Հայերէն Խօսքը Եւ Գրականութիւնը Հայացնել Եւ Ընել Այնպէս, Որ Հայը Տէր Ըլլայ Անոր. (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայերէնի օտարումը (alienation) կը շարունակուի… Ներսը, դուրսը, վերնախաւ, շարքային քաղաքացի, սփիւռք(ներ):

            Առանց խուանաւումներու այս օտարման մասին պէտք է խօսիլ եւ իրատեսութեամբ քննել անոր հետեւանքները ինչ կը վերաբերի հայկական ինքնութեան, անոր հունով ստեղծուած ազգի դիմագիծ ճշդած մշակոյթի տիրութեան, նաեւ ներկայի մշակոյթի ստեղծման ու զարգացման, եւ եզրակացնել:

Ազգային մշակոյթի լեզուն ազգային լեզուն է, որ բնական պայմաններու մէջ կը խօսուի տունը եւ դպրոցներու մէջ կ’ուսուցուի որպէս մայրենի լեզու:

            Բնական է, որ ազգային լեզուն խօսուի, ուսուցուի եւ գրուի ազգի դարերու ընթացքին իւրացուցած եւ անոր ինքնուրոյն դրոշմ տուած բառապաշարով: Արուեստականօրէն, տգիտութեամբ եւ գիտոսիկութեամբ փոխառութիւնները մշակոյթի ստեղծման խոչնդոտ են եւ խզում՝ տուեալ հաւաքականութեան,- այս պարագային ազգին,- եւ իր անցեալին միջեւ:

            Տուեալ ժողովուրդի մը մշակոյթի լեզուն, դարերու ընթացքին, սերունդներու կողմէ ձեւաւորուած կ’ըլլայ, ան բնական պայմաններու մէջ մայրենի լեզու է, զոր կը սորվինք տան յարկին տակ եւ դպրոցներու մէջ: Մայրենի լեզուն է ազգի մշակոյթի լեզուն: Ինչ որ կը գրուի եւ կ’ըսուի օտար լեզուով քարոզչութիւն է, ծանօթացում:

            Այսպէս, հայածնունդի կողմէ օտար լեզուով ստեղծուած գրականութիւնը հայ գրականութիւն չէ, ինչ ալ ըլլայ անոր արժէքը, որքան որ ալ ան մեր սնափառութիւնը շոյէ, բախտաւոր պարագային հայկական քարոզչութեան կը ծառայէ: Նոյնն է պարագան հայ արուեստագէտին ստեղծած օտարալեզու երգին, նոյնիսկ եթէ այս ըսել դէմ կ’երթայ մեր զգացումներուն,- երախտագիտական եւ սնափառական:

            Մշակոյթի տէր, իրենց մշակոյթը սիրող եւ յարգող ժողովուրդներ, իրենց խօսած եւ գրած լեզուի կողքին, յաճախ կը սորվեցնեն իրենց արմատներու հին լեզուն, ինչպէս հին յունարէնը եւ լատիներէնը: Արաբերէնի պարագան իւրայատուկ է. բազմաթիւ երկիրներու մէջ խօսուած արաբերէնը տարբեր բարբառներ ունի, բայց գրական արաբերէնը նոյնն է բոլորին համար եւ այդ գրական արաբերէնն է որ կ’ուսուցուի դպրոցներու մէջ, այդ է գրողներու եւ մամուլի լեզուն:

Հայերէնը զարտուղութիւններու խրձիկ է. արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, դասական ուղղագրութիւն, արդի կոչուած (կամ աբեղեանական կամ սովետական) ուղղագրութիւն: Հայերէնի արմատ լեզուն, գրաբարը, բանտարկուած է եկեղեցիի պատերու ետին եւ ծիսական է, ան դադրած է կրթական ծրագիրներուն մաս կազմելէ, մեր իսկ յանցանքով, արմատ լեզուի դեր չունի, չ’ուսուցուիր դպրոցներու մէջ, դարձած է թանգարանային իր:

