«Համահայկական Երիտասարդական Դմադրութիւն» Շարժման Առցանց Հաւաքը

Հայաստան, Սփիւռք

Սոյն թուականի Յունուար 16-ին տեղի ունեցաւ «Համահայկական երիտասարդական դմադրութիւն» շարժման առցանց ընդհանուր հաւաքը, որուն մասնակցեցան 20 երկիրներէ շարժման միացած 70-է աւել երիտասարդական կազմակերպութիւններ՝ շուրջ 115 ներկայացուցիչներով։ Վերջիններս տարբեր ոլորտներու մէջ գործող (քաղաքական, եկեղեցական, կրթամշակութային, բարեսիրական, մարզական, ուսանողական․․) եւ տարբեր հայացքներ ունեցող կազմակերպութիւններ են, որ համախմբուած են շարժման տեսլականին, նպատակներուն եւ օրակարգին շուրջ։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը։

Հանդիպման բանախօսն էր՝ Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեան։ Ան, կարեւոր համարելով արտաքին թշնամիին հանդէպ վրէժի ոգիով առաջնորդուիլը եւ ազգային արժանապատւութեան վերականգնումը՝ հրամայական համարեց պատերազմի վախէն ձեռբազատուիլը, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդութեան գաղափարականացումը, որուն իբրեւ արդիւնք պիտի յառաջանայ համատարած ժողովրդական պոռթկումը։

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ՝ Արշակ Մեսրոպեան ներկայացուց դիմադրութեան շարժման պայքարի 5 հիմնական ուղղութիւններն ու յառաջիկայ աշխատանքները, որոնք պիտի իրականացուին։

Յառաջիկայ քայլերուն վերաբերեալ տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում։ Շեշտը դրուեցաւ աշխատանքները Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ կեդրոնացնելու եւ սփիւռքեան համայքներու երիտասարդութիւնը դիմադրութեան գաղափարին շուրջ կազմակերպելուն վրայ։

Հայ երիտասարդութիւնը չէ հանդուրժած եւ չէ համակերպուած այսօրուան իրականութեան հետ։ Համահայկական երիտասարդական դիմադրութեան ցանցը օրէ օր կ՝ընդլայնուի եւ իր ամբողջ կարողականութիւնն ու ներուժը պիտի կեդրոնացնէ ներկայ իրավիճակը շտկելու ուղղութեամբ։