Լիբանանահայ Աշակերտներ` Արցախցիներուն Կողքին. «Ազդակ»

Հայաստան, Սփիւռք
Նամակներ

Սիրելի՛ ազգակիցներ,

Ես կը բնակիմ Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ:

Հեռու ենք, սակայն հոգիով ու սրտով ձեզի հետ ենք միշտ, մանաւանդ` այս դժնդակ օրերուն:

Սիրելի՛ հարազատ, հերոս զաւակիդ կորուստը ոչ միայն քուկդ է, այլ` համայն հայութեան:

Գիտէք, սիրելի՛ս, հոս` Լիբանան, ուր կ՛ապրինք, ի՜նչ կացութեան մէջ կը գտնուինք, սակայն հայրենիքիս մէկ զինուորին զոհուիլը եկաւ գերազանցեց մեր անտանելի ցաւերը:

Սիրելի՛ ծնողք, գիտե՞ս` ի՜նչ-ինչ հեռանկարներ ունէր հերոս զաւակդ իր մտքին մէջ, ինք կ՛երթար թշնամին ծունկի բերելու, յաղթելու: Ան կ՛երթար այն տենչէն ազատելու համար իր սիրելի, աննման հայրենիքը: Ան կ՛երթար անմարդկային գազաններէ փրկելու, պահպանելու մեր հողերը, մեր սրբութիւնները, մեր մշակոյթը, որպէսզի եկող սերունդները կարենան լաւ, ազատ ապրիլ մեր հայրենի հողին վրայ:

Քու զաւակդ` մեր եղբայրը, քաջաբար կռուելով զոհուեցաւ իր եւ մեր հայրենիքի սիրոյն:

Սիրելի՛ հարազատ, քու զաւակդ տակաւին կ՛ապրի մեր սրտերուն մէջ: Հերոս մարտիկները, որոնք քաջաբար կը զոհուին իրենց հայրենիքի սիրոյն, յաւիտեան կ՛ապրին իրենց հարազատներու սրտին մէջ: Կ՛ապրին նաեւ համայն արտասահմանի հայորդիներու սրտին մէջ:

Համբուրելով ձեռքերդ` կը մաղթեմ կամք ու համբերութիւն: Կը խոնարհիմ ծունկի եկած`  իւրաքանչիւր նահատակի շիրիմին:

ԱՐԳԻՆԱ ԱԲԷԼԵԱՆ

Սիրելի հերոսի՛ ընտանիք,

Ինչպէս միշտ կ՛արտասանենք Միքայէլ Նալպանտեանի գրածը` «Բայց երանի, որ իր ազգի ազատութեան կը զոհուի», այդպէս ալ ամէն մարդ ենթակայ է մահուան, բայց երանի՜ անոր, որ հերոս կը դառնայ, կը զոհուի հայրենիքը եւ ազգը փրկելու համար: Ամէն ընտանիք կ՛ուզէ հպարտանալ իր ընտանիքի անդամներով, բայց շատ իւրայատուկ է, երբ այդ անդամը ըլլայ պարծանքը ողջ ազգի մը…

Գիտեմ, որ դիւրին չէ ձեր զգացած վիշտը, սակայն ձեզի տրուած վեհութիւնն ու պատիւը երկինքէն է, ուր հաստատ արդարութիւն է: Ձեր հերոսը անմահ կը մնայ մեր հայոց պատմութեան մէջ, իսկ Աստուծոյ արքայութեան մէջ ան արդէն բարեխօսող հրեշտակ մը եղած է:

Սիրով` ԿՐԷՅՍ ՄԱԼՏՈՍԵԱՆ

Սիրելի նահատա՛կ զինուորի ծնողք,

Կը յայտնեմ իմ խորին ցաւակցութիններս ձեզի: Մենք միշտ կը մտածենք եւ խորապէս կը ցաւինք ձեզի հետ: Իսկապէս դժուար է, երբ կը կորսնցնենք ոչ միայն հայրենիքը, այլ` մեր ազգի երիտասարդները: Սակայն անոնք հայրենիքի նահատակներ, հերոսներ եւ ազգի հպարտութիւն են, որովհետեւ մենք չպարտուեցանք, պայքարը յարատեւ կը շարունակուի: Վերջապէս, ձեզի կը մաղթեմ սրտի մխիթարանք. այո՛, դժուար է, սակայն յուսահատիլ չկայ: Կը խոստանամ, իբրեւ աշակերտ, կարելիիս չափ ծառայել ազգիս ու հայրենիքիս` բոլոր կարելի միջոցներով, եւ ինչո՞ւ չէ, շարունակեմ գործը հերոսներուն, որոնց շարքին է ձեր զաւակը:

ՅԱԿՈԲ ԹԵՐԶԵԱՆ

Սիրելի՛ հարազատներ,

44-օրեայ պատերազմին ամէն օր Արցախի հետ էինք, կը հետեւէինք ձեր լուրերուն եւ կ՛ապրէինք «Յաղթելու ենք» նշանաբանին ապրումներով` հաւատալով, որ անպայման պիտի յաղթէինք: Բայց դժբախտաբար մեր բոլորին սպասուած երազը չիրականացաւ եւ զոհ տուինք բազմաթիւ երիտասարդներ: Ձեր եւ մեր կորուստի վիշտը մեծ էր, սակայն հայու տոկուն կամքին առաջեւ ոչ ոք կրնայ մեր պահանջներէն ետ կեցնել մեզ: Կը խոնարհիմ նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ ամէն ձեւով կը զօրակցիմ ձեզի, նորօրեայ պայքարին մէջ:

Մեր նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար, այս անգամ անպայման «յաղթելու ենք»:

Ջերմ զգացումներով` սպասելով ձեր յաղթական լուրերուն:

ԿԱԼԻՆԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Հերոսի՛ ընտանիք,

Ձեր հերոս որդին նահատակուեցաւ, որպէսզի Հայաստանն ու Արցախը ազատ ապրին: Մենք կը խոստանանք, որ ձեր զաւակին թափած արիւնը ի զուր պիտի չերթայ, այլ մենք պիտի շարունակենք մեր հերոսներուն պայքարը մինչեւ որ խաղաղութիւնը տիրէ Արցախի երկնակամարին վրայ:

Ձեզի զօրավիգ`
ՄԵՂԵԴԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Սիրելի՛ հայ զինուոր,

Այս նամակովս կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել քեզի, որովհետեւ պաշտպանելու համար հայրենիքդ, բաժնուեցար հարազատներէդ: Յուսամ յաջորդ պատերազմին կը հասնինք Շուշի, նաեւ Գետաշէն:

ԱՅԳ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Սիրելի՛ արցախցի հայր,

Ձեր որդին ազգի հերոս է: Թէեւ փոքր եմ, բայց որոշած եմ յանուն հայրենիքի ազատագրել Արցախն ու Նախիջեւանը: Մենք պիտի կերտենք մեր ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը:

ՆԱՐԵԿ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