Իմ Հայաստանը Ես Կորսնցուցի եւ Հիմա Կ՝ապրիմ Հոգեպէս Պարտուած եւ Թշնամիին Տրուած Քու Հայաստանիդ Մէջ. (Դ. Վանեան)

Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հրապարակախօս, քաղաքագէտ Դաւիթ Վանեան կը գրէ.

«Երկու Հայաստան կայ՝ իմս եւ քուկդ։ Իմ Հայաստանը առնական է, ժայռ է ու քարափ, տղամարդ է, առիւծ է՝ ատամները սուր, որսով հագեցած, ինքնաբաւ ու յաղթանակող։ Իմ Հայաստանի համար պարտութիւնը յաղթանակի սկիզբն է, նահատակներու արիւնը սուրբ է, անունն ու սխրանքը՝ յաւերժ գովելի։

Իմ Հայաստանը ես կորսնցուցի ու հիմա կ՝ապրիմ՝ հոգեպէս պարտուած, պառկած ու թշնամիին տրուած քու Հայաստանիդ մէջ։ Քու Հայաստանիդ մէջ հողդ կը գրաւեն, Հարաւդ կը կտրեն քեզմէ, դուն քէֆ կ՝ընես ու հեշտաբորբոք կենացներ կ՝ըսես պանդոկներու մէջ։ Հիմա ալ կ՝երազես առեւտուր սկսիլ քո դարաւոր թշնամիիդ հետ ու դրամ վաստակիլ՝ երջանիկ ըլլալու համար։

Իմ Հայաստանիս մէջ ազատամարտիկները սունկի պէս կը բազմանային ու ջոկատ առ ջոկատ կը մեկնէին ռազմաճակատ։ Քու Հայաստանիդ մէջ Արցախը արդէն տուած ես ու օտարը կը պահէ անոր սահմանները։

Իմ Հայաստանն ալ անթերի չէր, սակայն, գրեթէ անթերի էր Հայ տեսակը։ Քու Հայաստանիդ մէջ այդ տեսակը վերացուցին, ու հիմա կը նայիմ ղժժացող քու Հայաստանիդ բնակիչներուն ու, կը սարսռամ»։