ՀՅԴ Բիւրոյի Որոշումով Հայ Դատի Համակարգին Մէջ Իր Գործունէութիւնը Կը Սկսի ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի Գրասենեակը

Հայաստան, Սփիւռք

Հաշուի առնելով 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական, անվտանգային եւ բարոյահոգեբանական մարտահրաւէրները՝ ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի կազմին մէջ իր գործունէութիւնը կը սկսի ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակը։

Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի հիմնադրումը յստակ քաղաքական ուղերձ է առ այն, որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, պատերազմի հետեւանքներու վերացումն ու Արցախի վերականգնումը կը շարունակեն ըլլալ ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան առանցքային խնդիրներն ու քաղաքական առաջնահերթութիւնները։

Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի հիմնադրման եւ Արցախի Հանրապետութեան օրուան յոբելեանին առթիւ, Սեպտեմբեր 2-ին ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը նախատեսէ Ստեփանակերտի մէջ իրականացնել պաշտօնական ընդունելութիւն, ուր պիտի ներկայացուին Ղարաբաղեան հիմնախնդրի ներկայ հանգրուանին մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի քաղաքական առաջնահերթութիւնները եւ նորահաստատ գրասենեակի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները։

Պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին, նաեւ կը նախատեսուի դեռ 2019թ․ մեր կողմէ հիմնադրուած Արցախի բարեկամներու միջազգային ցանցի անդամ հանդիսացող օտարերկրեայ բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներու ուղերձներու ցուցադրութիւն։

Պաշտօնական ընդունելութեան իրականացման վայրն է քաղաք Ստեփանակերտ, Ազատամարտիկներու 26, «Եւրոպա» հիւրանոցի նախասրահ, սկիզբը՝ ժամը 12։00։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
31.08․2021 
թ.