Մալաթիայի Ս․ Ծննդեան Տաղաւարը

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Անտիոքի մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ եւ Գաւառի Տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Ս. Ծննդեան հանդիսութիւնները Իսկենտէրունի եւ Մուսա Լերան Վաքըֆ գիւղի մէջ կատարելէ անմիջապէս ետք, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, 8 Յունուար 2022, Շաբաթ երեկոյ մեկնեցաւ Մալաթիա։

Տէր Հայրը յաջորդ առաւօտ՝ 9 Յունուար 2022, Կիրակի, տեղւոյն գերեզմանատան Սուրբ Յարութիւն մատրան մէջ Տաղաւարի Ս. Պատարագ մատոյց, որու ընթացքին Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան, Սարգիս եւ Արէտ Պոյաճը եղբայրներ։

Տէրունական աղօթքէն առաջ Տէր Հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին կարդաց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր պատգամը եւ խրատական խօսեցաւ «Մի՛ վախնար» բնաբանով։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի կարգը, կնքահայրութեամբ Մալաթիոյ մեր հաւատացեալներէն Սերտար Պոյաճըի։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ, որու ընթացքին յիշատակուեցան Մալաթիոյ մերազն ժողովուրդի ի Տէր հանգուցեալ բոլոր անդամները։

Ապա Տէր Հայրը մէկտեղուեցաւ ժողովուրդի հետ եւ նոյն գիշեր վերադարձաւ Անտիոք։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate