Լոկ Հլու Կամակատար… «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Չզարմանա՛ք, եթէ յառաջիկայ ամիսներուն հայոց բանակէն հարիւր զինուոր գործուղղուի արեւմուտք՝ Մերձդնեստր (Մոլտովայի արեւելեան շրջանը, որ իբրեւ ինքնավար մարզ կը նախընտրէ մաս կազմել Ռուսաստանի դաշնակցութեան), ծառայելու իբրեւ խաղաղապահ զօրքի մէկ մասնիկը։

Հաւանաբար մակերեսային եւ երեւակայական նախատեսութիւն մըն է սա, սակայն կարելի չէ դառն երգիծանք բուրող նման «մեկնաբանութիւն» կատարել՝ ի տես այն զարգացումներուն, որոնք ծայր առին 2022-ի առաջին օրերուն։ Խորքին մէջ, եղածը շարունակութիւնն է այն բոլորին, ինչ որ կը պատահի գրեթէ տասնեակ մը տարիներէ ի վեր, առաջին հերթին՝ Ուքրայինայի, ապա Սուրիոյ, Պելառուսիոյ եւ անշուշտ․․․ Հայաստան-Արցախի մէջ, չմոռնալով նաեւ Աֆղանիստանը։ Ղազախստանն ալ նորագոյն արարն էր, որուն հաւանաբար յաջորդեն այլ «տաք» ճակատներ։ Անոնց կարգին, մեր նշած Մերձդնեստրը։

Վերջերս շատ կը գործածուի իբրեւ թէ արդիականութիւն բնորոշող «նէօ» եզրոյթը, հետեւաբար, պատահարները մաս կը կազմեն Արեւմուտք-Արեւելք «նէօ պաղ պատերազմ»-ին, որ այդքան ալ պաղ չէ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք գործածուած զինամթերքն ու զոհերու մեծ թիւը։

Աշխարհագրական նման հպանցիկ բացատրութեամբ, կարելի չէ պարզել հարցը։ Մէկ կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ դաշնակիցներուն, ու միւս կողմէ՝ Ռուսաստանի եւ անոր հովանոցը վայելողներուն միջեւ է, որ տեղի կ՛ունենայ «նէօ պաղ պատերազմ»-ը։ Կրնանք յիշատակել նաեւ Չինաստանը:Զարմանալի թող չթուի, թէ դեռ վերջերս, միլիոններ մսխուած էին «ժողովրդավարութեան դրօշակի՜ր» Ուաշինկթընի կողմէ, որպէսզի ժողովրդավարութեան կանոնները կիրարկուին Ղազախստանի մէջ։ Եւ ահա, Յունուար 2-ին յանկարծ ծայր առին ծաւալուն ցոյցեր, որոնց անմիջական (չըսելու համար երեւութական) պատճառը՝ վառելանիւթի սակերու աննախընթաց բարձրացումն էր։ Վառելանիւթը կարեւոր տեղ ունին երկրի տնտեսութեան մէջ, կը կազմեն «առիւծի բաժինը», եւ կարելի է դիւրութեամբ հսկել արտադրութեան եւ սղաճին վրայ։ Ստեղծուած առիթը ոսկի էր, մանաւանդ, որ Նուրսուլթան Նազարպաեւի յաջորդը՝ Քասիմ-Ժոմար Թոքաեւ չէր կրցած ժողովրդավարական ամէնադոյզն օրէնքները կիրարկել. անխուսափելի դարձած էր բեւեռացումը, մէկ կողմէ՝ քանի մը շահագործողներու ու միւս կողմէ՝ բիւրաւոր շահագործուողներու միջեւ։

Հողը պատրաստ էր եւ երկար աշխատանք տարուած էր այս նպատակով: Բաւական խօսուեցաւ եւ բացայայտումներ կատարուեցան Նազարպաեւի «քլան»-ին ու Արեւմուտքի լծակցութեան մասին: Ըստ կառավարական հաւաստի աղբիւրներու, ըսուեցաւ, թէ քսան հազար հաշուող այլախոհ, մեծ մասամբ՝ ծայրայեղ կրօնամոլներ եւ Սուրիոյ ու Աֆղանիստանի մէջ ծառայած միջազգային ահաբեկիչներ, ժամանած էին Ալմաթի, իրենց «ձեռքին գործը» տեսնելու։

Անոնք կրակեցին աջ ու ձախ, սպաննելով  ներքին ապահովութեան ուժերու անդամներ (ոմանք գլխատուեցան) եւ անմեղ ցուցարարներ։ Անշուշտ դէմ դիմաց ճակատող երկու կողմերն ալ շատ յստակօրէն չէին գիտեր, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ կը պատահէր։ Քանի մը օր ետք, պատկերը բաւական յստակացաւ եւ, ըստ ստեղծուած պատկերին, Մոսկուա յաջողած է շահաւոր դուրս գալ այս արարէն: Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն. այս բոլորը պատահեցաւ այն օրերուն, երբ ՆԱԹՕ-ն կը պատրաստուէր Մոսկուայի հետ սակարկութեան նստելու Ուքրայինայի շուրջ…:

Ղազախստանի բեմագիրը բաւական տարբեր էր Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն, ուր Անգարա ուղղակի մասնակցութիւն բերաւ Պաքուի կողքին։ Մինչդեռ, Ղազախստանի պարագային, հպանցիկ յայտարարութիւններ կատարուեցան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, հաւանաբար համաթուրանական գործընթացին ու գաղափարին չվնասելու համար։

Այս դէպքերուն լոյսին տակ է, որ պէտք է հետեւիլ Երեւանի առած քայլերուն։ Անգամ մը եւս պէտք է արձանագրենք, եւ խոր ցաւով, որ մեր դիւանագիտութիւնը մեծ բացական է, եւ անոր ստեղծած պարապութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Հ․Ա․Պ․Կ․-ի նախագահութիւնը վարող Հ․Հ․ վարչապետ Ն. Փաշինեան, առանց ամենադոյզն նշումն անգամ կատարելու, թէ 44-օրեայ պատերազմի դաժան օրերուն եւ անկէ ետք, այդ զինակցութիւնը ո՛չ մէկ օժանդակութիւն ցուցաբերեց Հայաստանի ու Արցախի, շտապ գործի լծեց հարիւր բանակային (պարզապէս ըրաւ այն՝ ինչ որ թելադրուած էր իրեն…)։ Հայ զինուորներուն ներկայութիւնը խորհրդանշական մասնակցութիւն էր, ստեղծուած պատկերին մէջ անխուսափելի պարտականութիւն մը, որ ստեղծեց հազար ու մէկ՝ թեր ու դէմ մեկնաբանութիւն։ Խաղաղապահ ուժերուն «առիւծի բաժին»-ը, չըսելու համար՝ մնացեալը, կը բաղկանայ բնականաբար Ռուսիոյ զինուորներէ։

Մանրամասնութիւն մը. հայ բանակայիններուն պարտականութիւն տրուած էր հսկելու ալիւրի շտեմարան մը․․․։ Պարտականութիւն մը, որ շատ աւելի դիւրին էր, քան ներկայ օրերուն՝ հայրենի սահմաններուն պաշտպանութիւնը. կարելի չէ մոռնալ կամ անտեսել, որ ամիսներէ ի վեր նոյնինքն Հայաստանէն հողատարածքներ գրաւուած են մեր թշնամիին կողմէ եւ դեռ Հ․ Ա․ Պ․ Կ․-ի ո՛չ մէկ խաղաղապահ ուժ ժամանած է։ Դիւանագիտութեան եւ տարրական տրամաբանութեան բացակայութիւնը արդէն ամիսներէ ի վեր սուր բանավէճի նիւթ է Հայաստանի մէջ, թէ՝ վարչախումբը ինչո՞ւ ճիշդ ձեւով չգործածեց այս գործիքը։ Ըսուեցաւ, օրինակի համար, որ դիմումը միայն խորհրդատուականի սահմաններուն մէջ էր:

Տարբեր պիտի ըլլար Ղազախստանի թղթածրարին ուսումնասիրութիւնը, եթէ գործէր դիւանագիտական կամ ընդհանրապէս ղեկավարման մեքենան։ Երեւանի այժմու իշխանութիւններուն եւ Հ. Ա. Պ. Կ.-ի միջեւ յարաբերութիւնները նահանջ արձանագրած չըլլային «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ի վեր (թէեւ թաւիշէն գրեթէ բան չէ մնացած), գէթ կարելի պիտի ըլլար գործել ո՛չ միայն իբրեւ հլու կամակատար։