Ս­թա­փե­լու Օ­րահ­րա­մա­նը… (Միհրան Քիւրտօղլեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սկ­սինք դրո­ւա­գով մը յու­նա­կան պատ­մու­թե­նէն:
Ս­պա­րա­պե­տը յաղ­թա­կան պա­տե­րազ­մէն վե­րա­դար­ձին՝ շքա­խում­բո­վը կը ներ­կա­յա­նայ իր թա­գա­ւո­րին ու՝ «յաղ­թե­ցինք թշնա­միին եւ ա­նոնց եր­կի­րը գրա­ւե­ցինք» կը ծա­նու­ցէ պար­ծան­քով:

Ար­քան հարց կու տայ, թէ այդ յաղ­թա­նա­կը ի՞նչ գին ար­ժեց ի­րենց՝ յու­նա­կան կող­մին: Ս­պա­րա­պե­տը միշտ հպարտ, այ­լեւ ձայ­նը մեղ­մաց­նե­լով կը պա­տաս­խա­նէ «մեր զի­նո­ւոր­նե­րու համ­րան­քին միայն կէ­սը կորսն­ցու­ցինք…»: ­Թա­գա­ւո­րը մտմտու­քի մէջ կ­‘իյ­նայ եւ բարձրա­ձայն կը խորհր­դա­ծէ.

«Ա­յո, յաղ­թե՜ր ենք…: Այս գնով եւ այս­պի­սի երկ­րորդ յաղ­թա­նակ մը եւս ար­դէն զօր­քին մնա­ցած միւս կէսն ալ կը կորսնց­նենք եւ ոչ բա­նակ կը մնայ, ոչ պե­տու­թիւն եւ ոչ ալ թա­գա­ւո­րու­թիւն…»:

Այս դրո­ւա­գին թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը թե­րեւս պատ­շա­ճի Ա­լիե­ւին, զգու­շաց­նե­լով ա­նոր որ յաղ­թա­նա­կէն գո­րո­զա­ցած ու գի­նով՝ նոր յաղ­թա­նա­կի մը ար­կա­ծախնդ­րու­թեան մէջ ե­թէ մտնէ, իր եր­կի­րը իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը պի­տի կորսնց­նէ, ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի յանձ­նո­ւի, անձ­նա­տուր պի­տի ըլ­լայ ­Պու­տի­նին կամ Էր­տո­ղա­նին, թե­րեւս Ի­րա­նին…: ­Բայց թո­ղունք Ա­լիե­ւը իր գո­րոզ գի­նո­վու­թեան մէջ եւ շրջե­լով դրո­ւա­գին պատ­գա­մը, շեշ­տա­կի ա­հա­զան­գենք մեր ազ­գի ներ­քին ճա­կա­տին, որ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան թէ դի­ւա­նա­գի­տա­կան նոր պար­տու­թիւն մը եւս, ար­դէն իբ­րեւ ազ­գա­յին ան­կախ պե­տու­թիւն կրնանք գտնո­ւիլ գո­յու­թե­նա­կան վտան­գի առ­ջեւ: ­Սա ան­խու­սա­փե­լի է եւ բո­լո­րին կող­մէ գի­տակ­ցո­ւած, նա­խա­տե­սե­լի: ­Բայց…

­Բայց այս այս­պէս ըլ­լա­լով հան­դերձ, ի՞նչ կ’ը­նենք մենք: Ի՞նչ կ­‘ը­նէ մա­նա­ւանդ մեր քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը: Ան­հաշտ կող­մե­րու վե­րա­ծո­ւած, ի­րա­րու ո­րո­գայթ լա­րե­լու հե­տա­մուտ, եր­կար ա­տե­նէ եւ հետզ­հե­տէ սաստ­կա­ցող թա­փով թա­ղո­ւած է հի­նե­րու-նո­րե­րու ան­շահ, ան­համ, պի­տի ը­սէի նաեւ ան­ճա­շակ պայ­քա­րի մը թա­կար­դին մէջ՝ հոն ընկղ­մե­լու վտան­գով:

­Մեր պար­տու­թե­նէն ա­հա տա­րի մը ան­ցաւ եւ դեռ ազ­գա­յին-հա­մա­ձայ­նո­ւած ռազ­մա­վա­րու­թեան մը գէթ տես­լա­կա­նը բա­նա­ձե­ւե­լու, ներ­կայ պայ­ման­նե­րու մէջ նոր ու­ղի մը փնտռե­լու հա­մար ազ­գի «ղե­կա­վար տար­րը» քով-քո­վի չե­կաւ: ­Մեր տկա­րու­թիւն­նե­րը, պար­տու­թեան պատ­ճառ­նե­րը միաս­նա­բար հե­տաքն­նե­լու եւ ստու­գե­լու փո­խա­րէն, ի­րար չհան­դուր­ժող եր­կու­քի կող­մե­րու վե­րա­ծո­ւած է ան եւ ա­նոնցմ իւ­րա­քան­չիւ­րը ­Շեր­լոք հոմ­սեան ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ են­թադ­րա­կան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու կը յան­գի եւ այդ հի­մուն­քով ալ պար­տու­թեան ամ­բողջ մեղ­քը կը բար­դէ միւ­սին վրայ յու­սա­լով, որ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հա­մո­զու­մը կը փո­խէ ու կը սի­րա­շա­հի զա­նոնք…:

Ազ­գի բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան հա­մա­տա­րած յու­սա­բե­կու­թիւ­նը ինք­նավս­տա­հու­թեան չի փո­խա­կեր­պո­ւիր պար­զա­պէս ա­նոր հա­մար, որ ան­ձեր կան, ո­րոնք փոր­ձա­ռո­ւի հան­գա­ման­քին յե­նած՝ ­Հա­յաս­տա­նի չա­րա­գու­շակ ա­պա­գան փրկե­լու ի­րենց յա­ւակ­նո­տու­թիւ­նը կը բարձ­րա­ձայ­նեն կամ՝ հայ­րե­նի­քին հա­մար խա­ղա­ղու­թեան ու բար­գա­ւաճ­ման դա­րաշր­ջան բա­նա­լու մար­գա­րէա­շունչ ու սին խոս­տում­ներ կու տան: ­Յու­սա­բե­կու­թիւ­նը ինք­նավս­տա­հու­թեան կը փո­խա­կեր­պո­ւի եւ ժո­ղո­վուր­դին յոյս կը ներշն­չո­ւի այն պա­րա­գա­յին, որ ղե­կա­վար տար­րը օ­րի­նա­կը տայ, որ յա­նուն հայ­րե­նի­քի ա­պա­գա­յին ինք առ­ժա­մա­բար երկ­րոր­դա­կան կը դա­սէ բո­լոր տե­սա­կի տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը, կ­‘առ­կա­խէ հին ու նոր ո­խե­րը եւ ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած կ­‘աշ­խա­տի, որ մէկ­տե­ղէ ազ­գի բո­լոր ու­ժե­րը: ­Սա քրիս­տո­նեայ քա­րո­զի­չի բա­րո­յա­խօ­սու­թիւն չէ, այլ մեր պար­զած ներ­կայ կա­ցու­թե­նէն բխող անհ­րա­ժեշտ ՕՐԱՀՐԱՄԱՆՆ Է:

­Հա­սած ենք տեղ մը, ուր շատ­ցած են քա­ղա­քա­կան այ­րեր ու վեր­լու­ծող գրիչ­ներ, ո­րոնք ա­նո­րոշ ա­պա­գա­յի մղձա­ւան­ջէն տագ­նա­պա­հար՝ ­Հա­յաս­տա­նի անվ­տան­գու­թեան ա­պա­ւէ­նը կը տես­նեն օ­տա­րին՝ ռու­սին, Ա­մե­րի­կա­յին, Ֆ­րան­սա­յին, ­Պարս­կաս­տա­նին, նոյ­նիսկ ­Թուր­քիոյ մէջ: Առ­նո­ւազն զար­մա­նա­լի է դեռ եւս օ­տա­րին մեր կառ­չա­ծու­թիւ­նը: ­Մեր պատ­մու­թեան եր­կայն­քին այն­քան շատ օ­տա­րին յոյս կա­պած եւ ա­մէն ան­գա­մուն ալ այն­քա՜ն մեծ յու­սա­խա­բու­թիւն կրած ենք, որ կը կար­ծո­ւէր, թէ այ­լեւս մեր յոյ­սը պի­տի փնտռենք ու գտնենք միա’յն ­մեր մէջ, միա’յն ­մեր ազ­գա­յին ու­ժա­կա­նու­թեան մէջ: Կ’ան­գի­տա­նանք, որ օ­տա­րը կը յար­գէ ար­ժա­նա­ւո’րը, թե­րեւս նաեւ ի հար­կին նե­ցուկ կ­‘ըլ­լայ ա­նոր: ­Բայց յա­ռա­ջա­գու­նէ ա­նոր ա­պա­ւէ­նը երբ փնտռես, ար­դէն ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւնդ կորսն­ցու­ցած ես: Կ’ը­սո­ւի չէ՞, թէ մու­րա­ցի­կը կ­‘առ­նէ ինչ որ տրո­ւի ի­րեն: ­Դա­րե­րու ի­մաս­տու­թիւն կը խտաց­նէ-կը ցո­լաց­նէ «ե­ղունգ ու­նիս գլուխդ քե­րէ» ժո­ղովր­դա­յին ա­սոյ­թը…

­Հա­սած ենք տեղ մը, ուր չի բա­ցա­ռո­ւիր նաեւ ­Ռու­սիոյ հետ միու­թիւն կազ­մե­լու օ­րա­կարգ քննար­կե­լը, Ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ ան­կա­խու­թիւ­նը սա­կար­կե­լի է, բա­ցար­ձակ ար­ժէք չէ: ­Հա­պա՞..:

Կրկ­նենք. ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան թէ դի­ւա­նա­գի­տա­կան նոր պար­տու­թիւն մը «շնոր­հի հա­րո­ւած»ի մը պէս շա՜տ, շա՜տ սուղ կրնայ ար­ժել ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան:

Ս­թա­փինք՝ ազ­գո­վին: Ու­շա­ցած ենք ար­դէն: