Նշմարներ.- Ինչո՞ւ Չէք Տեսներ «Դրական Նշաններ»-ը… (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կատակի պէս բան մը. Հայաստանի մէջ շշուկներ շրջան կ’ընեն (եղեր), որ Արարատ Միրզոեանը պիտի ըլլայ ամէնէն կարճատեւ արտաքին գործոց նախարարը:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ան Երկուշաբթի, 30 Օգոստոսին, յականէ-անուանէ եւ հրապարակաւ հերքեց վարչապետին այն հաւաստիքը, թէ «Թուրքիայէն դրական նշաններ կան» եւ թէ՝ «Հայաստան պատրաստ է դրական քայլերով փոխադարձելու»: Ա. Միրզոյեան, առանց բառերը ծամծմելու, յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ Հայաստանի դէմ թշնամական գիծը, գերիներն ու պատանդները չի վերադարձներ, բանտարկութեան կը դատապարտէ գերի ինկած հայեր: Ան այս բոլորը յանձնեց միջազգային հանրային կարծիքին ու Հայաստանի աղերսակից երկիրներու ուշադրութեան: Ողջունելի կեցուածք մը անկասկած (որ, յամենայնդէպս աննախընթաց չէ արտաքին գործոց նախարարութեան պատուհանէն):

Յիշեալ (կատակասէրներու) շշուկներուն համաձայն, Փաշինեան զայրացած է Միրզոյեանի այս խօսքերէն, հեռաձայներ է եւ սպնառնացեր է զայն անցընելու Մնացականեանի եւ Այվազեանի ցանկին՝ իր բարի տրամադրութիւններուն հակասող կեցուածք ցուցաբերելուն համար: Միրզոյեանն ալ չքմեղանքի դիմեր է ըսելով. «Ի՞նչ կրնայի ընել. Երկուշաբթին անհետ կորսուածներու յիշատակման միջազգային օր էր՝ Մ.Ա.Կ.-ի հռչակած օրը: Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութեան ղեկավարը նման դատապարտանքով հրապարակ եկաւ, խորհրդարանին մէջ աթոռս գրաւողն ալ գերիներու եւ անհետ կորսուածներու ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն հետ ժողով գումարեց: Ի վերջոյ, ես ալ պէտք է բան մը ընէի…»: Ոմանք կը փսփսան, թէ Միրզոյեան նաեւ բացատրած է, թէ ինք Թուրքիոյ դէմ չէ խօսած, այլ՝ Ատրպէյճանի…

***

Իրենց քաղաքական մտածողութիւնն ու իրականութիւնը ճիշդ ձեւով տեսնելու ունակութիւնը չկորսնցուցածներ (նաեւ անկէ կամովին չհրաժարողներ) անգամ մը եւս յիշեցուցեր են, որ Ատրպէյճանը վաղո՜ւց մէկ մասնիկն է Թուրքիոյ, իսկ 44-օրեայ պատերազմը եկաւ այս իրականութիւնը ծածկող՝ թզենիի վերջին տերեւն ալ այրելու: Հակառակ այս ճշմարտութեան, Հայաստանի մէջ եւ անդին՝ կան մտածողներ, թէ Թուրքիան «դրական նշաններ» կ’ուղղէ Հայաստանին, որպէսզի յարաբերութիւնները բարելաւուին եւ դիւանագիտական, առեւտրական ու տնտեսական կապեր հաստատուին-զարգանան:

Թուրքիոյ (եւ անոր Ատրպէյճան կոչուած պոչիկին) նորագոյն «դրական նշաններ»էն են հետեւեալները.

  • Սիւնիքի ճամբաներուն փակումն ու բացումը. ճամբաներուն վերաբացումէն առաջ, Փաշինեան հաւաստեց, որ վերաբացումը բարի տրամադրութեան արտայայտութիւն պիտի ըլլայ: Անոնք վաղն ալ կրնան փակել-բանալ որեւէ ճամբայ(*):
  • Ազերիները Սոթքի եւ մօտակայ այլ շրջաններու մէջ դիտումնաւոր կերպով հրդեհներ յառաջացուցած են: Սահմանային գիւղեր եւ քաղաքներ իբրեւ ընկալեալ սովորութիւն սկսած են ընդունիլ հրացանաձգութիւնը, արձակազինութիւնը, գողութիւնները…
  • Քանի մը տեղէ Հայաստան ներթափանցումն ու ամրանալը դրական ուրիշ նշան են:
  • Արցախի մէջ հայկական կոթողներու եւ հետքերու քանդում-ջնջո՞ւմը… (Մարդիկը կ’ուզեն «դժբախտ ու տժգոյն Շուշի»-ն երջանկացնել):
  • Դրական նշանները սկսած էին ցոյց տրուիլ աւելի քան տարի մը առաջ (նախընթացները պահ մը «հիներու շրջան»-ին վերագրենք), Տաւուշի վրայ յարձակումով: Յետոյ, մեծագոյն դրական նշանները տրուեցան 44-օրեայ պատերազմին, երբ հայապատկան ընդարձակ հողեր գրաւուեցան, մահ ու աւեր սփռուեցաւ, աւազակ-ահաբեկիչներ պատերազմի բերուեցան, արգիլեալ զէնքեր գործածուեցան առատօրէն (ցոյց տալու համար, թէ որքա՜ն դրական են թրքական տրամադրութիւնները): Այլ խօսքով, վերջին քանի մը օրերու դրական նշանները պէտք չէ երախտամոռ ընեն հայկական կողմը եւ մոռացութեան մատնեն մօտիկ անցեալի «բարիքները»:
  • Եթէ կարկինը քիչ մը աւելի լայն բանանք, կրնանք Թուրքիոյ «դրական նշաններ»-ը տեսնել (եթէ ուզենք վերջ դնել ջայլամի վարքագիծին) նա՛եւ մինչեւ Կիպրոս, Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Ծոցի երկիրներ եւ… Աֆղանիստան տարածուող գօտիին մէջ:

