Հայաստանը՝ «Խաղաղութեան Մարտիկ» Միջազգային Մրցոյթի Յաղթող

Աշխարհ, Հայաստան

Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանին մէջ, Սեպտեմբեր 1-ին, տեղի ունեցած է «Խաղաղութեան մարտիկ» միջազգային մրցոյթի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանը, ՊՆ եւ ԶՈՒ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ՀՀ-ի մէջ հաւատարմագրուած դիվանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ եւ ռազմական կցորդներ:

Բոլոր մրցաձեւերուն արդիւնքները համադրելէ ետք՝ մրցավարական յանձնաժողովին որոշումով՝ «Խաղաղութեան մարտիկ» միջազգային մրցոյթին անհատական հաշուարկով կին զինծառայողներուն մէջ լաւագոյնը Ղազախստանի մասնակիցն է՝ աւագ սերժանտ Դոլգին Պագիժանովան: Երկրորդ տեղը ՀՀ զինուած ուժերու խումբէն աւագ լեյթենանթ Արմինէ Գրիգորեանն է: Երրորդը ՌԴ խումբէն լեյթենանթ Ալեքսանտրա Ախտուլովան է: Տղամարդոց անհատական պայքարին մէջ յաղթող ճանչցուած է Հայաստանի խումբէն աւագ լեյթենանթ Հայկ Յակոբեանը: Մրցանակային երկրորդ տեղը նոյնպէս Հայաստանինն է՝ աւագ լեյթենանթ Յարութիւն Եախանեան: Երրորդ տեղը Ռուսիոյ մասնակիցն է՝ սերժանտ Անտրէյ Վետենսգին:

«Խաղաղութեան մարտիկ-2021» մրցոյթին յաղթող ճանչցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու հաւաքական խումբը՝ տանելով վստահ եւ վաստակած յաղթանակ:

Բոլոր մրցանակակիրները պարգեւատրուած են բաժակներով, մետալներով եւ թանկարժէք նուէրներով: Հանդիսութիւնը եզրափակուած է ՀՀ զինուած ուժերու երգի ու պարի խումբի կատարումներով: