Արցախ Այցելած Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածուն` Ազրպէյճանի «Սեւ Ցանկ»ին Վրայ

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու Վալերի Փեքրես 22 Դեկտեմբերին այցելեց Արցախ, ինչ որ Պաքուն մղեց հակազդելու եւ բողոքագիր յղելու Փարիզին` Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին յաւակնող Փեքրեսի Ստեփանակերտ կատարած այս այցելութեան պատճառով: Այս մասին կը նշուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատութիւն»-էն։

Անոր մէջ կը հաղորդուի, որ դիւանագիտական գերատեսչութիւն կանչուած է Ֆրանսայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը «եւ անոր յղուած է բողոքի գիրը»: «Նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու եւ այլոց ընկերակցութեամբ կատարուած այդ այցելութիւնը ուղղուած է Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան դէմ եւ կը հանդիսանայ երկրի ազգային օրէնսդրութեան խախտում», կʹըսուի պաշտօնական Պաքուի յայտարարութեան մէջ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Վալերի Փեքրես եւ անոր հետ Արցախ այցելած անձերը կը ներառուին Ատրպէյճանի «Սեւ ցանկ»ին վրայ։

Նշենք, որ նախքան Արցախէ մեկնիլը Փեքրես եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցան նաեւ Հայաստանի մէջ, այցելեցին Ցեղասպանութեան թանգարանը եւ Եռաբլուր պանթէոնը։