            Ինչպէ՞ս կարելի է մտածել արմատ լեզու գրաբարի մասին, երբ աշխարհաբար հայերէնն անգամ (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն) չի դիմանար օտար լեզուներու ճնշման, որոնք տեւաբար կ’աղճատեն զայն, կ’աղքատացնեն, կը խեղճացնեն: Այս վիճակը չի ստեղծուիր արտաքին ուժերու ճնշումով, այլ մեր զանազան բնոյթի գործնապաշտութիւններուն եւ գիտոսիկութիւններուն տուրք տալով, երբ մենք հայերէնը կը խարանենք հազարաւոր օտար բառերով, որոնց համապատասխան հայերէնները կան: Եթէ չկան, ի՞նչ բան կ’արգիլէ, որ լեզուաբաններ եւ ակադեմիկոսներ հայերէն արմատներու հիման վրայ ստեղծեն համապատասխան բառը:

            Գրաբարի հարստութիւնը կրնայ ճոխացնել արդի հայերէն(ներ)ի արտայայտչական կարողութիւնները, իւրայատկութիւն դրոշմելով: Օրինակ, սկսած ենք մոռնալ գրաբարէն ժառանգուած ԸՍՏը, եւ ամերիկերէնի according-ի համապատասխան ՀԱՄԱՁԱՅՆով փոխարինած ենք: Սկսած ենք «ի հարկէ»ն գրել՝ «իհարկէ», բառը զրկելով իր ծագումնային իմաստէն:

            Այսօր կացութիւնը այնպէս է, որ հայերէնի մէջ գործածուող բառերը կը փոխարինուին, ունելին կը մոռցուի եւ կը փոխարինուի բինցետով, թթուածինը՝  օքսիժէնով, հիւանդանոցը՝ հոսպիտալով, բնիկը՝ ավտոխտոնով, կուպրը ասֆալտով, կպրապատումը՝ ասֆալտապատումով, յուզումը՝ էմոցիայով, կանխիկը՝ նաղդով, ախոյեանը՝ չեմպիոնով… եւ այսպէս՝ քանի մը հազար բառեր: Կը նշանակէ, որ օտար բառեր կապակցելով հայերէն խօսելու եւ գրելու խաբկանք կը ստեղծենք, վասն շուկայի եւ փողոցի պահանջարկինտունէն մինչեւ կառավարութիւն եւ Ազագային Ժողով, անցնելով մամուլէն…

            Առարկութիւնը այն է, որ լեզուն կը յառաջդիմէ, այդ բառերը միջազգային են եւ կը դիւրացնեն հաղորդակցութիւնը: Բայց այդ յառաջդիմած լեզուն պիտի շարունակե՞նք կոչել հայերէն:

            Երբեմն կը մտածեմ, որ նախընտրելի է խօսիլ եւ գրել օտար լեզուներով, քան ձեւազեղծուած հայերէնով, hybride ջորիացած հայերէնով, քանի որ, առնուազն լեզուն եւ ինքնութիւն պահողներու փոքրամասնութիւնը հարազատ մշակոյթ եւ ինքնութիւն կը պահէ: Այլ խօսքով, ազգային ղեկավարութիւնը քաջութեամբ եւ բարձրամակարդակ գիտակցութեամբ պէտք է յանդգնի որոմը զատել ցորենէն: Այս եւս անկախութեան, ազատագրութեան եւ ինքնութեան պաշտպանութեան կռիւ է:

            Խօսքը կը վերաբերի ոչ թէ սահմանափակ միջոցներով միութիւններու պայքարին, այլ՝ Պետութեան: Այսօր հայերէնի աղճատման եւ հուսկ անհետացման ընթացքին առաջքը առնել Պետութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ եւ չէ այսօր: Հայերէնի պաշտպանութիւնը ընդհանրապէս, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի, Հայաստան եւ սփիւռքներ, պետական պատասխանատուութիւն չէ: Միթէ՞ մոռցած ենք, կամ կը վախնանք յիշելէ եւ յիշեցնելէ, Ռաֆայէլ Իշխանեանի այնքա՜ն հզօր հարցումը.

            ԱՌԱՆՑ ԼԵԶՈՒԻ Ի՞ՆՉ ԱԶԳ…

            Հազարաւոր օտար բառեր մեր լեզուին մէջ քաղաքացիութիւն ստացած են, սիթիզըն դարձած են, որոնք փոխարինած են հայերէնը, անոնք հայու ազգային ինքնութիւնը կը քանդեն, օր մըն ալ հասնելու համար հոն, որ Հայաստան կոչուած տարածքին վրայ ուրիշ ազգ մը կը յառաջանայ կամ ուրիշ ազգի մը մէջ մերուած ժողովուրդ մը կը մնայ, հայը իր հողին վրայ կը դառնայ ծագումով հայ: Այս այսօ՛ր քաղաքական հիմնահարց է, որուն պէտք է տալ քաղաքական լուծում:

            Սփիւռք(ներ)ի պարագան աւելի քան մտահոգիչ է, եթէ ինքնախաբէութեամբ չտարուինք, կառչելով հետզհետէ աւելի նեղցող փոքրամասնութիւններու պատկերին: Այսօր ո՞վ կրնայ ըսել, որ սփիւռքի տասը միլիոնի ո՞ր տոկոսին համար հայերէնը հաղորդակցական լեզու է, ո՞ր տոկոսին համար ստեղծագործական լեզու է: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ եւ չտեսնել, որ փոքրամասնութիւններու ինքնագոհութեան ծառը կը ծածկէ իր ետին գտնուող անտառը: Անկարող եղանք արմատախիլ ընելու հայ մարդոց մէջ բոյն դրած ընկեցիկի գործնապաշտութիւնը, ըստ որուն՝ հայերէնը փոր չի կշտացներ, համոզուելու որ հայերէնը փոր կշտացնելու համար չէ, այլ ինքնութիւն պահելու, շարունակութիւն ըլլալու, չօտարուելու, aliéné չըլլալու: Եթէ միայն միջոցներ ստեղծուէին ընկերաբանական խոյզեր կատարելու եւ հայը, հայերը դնելու իրականութեան առջեւ, իրենց պատասխանատուութեան առջեւ, փոխան խուճապ, նահանջ, հրաժարումներ «հասկնալ»ու ճապկումներ ընելու:

            Միշտ պէտք է գիտնալ, որ մէկ ետքայլի պիտի հետեւի երկրորդը, երրորդը, այդպէս պիտի շարունակուի, եթէ, ինչպէս կ’ըսէ ֆրանսական առածը, ցուլը զգետնելու համար զայն չշոյենք, այլ բռնենք իր կոտոշներէն:

            Այս ընելու համար ազգային անխարդախ գիտակցութիւն ունեցող ղեկավարութիւն պէտք է, ոչ պատշաճեցումներով առաջնորդուող էսթէպլիշմընթ: Դեռ հաւատք ունեցողները պէտք է թօթուեն ծառը, որպէսզի փտած խնձորները թափին, չփտեցնեն մնացեալը:

Լեզուն սոսկ հաղորդակցական գործիք չէ, լեզուն մշակոյթ է եւ մշակոյթ ստեղծելու միջոց, անով կ’արտայայտուին յուզումներու, ըմբռնումներու եւ գեղեցիկի երանգները, զորս ստացած կ’ըլլանք մանաւանդ մայրենի լեզուով: Միւս բոլոր լեզուները, որքան ալ տիրապետենք անոնց, պիտի չունենան խորքի երանգ երբ կ’արտայայտուինք, պիտի ըլլան տարբեր, ինչպէս վարձու սենեակը տարբեր է տան յարկէն:

            Այսօր քաղաքական հիմնախնդիր է հայերէնը իր հարազատութեամբ եւ հարստութեամբ փոխադրել մեր մէջ, եթէ կ’ուզենք մնալ ինքնուրոյն ազգ եւ ըլլալ շարունակութիւն:

            Անվարան պէտք է կրկնել. այս չընել պարտուածի եւ պարտուողի խուճապ է, որ կը տանի ինքնութեան կորուստի եւ օտարման:

            Ղեկավարութիւնները, Հայաստան եւ սփիւռք, եթէ չհասկնան այս տարրական իմաստութիւնը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը դառնան դաշնակից եւ ծառայ մեր բոլոր գոյնի թշնամիներուն:

Այս գիտակցութիւնը հասցնել եւ սրսկել իւրաքանչիւր հայածնունդի քաղաքական պարտականութիւն է, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր սահման պահող եւ զոհուելու պատրաստ զինուորի պարտականութենէն:

            Անվարան եւ կրկնութիւն համարուող անկեղծիք նախաձեռնութիւններով այս պէտք է ըսել առանց յոգնելու, հոն ուր հայ եւ հայեր կան:

            Այս ազգային փրկութեան նախաձեռնութիւն է: