Հայը Եւ Մարդը. Գրիգոր Խանջեան Դ. (Մովսէս Ծիրանի)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Երկու հակոտնեայ կարծիք կար իր մասին: Շատ վատ եւ շատ լաւ: Ոմանք կը հաւատային, որ իր ունեցած համապետական հովանաւորութիւնն ու մենաշնորհումները ուղղակիօրէն կապուած էին իր մատուցած խորհրդայնամէտ ծառայութիւններուն հետ, իսկ ուրիշներ այդ կը վերագրէին նախ իր տաղանդին եւ ապա նաեւ` վերնախաւի մէջ իր ձեռք բերած անձնական ծանօթութիւններուն: Զիս հետաքրքրողը իր գծանկարչական բացառիկ տաղանդն էր, որ լիարժէք ձեւով դրսեւորուած էր յատկապէս  Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» եւ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» ստեղծագործութիւններու նկարազարդումներուն մէջ, որոնք երկուքն ալ խիստ ազգային-հայրենասիրական բովանդակութեամբ օժտուած են:

Գրիգոր Խանջյան – Հացը Լեռներում

Ճիշդ է, որ իր մենաշնորհումները շատ աւելին էին, քան` ուրիշներու (արտասահմանեան ուղեւորութիւններ, շքանշաններ, ակադեմիայի իսկական անդամ եւ այլն), այնուամենայնիւ, անոր արուեստը բովանդակութեամբ շատ աւելի ազգային է, քան` շատերու, որոնք կը քննադատէին ու կը մեղադրէին զինք: Թէեւ կը խուսափէի իրեն հետ «զգայուն թեմաներ» քննարկելէ, սակայն ան ինծի համար կը մնար իբրեւ հայրենասէր ու տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ ազնիւ ու վեհանձն մարդ: Ինք «սոցիալիստական ռէալիզմի» ներկայացուցիչ կը համարուէր թէ՛ իր արտայայտչաձեւերով  եւ թէ՛ բովանդակութեամբ: Ան թէեւ չէր ժխտեր, որ խորհրդային գաղափարախօսութեանը յարիր գործեր ունի, սակայն այդ մէկը «տուրք տալ» չէր համարեր, այլ`  իր համոզումներուն արգասիք: Պարբերաբար կ՛այցելէի իրեն Քիեւեան իրեն պողոտայի վրայ գտնուող իր արուեստանոցը, ուր յաճախ ներկայ կ՛ըլլար նաեւ իր դրացիներէն` գեղանկարիչ Սարգիս Մուրատեանը: Անոր` Կոմիտասի «Վերջին գիշերը» ստեղծագործութիւնը իր ինքնատիպ յղացքով եւ ուժեղ արտայայտչականութեամբ, իբրեւ արուեստի ուշագրաւ գործ, խիստ տպաւորած էր զիս:

……………………………………….

Այդ օր ներկայ էր նաեւ Զուլում Գրիգորեանը, որուն արուեստանոցը կը գտնուէր Աջափնեակի կամուրջին միւս կողմը, այս անգամ դրացնութեամբ` Ռուբէն Ատալեանի: Շատ քիչ առիթներով հոն եւս ներկայ կ՛ըլլայի: Զուլումը կարծէք թէ եկած էր յատուկ պատմել տալու համար Խանջեանին, թէ ինչպէ՛ս ինք եւ Վահագն Դաւթեանը Ալիսիա Կիրակոսեանին տարած են Վազգէն Ա. վեհափառին մօտ: Այդ օրերուն, շնորհիւ Դաւթեանի թարգմանութիւններուն, բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանին անունը սկսած էր հոլովուիլ հայրենի գրական շրջանակներուն մէջ, սակայն ան աւելի հռչակաւոր դարձաւ հետեւեալ պատմութեամբ: Ալիսիան ցանկութիւն կը յայտնէ այցելել Էջմիածին ու միաժամանակ Վազգէն Ա. վեհափառին օրհնութիւնը ստանալ: Դաւթեան կը նախընտրէ  Խանջեանի ընկերակցութեամբ երթալ` նկատի ունենալով անոր` վեհափառին հետ ունեցած մտերմութիւնն ու գործակցութիւնը արուեստի գծով: Երբ կը հասնին վեհարան ու կը ծանօթանան, վեհափառը կ՛ըսէ.

– Ո՞նց եմ դիմելու ձեզ` իբրեւ տիկի՞ն, թէ՞ օրիորդ:

Ալիսիան առանց շփոթելու կը պատասխանէ.

– Չեմ ամուսնացած, սակայն վաղո՜ւց արդէն օրիորդ ալ չեմ:

Եղած չեղածը այս էր, սակայն այս դէպքը կը պատմուէր ամէն տեղ, ու կը նկարագրուէին նաեւ Ալիսիային ցանկայարոյց կուրծքերն ու անոր հագած  բաց ու համարձակ հագուստը: Որովհետեւ տարբերակները շատ էին, կարծէք թէ Զուլումը եկած էր «ջուրը աղբիւրէն խմելու»: Խանջեանը պահպանողական մարդ չէր, ընդհակառակը, համեմատած իր ժամանակակիցներուն` շատ աւելի աշխարհ տեսած ու փորձուած մարդ կը թուէր ըլլալ: Սակայն, որովհետեւ Վազգէն Ա. վեհափառին հանդէպ բացառիկ յարգանք կը տածէր… ան կը մեղադրէր Դաւթեանը, որովհետեւ չէր զգուշացուցած Ալիսիան (որ ազատամիտ ու սանձարձակ բնաւորութեամբ  բանաստեղծուհի մըն էր), նախ` զուսպ հագնելու, ապա նաեւ` իր արտայայտութիւններուն մէջ չափաւոր ըլլալու:

……………………………………….

Անկենդան բնութիւններու եւ բնանկարներու վարպետ մըն էր Խանջեան: Միտքը միշտ կար, ու թեման կարեւոր էր իրեն համար: Թէեւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ առհասարակ խորհրդային միւս երկիրներու տարածքին անոր հռչակը տարածուած էր` իբրեւ բարձրորակ արուեստագէտ, սակայն, չես գիտեր` ինչո՛ւ, «զսպուած» նախանձ մը ունէր Մինասին հանդէպ: Ըստ իրեն, Մինասին խորհրդաւոր մահը շատ աւելի համբաւաւոր դարձուցած էր զայն, քան ինչին որ արժանի  էր ան` իբրեւ արուեստագէտ: Առանց ժխտելու անոր տաղանդը, յաճախ կը կրկնէր.

– Մենակ ինքը չէ, մենք էլ կանք: Լարիկը (Հենրիկ Իգիտեանը), բացի Մինասից, ուրիշին չի ուզում նշմարել… Նա մասնագէտ արուեստաբան չի, սակայն Մինասին փառաբանելով` ինքն էլ արուեստաբան հռչակուեց…

Սարգիս Մուրատեանը եւս համամիտ կը թուէր ըլլալ Խանջեանի կարծիքին:

Նման պարագաներուն ես կը փորձէի լռել… Մանաւանդ որ Լարիկը թէ՛ ընկերս էր եւ թէ՛ բարձր կարծիք ունէի անոր արուեստի գնահատման ու տարած աշխատանքներուն մասին:

……………………………………….

Գրիգոր Խանջեան եւ Մովսէս Ծիրանի

Օր մը, առջեւս դնելէ ետք շարք մը անկենդան բնութիւններ, ըսաւ.

– Յաճախ խօսում են նորութիւնների մասին: Ահաւասիկ` գեղարուեստական լուծումներ, որոնք ինձանից առաջ ոեւէ մէկը չի արել:

Երփներանգ ծաղիկներ ու պտուղներ պատկերուած էին խորապատկերին վրայ ետեւէն դիտուած պաստառներու, որոնցմէ մէկն ալ նկարակալին վրայ շրջուած դրուած գեղանկար մըն էր, որուն ենթաշրջանակն ու պաստառը պատկերուած էին այնքան յստակ ու մանրամասն, որ իրականութեան պատրանքը կու տային: Ան մեկնաբանելով այս մէկը` ըսաւ.

– Նկարը պատկերել եմ «շուռ տուած», որովհետեւ իրականութիւնը գտնւում է միւս կողմը, որ չենք տեսնում: Մենք յախաճ թաքցնում ենք ճշմարտութիւնը ու կեղծում, ստում ու խաբում ենք: Հսկայ պետութիւններն էլ նոյնն են անում: Ահաւասիկ քեզ նորութիւնը, դեռեւս ոչ մէկը չի պատկերել նման բան:

Անկեղծօրէն ես առաջին անգամն էր, որ նման յղացք կը տեսնէի: Ոչ միայն համամիտ եղայ հետը, այլ նաեւ բարձր գնահատեցի կատարողական մակարդակն ու յատկապէս երփներանգ ծաղիկներու շեշտուած գեղեցկութիւնը` պաստառի միապաղաղ երանգներու խորապատկերին վրայ:

……………………………………….

Որովհետեւ մեր յարաբերութեան մէջ «բան» մը կը պակսէր, մենք չկրցանք մտերիմներ ըլլալ, սակայն կրնամ ըսել, որ մնացինք լաւ ընկերներ, մինչեւ որ օր մը  հեռաձայնեց եւ ըսաւ.

– Մեքսիքայից նոր եմ վերադարձել, «կրաֆիքաների» նոր շարք եմ ստեղծել, լաւ կը լինի, որ գաս: Համ էլ այսօր ուզում եմ, որ առանձին լինենք, Սարգիսին չեմ ասելու:

Լաւ տրամադրութեամբ փութացի մօտը: Ինչպէս միշտ, սեղանը պատրաստ էր: Իմ չկարենալ խմելու վերաբերեալ հասկացողութիւն կը ցուցաբերէր, եւ ինքն ալ իր հերթին ուտել-խմելու մէջ համեմատաբար ժուժկալ էր ու չափաւոր: Երբ հասայ, ան դուռը բացաւ, ներս հրաւիրեց եւ ըսաւ.

– Առաջինը դու ես տեսնելու սրանք…

Մեքսիքական շարքի գծանկարներէն շուրջ տասնեակ մը ցրուած էր արուեստանոցի պատերուն վրայ: Նախքան նստիլս` ոտքի վրայ սկսայ  ուշի ուշով դիտել զանոնք: Ասկէ առաջ ինծի ցոյց տուած էր իր իտալական սպանական եւ ֆրասական շարքերէն հատուկենտ նմուշներ, որոնք բոլորն ալ պինդ, համարձակ ու արտայայտիչ գիծերով գործեր էին: Այս շարքը նոյնպէս գիծի բացառիկ վարպետի մը ստեղծագործութիւններն էին: Երբ հիացական արտայայտութիւններ կ՛ունենայի անոնց մասին, ան յանկարծ բոլորը հաւաքեց ու շրջուած գեղանկարներու խորապատկերին վրայ պատկերուած քանի մը անկենդան բնութիւններ շարեց դիմացս, որոնք  նախապէս արժանացած էին իմ բարձր գնահատանքներուն: Նախ աչքերուս նայեցաւ հաւանաբար ստուգելու համար տրամադրութիւնս եւ ապա ըսաւ.

– Մովսէ՛ս ջան, ջոկի՛ր սրանցից մէկը, եւ ինձանից քեզ յիշատակ թող մնայ:

Ան հեշտութեամբ նկար նուիրողը չէր: Գիտակից էր իր արուեստի մեծութեան ու գիտէր արժեւորել նաեւ իր ստեղծագործութիւնները: Ես զգացուած էի, սակայն չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, գրեթէ վստահ էի, որ նուիրելու պարագային գծանկար մը պէտք էր որ նուիրէր ինծի: Սակայն յանկարծ ինծի կ՛առաջարկուէր շատ աւելի արժէքաւոր իւղանկար մը եւ այն ալ` իմ նախընտրածներէն մէկը: Անակնկալի եկած, առանց մտածելու, ըսի.

– Օ՜, ընկե՛ր Խանջեան, չափազանց զգացուած եմ նման մեծ նուէրի մը համար: Շատ շնորհակալ եմ, սակայն ի՞նչ մեղքս պահեմ, ես պիտի նախընտրէի գծանկար մը ունենալ ձեզմէ, որովհետեւ…

Ան խօսքս կտրեց ու զայրացած ըսաւ.

– Դո՞ւ էլ գունանկարներս չես հաւանում:

– Ո՛չ, ընկեր՛ Խանջեան, չհաւանելու հարց չկայ, պարզապէս քո կրաֆիքաները շատ ուժեղ են ու բացառիկ, կարող եմ ասել` անգերազանցելի:

– Լա՛ւ, հասկացայ, դու արժանի չես ինձանից յիշատակ ունենալու…

Եւ այդպէս ալ Խանջեանէն նկար մը չունեցայ: Այդ օր մեր վերջին հանդիպումը եղաւ, սակայն իմ կարծիքս ոչ միայն չփոխուեցաւ իր գծանկարներու մասին, այլ նաեւ հաստատուեցաւ ու վաւերացուեցաւ իր ստեղծած կոպելէններու կոթողային ու մեծղի յղացքներով, որոնք իրականացուեցան Վազգէն Ա. վեհափառին հովանաւորութեամբ ու օրհնութեամբ: Այսօր այդ գլուխ գործոցները` «Գրերու գիւտը», «Վարդանանքը», «Վերածնունդն» ու ուրիշներ մաս կը կազմէն մեր մշակոյթի ոսկէ ֆոնտին:

Յամենայն դէպս ես սխալեցայ ու աճապարեցի արտայատութեանս մէջ, սակայն կարծիքիս մէջ չէի սխալած…

Այնճար, Սեպտեմբեր 2021

Գրիգոր Խանջեան եւ Վազգէն կաթողիկոս

Գրիգոր Խանջեան եւ Մովսէս Ծիրանի