Չէք Կրցած Հասկնալ Թէ Քիւրտը, Հա­­­յը, Յոյ­­­նը Կամ Ասո­­­րին Ան­­­տե­­­­­­­սելով՝ Թրքա­­­կան Պատ­­­մութիւնը Կա­­­րելի Չէ Հիւսել. Փայլան Դատապարտեց Ազգայնականութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարա­նի հայ պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան՝
ելոյթ ու­­նե­­­նալով Մշա­­կոյ­­թի Նա­­խարա­­րու­­թեան պիւտճէի քննարկման ըն­­թացքին՝ դար­­ձեալ ցնցիչ տպա­­ւորու­­թիւն գոր­­ծեց։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ակօս»-էն։

«Չէք կրցած ազ­­­գե­­­­­­­րու կամ կրօն­­­նե­­­­­­­րու զա­­­նազա­­­նու­­­թեան իրո­­­ղու­­­թիւնը իւ­­­րացնել եւ քա­­­ղաք­­­ացի­­­­­­­ներու մի­­­ջեւ հա­­­ւասա­­­րու­­­թիւն ապա­­­հովել։ Քիչ առաջ ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցան Ազ­­­գա­­­­­­­յին Շար­­­ժում Կու­­­սակցու­­­թեան ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րը եւ յա­­­ճախ շեշ­­­տադրե­­­ցին «ցե­­­ղակից­­­ներ» եզ­­­րը։ Մի՛ մոռ­­­նաք որ ես ալ ցե­­­ղակից­­­ներ ու­­­նիմ, բայց ձե­­­զի կը դի­­­մեմ «եղ­­­բայրներ» կո­­­չելով։ Միատար­­­րութեան լուծման վայ­­­րը Թուրքիան է։ Ազ­­­գայնա­­­կանու­­­թիւնը կը ծնի ազ­­­գայնա­­­կանու­­­թիւններ։ Յոյն կամ հայ ազ­­­գայնա­­­կանու­­­թիւնը հա­­­կադարձն է թուրք ազ­­­գա­­­­­­­յանա­­­կանու­­­թեան։ Անոնք իրար կը սնու­­­ցա­­­­­­­նեն։ Մշա­­­կոյ­­­թին ծա­­­գած հո­­­ղերուն ժա­­­ռան­­­գորդներն ենք։ Հո­­­ղամ­­­շա­­­­­­­կու­­­մը այս հո­­­ղերուն վրայ առա­­­ջին ան­­­գամ գոր­­­ծա­­­­­­­ծուե­­­ցաւ։ Քա­­­ղաքա­­­շինու­­­թեան առա­­­ջին փոր­­­ձե­­­­­­­րը այստեղ կա­­­տարո­­­ւեցան, իսկ մենք այ­­­սօր դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւեցանք դուրսէն ցո­­­րեն, ոսպ կամ սի­­­սեռ նե­­­րածե­­­լու։ Ար­­­դեօք բնաւ մտա­­­ծեցի՞ք այս մա­­­սին։ Աշ­­­խարհի ամե­­­նախոր պատ­­­մութիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող երկրին վրայ կ՚ապ­­­րինք, բայց կար­­­ծես թէ այդ մշա­­­կոյ­­­թը ստեղ­­­ծողնե­­­րը լուսնէն եկած ըլ­­­լա­­­­­­­յին։ Այ­­­սօր քա­­­նի մը հա­­­զար տա­­­րուայ ան­­­ցեալ ու­­­նե­­­­­­­ցող հնա­­­գիտա­­­կան վայ­­­րե­­­­­­­րու մէջ պե­­­ղումներ կը կա­­­տարենք։ Այդ պե­­­ղումնե­­­րէն դուրս եկած մարդոց մնա­­­ցոր­­­դա­­­­­­­ցի ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնը կ՚ապա­­­ցու­­­ցէ, թէ բազ­­­մա­­­­­­­հազար տա­­­րիներ առաջ այդտեղ ննջո­­­ղը եւ այ­­­սօր այդ վայ­­­րը պե­­­ղողը նոյն տոհ­­­մա­­­­­­­յին պատ­­­կա­­­­­­­նելու­­­թիւնը կը կրեն։ Հռո­­­մէն, Բիւ­­­զանդիոնէն, Սել­­­ճուքեան Պե­­­տու­­­թե­­­­­­­նէն կամ Օսա­­­նեան Կայսրու­­­թե­­­­­­­նէն ի վեր յա­­­ջողած ենք միասին ապ­­­րի­­­­­­­լ։ Իսկ վեր­­­ջին 150 տա­­­րուան ըն­­­թացքին գո­­­յացած հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­գին մտայ­­­նութիւ­­­նով՝ միատար­­­րութիւն քա­­­րոզեր ենք։ Յան­­­կարծա­­­կի կեր­­­պով յայտնա­­­բերե­­­ցիք թէ թուրք էք, Կեդ­­­րո­­­­­­­նական Ասիայէն եկած էք։ Է՛, ինչ ըսենք բա­­­րի գա­­­լուստ ձեզ։ Բայց յի­­­շեցէք, թէ նախ­­­քան ձեր գա­­­լը, մենք հոս էինք ար­­­դէն։ Այստեղ միատեղ մշա­­­կոյթ մը կեր­­­տած էինք։ Դուք հի­­­մա պար­­­ծանք կը զգաք Սի­­­նանի կամ Պա­­­լեան­­­նե­­­­­­­րու ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տական կո­­­թող­­­նե­­­­­­­րով։ Բայց եր­­­բեք չէք ուզեր յի­­­շել, թէ Սի­­­նան կամ Պա­­­լեան­­­նե­­­­­­­րը հայ ճար­­­տա­­­­­­­րապետ­­­ներ էին։

Ժո­­­ղովուրդնե­­­րու Ժո­­­ղովրդա­­­կան Կու­­­սակցու­­­թիւնը բա­­­զում ինքնու­­­թիւններ կ՝ընդգր­­­­­­­կէ իր մէջ։ Բազ­­­մազգի է, բազ­­­մամշա­­­կոյթ եւ բազ­­­մակրօն։ Երա­­­նելի երե­­­ւոյթ պա­­­տիւ կը զգամ։ Մեր առա­­­ջար­­­կա­­­­­­­ծը՝ բո­­­լոր տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րը պահ­­­պա­­­­­­­նելով հան­­­դերձ՝ միաս­­­նութիւն մը կազ­­­մել է։ Քա­­­ղաքա­­­ցիական հա­­­ւասար իրա­­­ւունքնե­­­րու վրայ հիմ­­­նո­­­­­­­ւած միաս­­­նութիւն մը։ Իսկ ի՞նչ կը պար­­­տադրէք։ Յար­­­գե­­­­­­­լի Մշա­­­կոյ­­­թի Նա­­­խարա­­­րը ի՞նչ կը պար­­­տադրէ։ Թուրք Լե­­­զուա­­­կան Կա­­­ճառ, Թուրք Պատ­­­մութեան Կա­­­ճառ։ Չէք կրցած հասկնալ թէ քիւրտը, հա­­­յը, յոյ­­­նը կամ ասո­­­րին ան­­­տե­­­­­­­սելով, ան­­­գոյ հա­­­մարե­­­լով թրքա­­­կան պատ­­­մութիւն մը հիւ­­­սել կա­­­րելի չէ։ Ան­­­շուշտ հա­­­կառակն ալ կա­­­րելի չէ։ Հա­­­յուն պատ­­­մութիւնն ալ միւսնե­­­րը ան­­­տե­­­­­­­սելով չենք կրնար պատ­­­մել։ Մենք պար­­­տա­­­­­­­ւոր ենք երկրին, Անա­­­տոլիային կամ Մի­­­ջագետ­­­քի պատ­­­մութիւ­­­նը ու­­­սումնա­­­սիրե­­­լու։

Նոյն սխա­­­լը գոր­­­ծեց նաեւ Ար­­­տա­­­­­­­քին Գոր­­­ծոց Նա­­­խարա­­­րը։ Ես զինք բազ­­­միցս զգու­­­շա­­­­­­­ցու­­­ցած էի –Երկրի մը ցե­­­ղակից­­­նե­­­­­­­րը չէ, այլ քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րը կը յի­­­շուին-ըսե­­­լով։ Իսկ ինք դար­­­ձեալ թե­­­րեւս 15-20 ան­­­գամ շեշ­­­տեց ցե­­­ղակից­­­ներ եզ­­­րը։ Ձեր զբա­­­ղեցու­­­ցած աթո­­­ռին վրայ ու­­­ղիղ 110 տա­­­րի առաջ հայ նա­­­խարար մը նս­­­տած էր։ Պահ մը են­­­թադրե­­­ցէք որ այդ նա­­­խարա­­­րը ետ գայ ու ձեր բա­­­ռերով -Ցե­­­ղակից­­­նե­­­­­­­րուս հա­­­մար այս ըրի, այն ըրի-ըսէ։

Եգէական մշա­­­կոյ­­­թը ամ­­բողջու­­թիւն մըն է։ Մի­­ջագետ­­քի կամ Հա­­յակա­­կան Լեռ­­նա­­­դաշ­­տի մշա­­կոյ­­թը նոյնպէս։ Աշ­­խարհի կա­­րեւո­­րագոյն մշա­­կոյթնե­­րու ժա­­ռան­գորդներն ենք։ Այս հար­ցը լու­ծե­լը մեր դի­մաց յայտնուած կա­րեւո­րագոյն խնդիրն է»։