Ան կերտած է բացառիկ զինուորականի կերպար, որուն համար երկիրն ու հայրենիքը բացարձակ արժէքներ են: Ըստ Խաչատրեանի` «Գարուն Ա»ն սիրոյ, բանակի, ազգային գաղափարախօսութեան անհրաժեշտութեան ու արժանապատւութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքի նկատմամբ ունեցած մեր վերաբերմունքի տեսակներուն մասին է:

«Մենք կը ներկայացնենք այն մարդու տեսակը, որ կ՝ուզենք` ըլլայ: Չենք փափաքիր ցուցադրել մարդու այն տեսակը, որ վատ է: Կան տարբեր հայրենասիրութիւններ: Շատ ցաւալի խնդիրներ կը բարձրաձայնուին, որոնց լուծում չեմ կրնար գտնել»,- շեշտեց Խաչատրեան:

Բեմադրիչ Ռոման Մուշեղեան 28 Փետրուարին կրցաւ Հայաստան վերադառնալ Ուքրանիայէն, ուր գացած էր ժապաւէնին վերաբերող որոշ աշխատանքներ աւարտելու նպատակով: Ան կը խոստովանի` ցաւալի տեսարաններու ականատես դարձած է ու վերապրած այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ հայութեան հետ։

«Իւրաքանչիւրս է պատասխանատու հայրենիքի ապագայի համար: Պէտք չէ միայն մեղադրել, ինչպէս հերոսներէն Արամ Ամատունին կ՝ըսէ ֆիլմին մէջ. անհրաժեշտ է պատասխանատւութիւն կրել հայրենիքի նկատմամբ, հայրենասիրութիւնը արտայայտել գործով»,- յայտնեց Մուշեղեան:

Բեմադրիչը փորձած է գլխաւոր կերպարներէն մէկուն` ջութակահար Լեւոնին միջոցով նկարագրել պատերազմը եւ հանդիսատեսին թոյլ տալ մտածելու, թէ ի՛նչ էր ի վերջոյ ճիշդ որոշումը. ջութակահարը պէտք է հայրենիքին ծառայէր` մեծ բեմե՞ր նուաճելով, թէ՞ զէնքով:

Ջութակահարը մարմնաւորած դերասան Լեւոն Հախվերդեան այն կարծիքին է, որ արուեստագէտը ազգին, ժողովուրդին խիղճն է: «Ինչպէս շատ դասական ֆիլմերու մէջ, այնպէս ալ այստեղ արուեստագէտի միջոցով կը ներկայացուի պատերազմը, որ առաւել ազդեցիկ կը դարձնէ ամէն բան: Իմ կերպարը հնարաւորութիւն ունի հանդէս գալու մեծ բեմերու վրայ, բայց կեանքը, հանգամանքները այնպէս կը դասաւորուին, որ ան իր տաղանդը ստիպուած կ՝օգտագործէ մարտի դաշտին մէջ: Ես շատ կ՛ուզէի, որ ասիկա միայն ֆիլմ ըլլար»,- եզրափակեց ան:

Արմէն Մարգարեան ժապաւէնին մէջ կերտած է Լեւոնի հօրը` Գնելի կերպարը: Ըստ անոր՝ կարելի է հայրենասէր ըլլալ նաեւ բեմին վրայ: Մարգարեան երբեմն կը ստանձնէ դերեր, որոնք կ՛առնչուին իր անձնական կեանքին: Դերասանը համաձայն չէ իր մարմնաւորած կերպարի որոշ միտքերուն, գործողութիւններուն, սակայն այդ ժամանակաշրջանին վերապրած է այն, ինչ որ իր կերպարը ապրած էր:

Ժապաւէնի գլխաւոր արտադրիչը Ալեքսանդր Խաչատրեանն է, արտադրիչը` Դիանա Աւետիսեանը: Բեմագրութիւնը հեղինակած է Յարութիւն Ղուկասեանը: Ստեղծագործական կազմը վստահ է, որ ֆիլմը ունի բոլոր հնարաւորութիւնները միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացուելու, քանի որ նկարահանուած է բարձրագոյն չափանիշներով:

Ժապաւէնին ամերիկեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը նախատեսուած է 1 Ապրիլին:

Ժապաւէնին գլխաւոր հերոսները երեք են` պապ, որդի, թոռ: Երեք սերունդ, երեք տարբեր բնաւորութիւններու տէր մարդիկ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛արտացոլացնէ մերօրեայ հասարակութեան մտածելակերպը: Պապը` Արամը, արհեստավարժ զինուորական է, նախկին գնդապետ, ամբողջ կեանքը նուիրած է պետականութեան կառուցման գործին: Որդին` Գնելը, ձեռներէց է. մինչ օրս չէ ներած հօրը՝ հայրենիքը ընտանիքէն վեր դասելուն համար: Թոռը` Լեւոնը, երաժիշտ է, որ կ՛ոգեշնչուի իր մեծ հօր գաղափարախօսութեամբ, սակայն հերոսի կեանքին մէջ ապագան եւ հայրենիքի նկատմամբ պարտքը կը բախին՝ ստեղծելով ժապաւէնին հիմնական հակամարտութիւնը։