Սահմանամերձ Որոտան. – Նոր Իրականութիւն

Հայաստան

Լուսանկարներ՝ ՀԵՏՔ-ի

«Հայրենիք»

Գորիսի սահմանամերձ շրջանի Որոտան գիւղին մէջ, բնակիչները կը փորձեն զբաղուիլ առօրեայ գործերով:
Գորիս քաղաքին մէջ ապրող Պետրոսեաններու ընտանիքը ժամանած է Որոտան՝ իր ամառանոցին թութի ծառերը թափ տալու: Անոնք հաւաքուած թութի մասը կը ճաշակեն եւ մնացածն ալ կ՛օգտագործեն օղի թորելու համար:
Անոնց այգին կը գտնուի Գորիս-Որոտան ճանապարհի անմիջական հարեւանութեամբ: Այդ ճանապարհի 3,6 քիլոմեթրը կ՛անցնի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքով: Այդ միեւնոյն Ճանապարհին վրայ, ատրպէյճանական հենակէտէն 1,2 քիլոմեթրի վրայ կը գտնուի Որոտանի «Տաթեւ» ջրվէժը:
Որոտանի վարչական տարածքի մէկ մասը պատերազմէն ետք, GPS-ով կատարուած ճշգրտումներու արդիւնք, անցած է թշնամիին իշխանութեան տակ: Այսօր, իրարմէ միայն քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ տեղադրուած են եւ կը ծածանին երկու հակամարտող կողմերու դրօշները:
Գիւղացիները կը բողոքեն, որ անասունները պարբերաբար բնազդով կ՛արածեն տարածքներու մէջ, որոնք այսօր դժբախտաբար կը գտնուին թշնամիին վերահսկողութեան տակ:
Այսպէս, Սիւնիքի մարզին մէջ դէպքեր սկսած են ըլլալ, որ ատրպէյճանցիները յայտնուին Հայաստանի սահմանի մօտ: Օրին մտահոգուելու պատճառ չկայ, յայտնած էր պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանը, որ խորհուրդ տուած էր սիւնեցիներուն նման պարագաներուն ահազանգել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան թէժ գիծին…: «Ցանկացած միջադէպ էլ կարող է լինել` սկսած անասունի գողութիւնից, աւարտած մարդու առեւանգումից: Այս ամէն ինչը, գիտէք, դեռ սկիզբն է, ոչինչ միանշանակ չի կարելի ասել` անվտանգ, որովհետեւ լարուած են, արդէն այսօրուանից ամբողջովին թուրքերի շարժը երեւում է: Բնական է, որ մարդկանց մէջ լարուածութիւն է էլի: Ինքնիշխանութեան կորուստն այն ժամանակ է լինում, երբ որ անվտանգութիւնն ապահովուած չի, իսկ եթէ քայլերը, որոնք ամրապնդում են անվտանգութիւնը, հակառակը` ամրապնդում են եւ պետութեան անկախութիւնը, եւ ինքնիշխանութիւնը», ըսած էր ան:
Սիւնիքի շարք մը համայնքներէն տարածքներ յանձնուելէ ետք Ատրպէյճանին, Կապանը դարձած է սահմանապահ։ Գորիս-Կապան 21 քիլոմեթր հեռաւորութիւն ունեցող ճանապարհահատուածը կը վերահսկեն հայ, ռուս, ատրպէյճանցի սահմանապահները։
Նախապէս ալ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը սիւնեցիներուն յորդորած էր անցանկալի միջադէպերէն խուսափելու նպատակով ցուցաբերել անհրաժեշտ զգօնութիւն, իսկ հնարաւոր խնդիրներու ու հարցերու պարագային կապ հաստատել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու թէժ գիծի հեռախօսահամարով:
Միանշանակ կարելի չէ ըսել` անվտանգ է, ատրպէյճանցիներու հետ խնդիրներ դեռ շատ կը ծագին: Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան թէժ գիծին ալ, ցաւօք, զանգեր դեռ կ’ըլլան: