Միացեալ Նահանգները Կը Դատապարտէ Շուշիի Մօտակայքը Հայ Բնակիչի Սպանութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գրասենեակը դատապարտեց 8 Նոյեմբերին, Ազրպէյճանի կողմի կրակոցէն Շուշիի մօտ հայ խաղաղ բնակիչին սպանութիւնը։

«Մենք կը դատապարտենք բռնութիւնը, որ պատճառ դարձաւ հայ խաղաղ բնակիչի մահուան։ Մենք կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ աշխուժացնելու փոխգործակցութիւնը, նաեւ՝ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջոցով՝ Արցախի Հանրապետութեան հակամարտութեան վերաբերող կամ անկէ բխող բոլոր չլուծուած հարցերը լուծելու համար»,- կը նշուի այս առիթով հրապարակուած գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ Նոյեմբեր 8-ին՝ ժամը 15։00-ին, Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքի մուտքի մօտակայ խաչմերուկին մօտ՝ ազրպէյճանական կողմը կրակոցներ արձակած էր ջրամատակարարման խողովակներու վրայ շինարարական աշխատանքներ իրականացնող քաղաքացիական անձերու ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով տուժած էր 4 քաղաքացիական անձ, որոնցմէ մէկը՝ 22-ամեայ Ե․Մ-ն, մահացած էր։