***

Էրտողան դարձեալ բարի տրամադրութիւն ցուցաբերած է Օգոստոսի վերջին շաբաթավերջին. Յայտարարեր է, որ պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու, սակայն «քաղաքավար» կերպով պայմաններ դրած է (Փաշինեան աւելի՛ դրական տրամադրուած էր, ի՜նչ խօսք, եւ նախապայմաններ չէր դրած): Ան, դիւանագիտական բառամթերք գործածելով (եթէ նման բառամթերք հասկցող կայ Հայաստանի իշխանութեան եւ անոր «տեսութիւններ»-ով հմայուողներուն մէջ), վերահաստատած է հետեւեալ նախապայմանները. Ա.- Երկիրներու հողային տարածքներու ամբողջականութեան ճանաչում (սա՝ թուրքեւազերի «բառբար»ով կը նշանակէ Արցախը ընդունիլ իբրեւ Ազրպէյճանի մէկ մասը, ընդունիլ, որ «Արցախի հարցը լուծուած է» 44-օրեայ պատերազմին ճամբով, եւ այլն), Բ.- Նոր դարաշրջանը դիտել՝ թշնամական նկատառումներէն հրաժարելով (սա կը նշանակէ մոռացութեան մատնել Ցեղասպանութիւնն ու անկէ բխող մեր արդար պահանջները), Գ.- Շրջանին մէջ ճամբաները վերաբանալ եւ լծուիլ տնտեսական զարգացումի (այս ալ կը նշանակէ իյնալ թրքական-ազերիական իրողապէս աւելի մեծ կարողականութեամբ օժտուած տնտեսական ոլորապտոյտին մէջ՝ իր բոլոր հետեւանքներով):

Նման տրամաբանութիւն ի զօրու էր Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ, նոյնը՝ անցեալ երեք տասնամեակներուն, մասնաւորաբար տխրահռչակ փրոթոգոլներու օրերուն (որոնք, յետ երկար ու բուռն պայքարի՝ մերժուեցան հայ ժողովուրդին կողմէ…): Ընթերցողիս կը մնայ հետեւցնել, թէ ինչպիսի՜ բարեշրջում տեղի ունեցած է Հայաստանի իշխանութեան վարիչներուն տեսողութեան եւ տրամաբանութեան մէջ, որ անվիճելօրէն մերժելին ու դատապարտելին հիմա մեզի կը հրամցուին իբրեւ «դրական նշաններ»:

***

…Առիթով մը, ամիսներ առաջ, արձանագրած էինք, որ Հայաստան մտած է պատմական նոր փուլ մը, ուր պէտք է վերատեսութեան ենթարկել մեր պատմութեան ու աշխարհագրութեան մասին բոլոր գիտելիքները, դարաւոր թշնամիին հանդէպ (ան)արդար կեցուածքը եւ տոգորուինք թուրքին ու ազերիին հետ եղբայրական, գործակցական զգացումներով: Անկէ ասդին, սահեցան ամիսներ. Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ամէն օր «դրական նշաններով» հարստացուցին մեր յարաբերութիւնները:

Ու պէ՞տք է զարմանալ, երբ նման բարի նշաններ տեսնող ՔՊ-ական պատգամաւոր մը խորհրդարանի բեմէն կը յայտարարէ, թէ ընդդիմադիր պատգամաւոր մը ինչո՞ւ ոճրագործ ու դատապարտելի կը նկատէ Էրտողանը, երբ կայ… անմեղութեան կանխավարկածը: Թուրքիոյ նոյնիմաստ տրամաբանութեան արդիւնքը չէ՞ր Թալէաթի, Էնվէրի եւ միգւս ցեղասպաններուն հերոսացումը, Ատրպէյճանի մէջ՝ Սաֆարովի մը հերոսի պատուանդանին բարձացումը (զարմանալին այն է, որ հայ զանգուածը անկարող է Փաշինեանի պէս «ռահվիրայի» մը տեսածները տեսնելու, կը մերժէ մուտք գործել 21-րդ դարու երրորդ տասնամեակը…: Փաշինեան «փրկիչը» ե՞րբ պիտի բանայ բոլորիս աչքերը):

(*) Ծանօթ խօսք է, չէ՞. «Եթէ Աստուած ուզէ աղքատը ուրախացնել, օր մը անոր էշը կորսնցնել կու տայ, յաջորդ օրն ալ կ’օգնէ որ վերագտնէ»: