Հայկ Մարտիրոսեան Կը Շարունակէ Յաջող Ելոյթներ Ունենալ Աշխարհի Բաժակի Խաղարկութեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի ճատրակի տղամարդկանց խումբի անդամ Հայկ Մարտիրոսեան կը շարունակէ յաջող ելոյթներ ունենալ աշխարհի բաժակի խաղարկութեան:

Սոչի քաղաքին մէջ ընթացող բաժակի խաղարկութեան 4-րդ շրջանին՝ Մարտիրոսեանը կը մրցէր խորուաթ Անդէ Պրիչի հետ: Հայ շախմատիստը կը խաղար սեւ խաղաքարերով եւ խաղի 42-րդ քայլին գրոսմայստըրները համաձայնեցան հաւասար արդիւնքի վրայ: Մարտիրոսեանը հասաւ ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան 1/8 եզրափակիչ: Յաջորդիւ անոր մրցակիցը Իրանի Ամին Դապադանայէն է:

Պայքարէն դուրս մնացին Գաբրիէլ Սարգսեան, Շանթ Սարգսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Էլինա Դանիէլեան: Իսկ աւելի շուտ յայտնի դարձած էր, որ գրոսմայստըր Լեւոն Արոնեան առհասարակ չի մասնակցիր աշխարհի բաժակի խաղարկութեան՝ առողջական խնդիրներու պատճառով: Արոնեան աշխարհի գործող բաժակակիրն է:

Ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութիւնը այս տարի կ՝իրականացուի Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ: Տղամարդոց մրցաշարին կը մասնակցին 206, իսկ կանանց մրցաշարին՝ 103 մասնակից: Անիկա պիտի եզրափակուի Օգոստոս 6-ին: