Հայկական Զինուժը Առնուազն 66 Զոհ Ունի Նոյեմբեր 11-էն Ի Վեր. Ռազմինֆո

Հայաստան

2020թ․ Նոյեմբեր 11-էն՝ հրադադարի մասին ՀՀ, ՌԴ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան ուժի մէջ մտնելէն մինչ օրս, հայկական բանակին մէջ արձանագրուած է առնուազն 66 զինծառայողի (կամաւորականի) պահեստազօրայինի մահ։

Անոնցմէ 24-ը մարտական կորուստներն են, զոհուած են այնպիսի միջադէպերու ժամանակ, ինչպիսիք են Խծաբերդ-Հին Թաղերու վրայ ազրպէյճանական յարձակումը, Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ շրջափակուած հայ զինծառայողներու սպանութիւնները, 2021 Մայիս-Յուլիսին սահմանային բախումները, ինչպէս նաեւ ականի պայթիւնները։

Միաժամանակ արձանագրուած է 42 ոչ մարտական կորուստ, ինչպէս՝ անձնասպանութիւններ, մահեր հիւանդութիւններէ, ինքնաշարժի արկածներէ, սպանութիւններէ եւ զէնքի հետ վարուելու կանոնների խախտումներէ։

Նոյեմբեր 10-էն սկսեալ Ազրպէյճանը, խախտելով եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորուածութիւնները, ոչ միայն չէ վերադարձուցած գերեվարուած բոլոր հայ զինծառայողներուն եւ քաղաքացիականներուն, այլեւ շարունակած է նոր գերիներ վերցնել, որոնց թիւը կը հասնի 85-ի։ Մեր դիտարկումներով՝ այս պահուն վերադարձուած է Նոյեմբեր 10-էն ետք գերեվարուած առնուազն 30 անձ, որոնցմէ 15-ը ականապատ դաշտերու քարտեզներու դիմաց։

Նոյն ժամանակահատուածին անհետ կորած է 3 զինծառայող։ Անոնցմէ մէկը՝ ժամկէտային զինծառայող Նորիկ Մկրտչեանը, Մայիս 18-ին ինքնակամ լքած էր Վարդենիսի զօրամասը։ Անոր գտնելու մասին տեղեկութիւն դեռ չկայ։ Իսկ Յուլիս 14-ին Սիւնիքի Սեւ լճի հատուածին մէջ կորսուած էր կապը զինծառայողներ Ա․ Նալբանդեանի եւ Ա. Տոռոզեանի հետ։ Մինչ օրս անոնք չեն յայտնաբերուած, ՊՆ-ն չէ բացառած անոնց գերեվարումը ազրպէյճանցիներու կողմէ։ Զինծառայողները եղած են առանց զէնքի։

Razm.info-ն զոհերու տուեալները հաւաքելու ընթացքին կ՝օգտուի ինչպէս բաց աղբիւրներէ (ՀՀ ՊՆ, Արցախի ՊԲ, ՔԿ, հասարակական ցանցեր), այնպէս ալ դատախազութիւն ուղարկուող գրաւոր հարցումներէն։ Այս պահուն մենք կը տիրապետենք մինչեւ Յունիս արձանագրուած կորուստներու մասին դատախազութեան տրամադրած տուեալներուն, Յունիս եւ Յուլիս ամիսներու տուեալները ստանալու պարագային կը թարմացնենք ամփոփումը։