Նախ՝ Պէտք է «Մեծնանք» (Գէորգ Պետիկեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նորութիւն մը չէ: Տակաւին աշխարհը կը մնայ իր խառնակ վիճակով: Թէ՛ հետաքրքիր ու թէ վախազդու: Անոր համար մարդիկ շուարած են: Շուարած ենք նաեւ մենք՝ հայերս ալ: Սփիւռք թէ Հայաստան՝ անօրինակ վիճակ: Տեսանելի է: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մեր «վէրքը» խորն է: Ամէն հարց եւ լուծում կը կարծեմ, որ «մեր գլուխէն աւելի վեր է»: Չենք տեսներ, որ այս ընթացքով վաղուան մեր ինքնութիւնը կամաց-կամաց պիտի սկսի մաշիլ։ Ահա հայու մեր տխրութիւնը: Յստակ է, թէ արդար լուծում մը որոնելու համար, ոեւէ մէկը չ’ուզեր իր մատը դնել օրերու բազկերակին վրայ: Բոլորն ալ մանր-մունր ցանկութիւններ ունին: Անզուսպ: Նաեւ չենք անդրադառնար, որ աշխարհի վրայ երկար ատենէ ի վեր արժէքները փոխուած են: Խաղաղութիւն, պատերազմ, արդարութիւն, տնտեսութիւն, հաճոյք, ձեւականութիւն եւ աւանդութիւն, իրար շաղախուած են: Նոյնպէս, չարն ու բարին…:

Նոյնը՝ մեր մօտ: Անորոշ վիճակ: Քաոս: Չենք գիտակցիր, որ գրեթէ տարի մը առաջ, հազա-րաւոր կորուստներ ունեցած էինք: «Տուած» էինք մեզի համար անթիւ եւ անհամար զոհեր: Կորսնցուցած էինք երիտասարդ կեանքեր, հայրենի հողերու մեծ տարածութիւններու կողքին: Բայց տակաւին յամառօրէն, հակառակ ազգային այս մեծ ողբերգութիւններուն, կը շարունակենք մեր «ես»ը առաջ քշել: Տանիլ: Չենք կրցած մեր պատրանքը տարանջատել իրականութենէն։ Այո՛, պարտուած ենք եւ կը հեւանք ու կարծես ամէն օր կը սպասենք, որ դուրսէն «մէկը» գալով, եւ մեր ձեռքէն բռնելով, մեզի վեր պիտի հանէ մեր ցեխոտ եւ նոյնքան ալ ամօթալի այս իրավիճակէն: Տկարամտութիւն: Տեսակ մը՝ վախկոտութիւն:

Տեսնուած է, որ ամէն տեղ եւ ամէն առիթով մենք միայն կը խօսինք: Յաճախ լոզունգներով կ՛արտայայտուինք: Զիրար կ’այպանենք: Կը պոռանք: Կը կանչենք: Ցաւի աշխարհ դարձած է, մեր այս ապրած աշխարհը: Անոր համար բոլորս ալ կ’ապրինք սովորական: Կարծես նաեւ մոռցած ենք ամէն ազնիւ «բան»: Ու կը սպասենք, որ քիչ ետք, հիւսիսէն կամ հարաւէն, արեւելքէն կամ արեւմուտքէն «մէկը» պիտի գայ եւ մեզ փրկէ պիտի…: Վրաս գրէ…: Դարձեալ ինքնախաբէութիւն:

Բայց մենք այսպէ՛ս չէինք: Արդեօ՞ք այսպէս էինք, եւ չէինք գիտեր:

Ամէն առիթով ըսած եւ կրկնած եմ, թէ անձնապէս քաղաքական վերլուծումներ կատարող մը չեմ: Նոյնիսկ չեմ գիտեր, որքանով բան մը պիտի կարենան փոխել այս տողերը: Բայց գիտեմ, որ հայ մարդուն բոլոր խուլ ցաւերուն ծանօթ մըն եմ: Գրեթէ անոնց միացած: Այս բոլորը ապշեցուցիչ երեւոյթ մըն է, որ նոյնքան կը խանգարէ ժամերուս վազքն ու ընթացքը:

Մարդկութիւնը այլափոխուած է, կ’ըսենք եւ միշտ ալ կ’արդարանանք ու մեր բոլոր թերութիւնները «անոր» վրայ կը նետենք: Սակայն եւ այնպէս քաջութիւնը չունինք ըսելու, որ մենք՝ որ այս նոյն մարդկութեան մաս կը կազմենք, մե՛նք ալ, մեր կարգին շատ փոխուած ենք: Չենք տեսներ, որ հոս-հոն մարդիկ յոգնած են սուտերէն, կեղծիքէն: Նախանձի կրակը կերած է հայ մարդոց ուղեղները: Բայց, կարծես նոյն այդ մարդիկը «կ’ախորժին» այս եւ նման կենցաղէն: Կարծես իրենց մօտ սովորական «բան» մըն է հոսանքէն քշուիլ, յաճախ անգիտակից ապրիլ, կեանքի օրերը համրելով պարզապէս գոյատեւել:

