«Հայոց Պահանջատիրութեան Հետքերով» Խորագիրով Ժամանակաւոր Ցուցահանդէս Երեւանի Մէջ

Հայաստան

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, Սեպտեմբեր 16-ին, բացումը կատարուեցաւ «Հայոց պահանջատիրութեան հետքերով. հայերու մասնաւոր եւ համայնքապատկան գոյքի սեփականութեան վկայագրերը» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչ Սեդա Փարսամեան յայտնեց, որ ցուցադրութիւնը իբրեւ թեմա առաջինն է եւ ունի նպատակային ուղղուածութիւն:

«Այստեղ ներկայացուած են շուրջ երկու տասնեակ օսմաներէն բնօրինակ փաստաթուղթեր, որոնք սեփականութիւնը հաստատող փաստաթուղթեր են ու առաջին անգամ ըլլալով կը դրուին շրջանառութեան մէջ: Այստեղ կալուածագրեր են, որոնց մէկ մասը օսմանահպատակ հայ քաղաքացիներու մասնաւոր ունեցուածքի` տան, այգիի, արտի, ջրաղացի, լուսանկարչատան եւ այլ տարածքներու սեփականութիւնը հաստատող փաստաթուղթեր են: Կան նաեւ ազգապատկան ու համայնքապատկան կառոյցներու, կալուածքներու սեփականութեան փաստաթուղթեր` եկեղեցիներ, վանական համալիրներ: Վերջիններուս մեծ մասը գոյութիւն չունին` հաւասարուած են հողին, սակայն այդ փաստաթուղթերը կը հաւաստիացնեն այդ տարածքներուն հայկական ըլլալու մասին»,- նշեց Փարսամեան:

Ըստ անոր` բոլոր կալուածագիրները հայոց պահանջատիրութեան առումով բաւական արժէքաւոր են, որովհետեւ անոնք պետականօրէն հաստատուած փաստաթուղթեր են` տրուած Օսմանեան կայսրութեան վարչութեան կողմէ, եւ բոլոր փաստաթուղթերուն վրայ կան տարբեր սուլթաններու անձնական կնիքները:

Ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ Ապրիլ 2022: