Արցախի Իրաւունքներէն Հրաժարիլը Հաւասարազօր Է Նոր Դաւաճանութեան. Իշխան Սաղաթէլեան

Հայաստան

Արցախի իրաւունքներէն հրաժարիլը հաւասարազօր է նոր դաւաճանութեան: Այս մասին, Ազգային ժողովի յայտարարութիւններուն ժամուն ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ

Անցեալ շաբաթ լրացաւ Արցախի Հանրապետութեան 30-րդ յոբելեանը:

Արցախի Հանրապետութիւնը` թէկուզ վիրաւոր, թէկուզ խոցուած ու տարածքի մեծագոյն մասը կորսնցուցած, բայց գոյութիւն ունի, եւ, հակառակ Ազրպէյճանի պնդումներուն եւ ցանկութեան, ղարաբաղեան հիմնախնդիրը լուծուած չէ: Հիմնախնդրի լուծումը չեն ազդարարած ո՛չ բանակցային գործընթացը առաջնորդելու բացառիկ իրաւագիր ունեցող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւնները, ո՛չ ալ որեւէ միջազգային կազմակերպութիւն:

Եւ ահա այս պայմաններուն մէջ կը քննարկուի Հայաստանի ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազտումի եւ սահմանագծումի, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին համաձայնագրեր ստորագրելու հարցը:

Դատելով Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութենէն, դիրքորոշումներէն եւ իրենց գործունէութեան փաստացի արդիւնքներէն` կարելի է եզրակացնել, որ այս ճանապարհով երթալու պարագային մենք պիտի ունենանք նոր կորուստներ` ապաշրջափակման փոխարէն պիտի ունենանք աւելի խոր շրջափակում, սահմանազտումի եւ սահմանագծումի իբրեւ արդիւնք պիտի ունենանք տարածքային նոր կորուստներ, իսկ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու պարզունակ մտադրութեամբ վերջնականապէս պիտի կորսնցնենք Արցախը:

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նպատակը պարզ է եւ յստակ. անոնք կը փորձեն պատերազմով ձեռք բերած առաւելութիւնները ամրագրել տէ եուրէ` այդպիսով հարցականի տակ դնելով հայ ժողովուրդի` իր հայրենիքին մէջ ապրելու, զարգանալու, իր ինքնութիւնը պահելու եւ, առհասարակ, պետականութիւն ունենալու հարցը:

Նման պայմաններու մէջ, երբ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան կը փորձեն մեզի պարտադրել իրենց օրակարգը, երբ ակնյայտ յարձակողապաշտութիւն կ՝իրականացնեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ, անհանդուրժելի եւ անընդունելի է Հայաստանի իշխանութիւններուն վարքագիծը: Այսքանէն ետք՝ գործող իշխանութիւնը կը յայտարարէ Թուրքիայէն դրական ազդակներու մասին, Սիւնիքի հայկական տարածքները դաւադիր կերպով կը կոչէ ազրպէյճանական անուանումներով` տուրք տալով Պաքուի բռնապետի շնական պահանջներուն:

Փաստօրէն, թուրք-ազրպէյճանական ծաւալապաշտական քայլերու եւ գործողութիւններու իշխանական ընկալումը այդպիսին էր:

Մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան փոխարէն կառավարութեան ղեկավարը զբաղած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու` ինքնահռչակ եւ իրականութենէ կտրուած խաբկանքներով:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մենք դէմ չենք խաղաղութեան, խաղաղութեան ձգտումը մեր գլխաւոր նպատակներէն մէկն է, բայց տարածաշրջանային խաղաղութեան հաստատումը կ՝ենթադրէ երկկողմանի կամք ու ցանկութիւն, որ ազրպէյճանական կողմին ի սպառ կը բացակայի: Խաղաղութիւնը պէտք է նուաճուի, հակառակ պարագային թշնամիին կողմէ նուիրուած խաղաղութիւնը նոր կորուստներու, նոր հայրենազրկման, նոր դժբախտութիւններու բացայայտ թակարդ է:

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ յապաղումը, Արցախի իրաւունքներէն, արդար պայքարէն հրաժարումը հաւասարազօր է նոր դաւաճանութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը պարտաւոր է օր առաջ յստակ եւ առանց աճպարարութեան յայտարարելու Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական դիրքորոշումը ղարաբաղեան հիմնախնդրին վերաբերեալ, ի հարկէ, եթէ այլ թաքնուած նպատակներ չունի.

– Արցախի նկատմամբ ազրպէյճանական վերջին նախայարձակումը միջազգային հանրութեան կողմէ պէտք է որակուի իբրեւ յարձակողապաշտութիւն` այդ եզրոյթի ամբողջ իրաւաքաղաքական գնահատմամբ,

– արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրացման փաստին ճանաչումը այլընտրանք չունի,

– Ազրպէյճանի մէջ գտնուող բոլոր գերիներու անյապաղ վերադարձը, Հայաստանի տարածքին գտնուող ազրպէյճանական զօրքերու դուրս հանելը, պատերազմի մէջ միջազգային ահաբեկչական միաւորումներու մասնակցութեան վերաբերեալ միջազգային իրաւաքաղաքական գործընթացի մեկնարկումը, Արցախի հոգեւոր-մշակութային հարուստ ժառանգութեան պաշտպանութիւնը պէտք է միջազգայնանան` դառնալով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւն եւ միջազգային քննարկման առարկայ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու ծիրէն ներս բանակցային գործընթացի վերականգնումը կենսական անհրաժեշտութիւն է: Այս ծիրէն ներս Ազրպէյճանի հետ ուղիղ երկխօսութեան հերթական անհեռանկար փորձերը կրնան հարուածել բանակցային գործընթացի մեկնարկին` միջնորդ համանախագահութեան ծիրէն ներս:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Արցախի ճակատագիրը կանխորոշուած չէ, Արցախի ճակատագիրը կախուած չէ (ինչպէս կը փորձեն ձեզի համոզել) միայն գերտէրութիւններու կամքէն կամ ալ մէկ պաշտօնեայի քմահաճոյքէն, Արցախի եւ, ընդհանրապէս, հայ ժողովուրդի ճակատագիրը մեր ձեռքերուն մէջ է: Բոլորը թող գիտնան` Արցախը մեր ժառանգութիւնն է, մեր անվտանգութիւնը, մեր անկախութիւնը, մեր ապրելու եւ ապրեցնելու բնական իրաւունքը, Արցախը մեր հողն ու ջուրն է, արիւնը, մեր ինքնութիւնը:

Շուշին, Հատրութը եւ Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ ամրագրուած միւս շրջանները միմիայն ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած են թշնամիին կողմէ»,- ըսուած է յայտարութեան մէջ։