Ազգովին դարձած ենք վիպական, անհեռատես եւ երբեմն ալ՝ միամիտ։ Պղտորած է մեր հայ կեանքի հոսքը, որովհետեւ ուրախութիւնը կէս ճամբան մնացած է: Ամէն առիթով յիշեցուցած ենք, թէ մեր երազները ցնդած ու անյետացած են: Իրողութիւնները՝ արձանացած: Մէկ խօսքով, անծրագիր օրերու շարանն է մեզ առաջնորդողը: Ճշմարտութիւն ըսուածը կորսուած է եւ դարձած է անլսելի ու անարձագանգ: Օրուան անիմաստ ու անձնասէր մտահոգութիւն-ները գողցած են մեր ուրախութիւնը: Յստակօրէն, ընկերային կեանքի մրրիկ: Իրարու հանդէպ գործածած մեր բառերը, այլեւս ջերմութիւն չունին: Ահռելի է վաղուան մեր անստուգութիւնը: Ուղղակի ողբերգութեան տանող մթնոլորտ: Հոս-հոն դարձեալ անգոյն, գունաւոր եւ անվայել անցուդարձեր: Կարծես արդէն կեանքը մեզ հրած է դէպի իր հիասթափութեան խորշոմները: Անոր համար է, որ իբրեւ գիտակից ու մտահոգ հայեր, յուսախաբ եւ տխրութեամբ, ամէն օր իրարու հարց կու տանք.-

-Ե՞րբ պիտի «մեծնանք»

Այս կը նշանակէ, թէ մենք, մեր ժամանակի գիտակցութեան կողքին, նաեւ կորսնցուցած ենք ազգային մեր գիտակցութիւնն ալ: Ու եթէ մենք մեզի հարց տանք, թէ ի՞նչ ըսել է ունենալ ժամանակի գիտակցութիւն ու նաեւ ի՞նչ կը նշանակէ ազգային գիտակցութիւն…չեմ գիտեր ի՞նչ պատասխան պիտի ստանամ: Անկասկած, մեզմէ շատեր տակաւին անտեղեակ ալ են:

Ազգային գիտակցութիւնը «տոլար» չէ, որ նստած կրնաս շահիլ: Պարզեմ: Սա կը նշանակէ գիտակցիլ այն կապերու մասին, որոնք մեզ իբրեւ անհատ կը կապեն ազգային հաւաքականութեան հետ: Նաեւ կը նշանակէ գիտակցիլ այդ հաւաքականութեան շահերուն, կարիքներուն, իրաւունքներուն պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն:

Արդ, նաեւ աւելցնեմ, որ թէեւ այսօր յաջողութիւնը մեզի չէ ժպտած, բայց, փառք Աստուծոյ, կը յարատեւենք, որովհետեւ եւ ամէն տեղ սրտցաւ եւ խելացի հայ մարդիկ շատ ունինք: Չեն պակսիր: Անոնցմով կարելի է ապահովել հայրենի եւ Սփիւռքի մեր կեանքերու կենսունակութիւնը։
Ճիշդ է, որ Արցախեան վերջին 44-օրեայ պատերազմը սահմանեց մեր մտածումները, նաեւ  խլելով մեր հողերն ու երիտասարդներու կեանքերը եւ շատերուս մօտ անվերադարձ յոյսեր ալ սերմանեց, բայց երբեք չկարողացաւ մեզմէ խլել հայու մեր ոգին ու կամքը:

Ամէն անգամ յիշեցուցած ենք, թէ հպարտ ենք, որ գիտակից նոր սերունդ մը ունինք: Պէտք է անոր մօտենալ: Պէտք է անոր հետ միասին մտածել, թէ ինչպէ՞ս պիտի վերաշինենք մեր նոր կեանքը, այսքան հոգեկան, ֆիզիքական եւ նիւթական ու յատկապէս ազգային մեր նկարագրի ահաւոր կորուստներէն ետք: Կան մարդիկ, որոնք կրնան ճոխացնել վաղուան յոյսը, անկեղծ եւ արդար: Պայման է, որ մօտենանք անոնց: Փնտռտուքներու մեր կարկինները լայն բանալ՝ անկեղծ եւ նոյնքան ալ արդարօրէն: Անոնց խորհուրդէն օգտուիլն է կենսականը: Յստակ է, թէ արդէն մեր մօտ մեր ներուժը համախմբելու եւ մէկտեղելու խնդիր ունինք: Բայց մոռցած ենք, որ մենք իրարմէ է, որ մեր ուժը կ’առնենք։ Վկայ՝ մեր դարաւոր պատմութիւնը:

Ժամանակն է, նոյնիսկ ուշացած ենք, մեր միտքերը նորոգելու: Մտածելակերպի եւ գործնական կերպերու յատուկ նոր զարթօնքի կարիքը ունինք: Մէկ խօսքով՝ «վերանորոգում»: Ուստի մեզի կը մնայ կեանքի մռայլ հրապարակներու էական «կէտերուն» վրայ, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել: Մեր կեանքը իմաստաւորող հոգեկան կապը պահենք: Հաստատապէս մեզի համար հարկաւոր է Սփիւռքի եւ Հայաստանի կապի ամրապնդումը:

Է՛հ…վերջապէս պէտք է նաեւ գիտնանք, որ ժողովուրդը ի՛նք տէրը պէտք է, որ ըլլայ իր ճակատագրին եւ ո՛չ իշխանը: Կը հաւատամ, որ օր մը ներկայ այս աղմուկին մէջէն պիտի շարժին շինարար միտքեր, ձեռքեր, նոր եւ արդիական ծրագիրներով պիտի կառուցեն նոր Սփիւռքներն ու նոր Հայաստանը: Իսկ եթէ այս բոլորին իսկապէս կը հաւատանք, ուստի ճամբայ բանանք մեր այս «երկուորներուն»: Եւ որպէսզի վերջապէս ունենանք նոր ժամանակներու նոր հայութիւնը, ազգովին մեր «մեծնալը» նախապայման է:

Հասկցողներուն՝ շատ բարեւներ:

bedig43@aol.com