Պոսթընի Մէջ Նշուեցաւ Արցախի 44-օրեայ Պատերազմին Տարելիցը

Հայաստան, Սփիւռք

Կիրակի, Նոյեմբեր 8-ին, աւելի քան երկու հարիւր հայորդիներ ժամանած էին ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան համար կառուցուած «ժառանգութեան պարտէզ», ուր նշուեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին տարելիցը։ Օրուան բանախօսն էր Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, որ քանի մը շաբթուայ տեւողութեամբ կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հայրենիք»-էն։

Պոսթընի Հ․Յ․Դ․ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքին Անի Զարկարեան մեներգեց քայլերգները։ Վայրկեան մը յոտնկայս յարգուեցաւ յիշատակը աւելի քան հինգ հազար նահատակներու։ «Ժառանգութեան պարտէզ»-ին շուրջ Արցախի հազարաւոր փոքր դրօշակներ զետեղուած էին։
Ներկայ էին պետական ներկայացուցիչներ՝ ծերակուտական Ուիլիամ Պրաունզպըրկըր եւ Սթիւ Օուընզ։

Օրուան հանդիսավարն էր Տոքթ․Վազրիկ Չիլոյեանը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ այս պատերազմը շարունակութիւնն է այն պատերազմներուն, որոնք կատարուած են Հայաստանի դէմ, պարզապէս հող գրաւելու եւ հայաթափ ընելու շրջանը։ «Մենք այս ժառանգութեան պարտէզը ժամանած ենք ի յարգանք նահատակ հերոսներուն։ Մենք պատգամ ունինք փոխանցելիք, թէ պիտի շարունակենք պայքարը եւ տեղի պիտի չտանք»։

Բեգլարեան, որ Արցախի առաջին պատերազմին իր հայրը կորսնցուցած էր եւ ապա քանի մը տարի ետք, սխալմամբ ականի մը բախելով՝ իր իսկ տեսողութիւնը, շեշտեց, թէ Արցախին մէկ փոքր մասնիկը միայն մնացած է։ «Կորսնցուցած ենք Արցախին երեք չորրորդը։ Սակայն հակառակ այս կացութեան, պէտք չէ ընկրկիլ եւ յոյս կորսնցնել։ Լաւատես պէտք է ըլլալ։ Գործ ունինք կատարելիք։ Վերստին պէտք է կառուցենք փուլ եկած կառոյցները։ Վնասը շատ է։ Զանազան բնագաւառներէ ներս գործ ունինք կատարելիք։ Կրթական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ գործունէութեան դաշտերէ ներս ներդրումներ պէտք է կատարենք»։

Իր խօսքի աւարտին յոյս յայտնելով, ան գիւղական «Հորովել» երգով փակեց, խանդավառելով ներկաները։

Էջմիածնական թեմի հովիւ Վիգէն արքեպիսկոպոս Այգազեան կատարեց աղօթք-պատարագ։ Նաեւ խօսք առաւ շրջանի հովիւ Անդրանիկ աւագ քհնյ․ Պալճեան։
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Եղիշէ Մանուչարեան («Տէր Ողորմիա») եւ Վիգի Աւետիսեան («Amazing Grace»):

Լուսանկարներ՝ Քնար Պետեան